ԱՄՆ դատաւորը ​մերժած է Ազրպէյճանցի փաստաբանին դատը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին և ուրիշներու դէմ

ԱՄՆ դատաւորը ​մերժած է Ազրպէյճանցի փաստաբանին դատը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին և ուրիշներու դէմ

Յարութ Սասունեան

http://www.TheCaliforniaCourier.com

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ 14 ապրիլ 2025-ին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային/շրջանային դատարանը մերժած է 500 միլիոն տոլարի դատը, զոր ներկայացուցած է Լակունա Պիչի մէջ բնակող ազրպէյճանցի փաստաբան Այնուր Պաղիրզատէն` ընդդէմ Հայ դատի յանձնախումբին եւ 29 ուրիշներու:

Պաղիրզատէն իր 198 էջերէ բաղկացած դատական դիմումին մէջ «անհիմն մեղադրանքներ ներկայացուցած է», յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբը: «Դատարանը մերժած է հայցուորին (Պաղիրզատէի) երրորդ փոփոխուած բողոքը` մերժելով այդ դատը, չընդունելով մնացեալ միջնորդութիւնները՝ իբրեւ վիճելի, իսկ գործը  փակուած յայտարարելով»: Աւելի ուշ ան «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ մտադիր է բողոքարկել որոշումը:

Հայ դատի յանձնախումբը նշեց, որ ամիսներ շարունակ Պաղիրզատէն զբաղած էր «ընկերային ցանցերուն վրայ հրահրող գրառումներու երկար շարանով»` Հայաստանը բնութագրելով իբրեւ «քաղցկեղային ուռուցք», որ «պէտք է ջնջուի Հարաւային Կովկասէն»: «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներու մէջ ան ինքնիրեն անուանած է «Միացեալ Նահանգներ ներգաղթի եւ գործառարութեան փաստաբան …. Եթէ ճշմարտութիւնը ձեզ կը վախցնէ, ես կը սարսափեցնեմ ձեզ…»: Ան նաեւ գրած է. «Դուն կը պայքարիս ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ, եւ ի յայտ կու գայ, որ անիկա ունի իր դատաւորները, ոստիկանները, պետական պաշտօնեաները եւ նոյնիսկ քոնկրէսականները»: Ան աւելցուցած է. «Պատկերացուր քու ուժը, որ կը մղէ մարդիկ երթալու եւ կաշառելու դատաւորները՝ քեզ վնասելու համար…»: Ան նոյնիսկ ծաղրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ հայերը «կոկորդիլոսի արցունքներ թափած են 1915 թուականի իրադարձութիւններուն գծով»:

Ի լրումն իր բորբոքած հռետորաբանութեան, Պաղիրզատէն կատարած է «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներ, որոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն անոր արհեստավարժութեան եւ մտային վիճակին վերաբերեալ: Օրինակ, ան քննադատած է ոստիկան մը, որ տուգանած է զինք երթեւեկի կանոնները խախտելուն համար․ «Ես հիմա նոր նամակ ստացայ ոստիկանութենէն, որ զիս «տուգանած են» ապօրինի կանգառի համար․ ամբաստանեալ դառնալու թեկնածու մը եւս»: Ան նաեւ գրած է. «Եթէ ոստիկանութիւնը կը հետեւի քու քայլերուդ եւ այդ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցէ ահաբեկիչներուն, ասիկա կը կոչուի պետականօրէն հովանաւորուող ահաբեկչութիւն»: Ուղղակի յարձակում գործելով դաշնակցային դատաւոր Ռոպերթ Հիւիի վրայ, որ մերժեց անոր դատը, Պաղիրզատէն զայն մեղադրած է «փտածութեան» մէջ եւ սպառնած՝ դատի տալ զայն…

Հետաքրքրական է, որ երբ Պաղիրզատէն 21 յունիս 2024-ին ներկայացուց իր դատական դիմումը, ան չվճարեց քաղաքացիական հայցադիմումի համար պահանջուող 350 տոլար գումարը` յայտարարելով «in forma pauperis», այսինքն` չափազանց աղքատ է վճարելու համար: Դատաւորը մերժեց անոր միջնորդութիւնը: 2 յուլիս 2024-ին ան նոր դատ ներկայացուց, այդ եւս մերժուեցաւ: Դատարանը նշեց, որ անոր 50.952 տոլարի տարեկան եկամուտը 325 տոկոսով կը գերազանցէ աղքատութեան դաշնակցային շեմը: Դատաւորը նախնական 350 տոլարէն բացի, սահմանեց 55 տոլար վարչական վճարում:

Պաղիրզատէն դատ բացած է հետեւեալ 30 անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն վրայ. «Alphabet» ընկերութիւն, Արամ Համբարեան, Արմէն Սահակեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբ, Ամերիկայի Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբ, Փաստաբաններու որոնման ցանց, Քոքօ Սիւ, Էսթրելլայ Սանչես, Google ընկերութիւն, Ճէյք Պալոյեան, Ճերեմի Սթոփըլմըն, Legal Match, Մարթինտէյլ Նոլօ, Լոս Անճելեսի շրջանային իրաւաբաններու միութիւն, Օրէյնճ շրջանի իրաւաբաններու միութիւն, Սէթ Չաւես, Թերեզա Վուքի, Թրուտի Լեւինտոֆսխի, Yelp ընկերութիւն, YouTube, Սունտար Պիչա, «Զարթօնք» լրատուամիջոց, Զաւէն Քիւրօղլեան, Վան Մկրտչեան, Անի Չաղլասեան, Legalshield, Parker-Stanbury, Greystar California, Kia America ընկերութիւններ եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ:

27 փետրուար 2025-ին դաշնակցային դատարանը «մերժեց Պաղիրզատէի երկրորդ փոփոխուած բողոքը (78 էջնոց)` ամբաստանեալներու մերժման միջնորդութեան համաձայն»: Դատարանը վճռեց, որ անոր դատի դիմումները չեն համապատասխաներ դաշնակցային պահանջներու իրաւական չափորոշիչներուն եւ հայցուորին թոյլ տուաւ «փոփոխել մէկէն հինգ պահանջները` այս հրահանգին մէջ նկարագրուած թերութիւնները վերացնելու համար»: Դատարանը յայտնեց, որ անոր դիմումը «համարժէքօրէն չի ներկայացներ որեւէ դաշնակցային հայց, որ կրնայ ճանչցուիլ անոր կողմէ հայցուողներէն ոեւէ մէկուն դէմ, որուն դէմ ան դատ բացած է»: Դատաւորը շարունակեց. «Ցարդ հայցուորի պնդումները հետեւողականօրէն չեն համապատասխանած կիրարկելի կանոններուն, բայց դատարանը, այնուամենայնիւ, ընդունած է զանոնք, նոյնիսկ առանց հայցուորին կողմէ անհամապատասխանութիւնը ներելու խնդրանքի:  Հետագային գործող կանոններուն կամ կանոնակարգերուն չհետեւիլը կրնայ պատճառ դառնայ դատական դիմումի մերժումին»:

10 ապրիլ 2025-ին Պաղիրզատէն ներկայացուց իր երրորդ փոփոխուած բողոքը, որ կը բաղկանայ 198 էջերէ: Իր վերջին դիմումին մէջ ան իբրեւ նոր ամբաստանեալ աւելցուցած էր «Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ն` 100 անգամ յիշատակելով զայն», թէեւ դատաւորը անոր ըսած էր, որ չի կրնար նոր ամբաստանեալներ աւելցնել: Ան յայտարարած է, որ Դաշնակցութիւնը «դարեր շարունակ դաւադրութիւններ կազմակերպած է Ազրպէյճանի երկու շրջաններու բռնակցման ուղղութեամբ»։ Անհիմն յայտարարութիւն՝ նկատի ունենալով, որ ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ Ազրպէյճանը «դարեր շարունակ» գոյութիւն ունեցած են: Դատարանը յայտարարեց, որ Պաղիրզատէն չի կատարեր իր հրահանգները: «Անոր պահանջներէն ոչ մէկը կ՛ընդունուի»:

Դատարանը նաեւ Պաղիրզատէն մեղադրեց՝ «Աւելի քան 30 ամբաստանեալներու դէմ դատ բանալուն մէջ, իր բողոքը քանի մը անգամ փոփոխելու եւ որեւէ ամբաստանեալի դէմ մերժուելու ենթակայ չեղող ոչ մէկ փաստարկ ներկայացնելուն համար: Հայցուորը կը մեղադրուի ամբաստանեալները համատարած յանցաւոր վարքագիծի մէջ, եւ անոր փաստարկները յաճախ կը ստանան ամբաստանեալներուն նկատմամբ ատելութեան, թշնամանքի, կասկածամտութեան կամ հեգնանքի երանգ` ամբաստանեալներուն անդրադառնալու ատեն»։ Անոր բողոքը «կը կրկնէ եւ կը փորձէ արդարացնել իր նախկին յայտարարութիւնները այն մասին, որ այլ ցեղային խումբի մը հայրենիքը «քաղցկեղային ուռուցք» է, եւ որ՝ «մենք պէտք է կարելի եղածին չափ արագ վերացնենք (այդ ցեղային խումբի) նախագիծը»: Ան իր բողոքին մէջ «քմահաճօրէն կը պնդէ, որ բոլոր ամբաստանեալները, որոնցմէ շատեր իրարու հետ կապ չունին, եւ որոնցմէ քանի մը հատը հանրային ընկերութիւններ են, միասին դաւադրութիւն կը կազմակերպեն իրեն վնասելու նպատակով»:

Դատաւորը այնուհետեւ յայտարարեց, որ Պաղիրզատէի երրորդ բողոքը «աւելի քան 2.5 անգամ աւելի երկար է, եւ կարծես թէ կը պարունակէ նմանատիպ երեւակայական մեղադրանքներ` աւելի ընդլայնելով ենթադրեալ դաւադրութիւնը»: Ինչպէս իր երկրորդ բողոքը, երրորդին մէջ եւս «ան կը շարունակէ իր կեանքի իրադարձութիւնները վերագրել ամբաստանեալներու չարամիտ դաւադրութեան` նման ենթադրեալ վերագրումներու համար առանց որեւէ փաստացի հիմքի, օրինակ, օր մը իր բնակարանին մէջ ճանճեր գտնելը, պանդոկի սենեակին մէջ ուտիճ յայտնաբերելը կամ իր շէնքի կառատան մէջ ուրիշին տեղը շարած ինքնաշարժը տեղափոխելը: Անոր երրորդ բողոքը «այժմ աւելի հեռուն կ՛երթայ՝ մեղադրելով ամբաստանեալները (ի շարս այլ բաներու) միջազգային ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը ներգրաւելու մէջ` զինք հետապնդելու համար: Հայցուորը նաեւ աւելցուցած է բազմաթիւ «կողմ չհանդիսացող յանցակիցներ», որոնց կարգին Քալիֆորնիոյ եօթը նահանգային կամ դաշնակցային դատաւորներ։ Կ՛ենթադրուի, որ այն անձերը, որոնք նեղացուցած են հայցուորը, այդպիսով իսկ անոր դէմ յանցաւոր դաւադրութեան մաս կը կազմեն։ Այլ խօսքով, ամբաստանեալները, ըստ երեւոյթին, պարտաւոր են պատասխանել ընդլայնուող միջնորդութիւններուն, որոնք ալ աւելի կը շեղուին իրականութենէն: Այս գործօնը կը դասուի մերժման օգտին»:

Դաշնային դատաւոր Ռոբերտ Հիւին այլ ելք չունէր, բացի մերժել Պաղիրզատէի դատի դիմումը՝ յայտարարելով. «Այս հանգամանքներուն մէջ դատը մերժելէ զատ որեւէ այլ գործողութիւն կը հակասէր արդարադատութեան շահերուն»:

Share