Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Հայաշխարհի տարածքին, հայութեան հետ միասին, կը մերժէ Ազրպէյճանը գերիշխանութիւն ունենայ Արցախի ժողովուրդին վրայ

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Հայաշխարհի տարածքին, հայութեան հետ միասին, կը մերժէ Ազրպէյճանը գերիշխանութիւն ունենայ Արցախի ժողովուրդին վրայ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յայտարարութիւնը՝ Արցախի Վրայ Ազրպէյճանին Գերիշխանութիւն Տուող Համաձայնութեան Վերաբերեալ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հանդիպեցաւ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ, յառաջ մղելու համար շրջանային խաղաղութեան ուղղուած համաձայնութեան մը գործընթացը:   Մէջբերելով «Արցախի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ իրաւունքներու ապահովումը կարելի դարձնելու» իր տրամաբանութիւնը, Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը նշէ, թէ նպատակ ունի պաշտօնապէս համաձայնելու, որ Ազրպէյճանը գերիշխանութիւն ունենայ Արցախի ժողովուրդին վրայ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Հայաշխարհի տարածքին, հայութեան հետ միասին, կը մերժէ այս տրամաբանութեան վաւերականութիւնը: Մինչ բոլոր հայերը կը փափաքին որ Հայաստան եւ տարածաշրջանը խաղաղ ըլլան, մենք խորապէս մտահոգ ենք այն հաւանականութեամբ, որ Հայաստանը կրնայ, համաձայնագրով, Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը յայնձնել թշնամիի մը, որ ոչ մէկ սահման կը ճանչնայ իր զոյգ նպատակներուն հասնելու համար, որ է վերացնել հայութիւնը Արցախէն եւ տարածաշրջանին վրայ տարածել իր տիրապետութիւնը, ի վերջոյ վտանգելով նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:  Յատկապէս մտահոգիչ է Ազրպէյճանի այն հաստատումը, թէ ոչ-մէկ երկրի, ներառեալ Հայաստանին, պիտի արտօնուի արգելք հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իր նպատակներու իրագործումին, ինչ որ ազդանշան մըն է, թէ ան պիտի շարունակէ շրջափակումներ, մարդասիրական ահաբեկչութիւն եւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործադրել Արցախի մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը մատնանշէ, թէ «Հակամարտութեան անցնող 30 տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Ազրպէյճանը ոչ մէկ ատեն պարկեշտ բանակցող մը եղած է:  Ան ոչ մէկ ատեն յարգած է Արցախի ժողովուրդին վերաբերեալ որեւէ միջազգային դաշնագիր, խորհրդաժողով, համաձայնութիւն կամ օրէնք:  Այդ կը փաստեն Իլհամ Ալիէւի կողմէ յամառօրէն շարունակուող հակահայ հռետորաբանութիւնը, զինեալ յարձակումները հայ քաղաքացիական ազգաբնակչութեան վրայ եւ Արցախի մէջ հազարաւոր հայերու տնտեսական անգութ շրջափակման ենթարկումը:  Մենք գիտենք թէ այս փաստաթուղթի ստորագրումը, համազօր է Ազրպէյճանին իրաւասութիւն տալու, որ ան անկաշկանդ եւ անպատիժ կերպով շարունակէ Արցախէն արմատախիլ ընել հայութիւնը»:

30 տարիներ շարունակ, Արցախի ժողովուրդը փորձած է իր գործ դնել ինքնորոշման իր իրաւունքը, որ սահմանուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնագրի երկրորդ յօդուածով եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի սկզբունքներով: Ինքնորոշման իրաւունքը միակ ընդունելի գործընթացն է եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ի վերջոյ պատասխանատուութիւն ստանձնէ իրականացնելու համար այդ:

Առ այդ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ’ուղղէ բոլոր միջազգային մարմիններուն, որպէսզի անոնք աջակցին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:  Այլապէս, Արցախի հայութիւնը պիտի ենթարկուի համայնքային զտման, Ազրպէյճանի կողմէ, որ հետեւողականօրէն եւ անտարբերութեամբ կը մերժէ գործադրել համաձայնութեան իր պարտաւորութիւնները:


Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:  

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը: 

Share