Եփրեմ արքեպիսկոպոս Թապագեան

Եփրեմ արքեպիսկոպոս Թապագեան

Միհրան Քիւրտօղլեան

Ան­ձիս հա­մար ա­նակն­կալ մը չե­ղաւ մա­հո­ւան գոյ­ժը, որ հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թե­նէն՝ յա­նուն Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին ու միա­բա­նու­թեան, ո­րուն ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն էր հո­գե­լոյս սրբա­զա­նը: ­Գոյ­ժէն քա­նի մը օր ա­ռաջ, պար­բե­րա­կան մեր հե­ռա­խօ­սա­յին զրոյց­նե­րէն վեր­ջի­նին՝ ը­սած էր. «ու­ժա­քամ եմ ­Միհ­րան, ան­կո­ղի­նէս ել­լե­լու ի վի­ճա­կի չեմ, յատ­կա­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն սուր ցա­ւե­րու մէջ կը տա­ռա­պիմ, այ­լեւս ցա­ւա­զեր­ծող դե­ղերն ալ ոչ մէկ օ­գուտ ու­նին: ­Լեար­դի «քան­սէր», որ­մէ տա­ռա­պե­ցան (ա­նուն­ներ տա­լով) ու­րիշ միա­բան­ներ ալ…»: Եւ թե­թեւ խնդուք մը՝ կա­տակ ը­նե­լու փոր­ձով ա­ւել­ցուց. «գի­տեմ, որ այ­սօր, վա­ղը կամ միւս օր ի­րի­կուն մը պի­տի քնա­նամ (ե­թէ կա­րե­նամ) ու առ­տուն չարթն­նամ: ­Գի­տես դուն, աս­կէ ա­ռաջ ալ, ա­ռողջ ե­ղած օ­րե­րուս ը­սած եմ քե­զի, պատ­րաստ եմ. հի­մա՝ մէկ ա­ւե­լի…»:
­Բո­ղո­քի նո­ւա­զա­գոյն նշոյլն իսկ չկար իր ձայ­նին մէջ: ­Հա­մա­կեր­պած կը թո­ւէր իր ճա­կա­տագրին եւ հո­գե­պէս պատ­րաստ՝ մա­հո­ւան ան­խու­սա­փե­լի կան­չին: Այդ­պէս հա­մա­կեր­պող ե­ղած է իր պա­տա­նե­կու­թեան ալ: ­Կը պա­տա­հէր, որ ի­րեն դա­սա­կից­ներս բո­ղո­քէինք մանր խնդիր­նե­րու հա­մար, այս կամ այն դա­սա­տո­ւի վա­րուե­լա­կեր­պին, տե­սու­չի կարգ մը ո­րո­շում­նե­րուն, դպրե­վան­քի խստա­պա­հանջ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, առ­տու կա­նուխ արթն­նա­լու ե­ւայլ­նի դէմ, իսկ ինք այն քի­չե­րէն էր, ո­րոնք ան­բո­ղոք կը հա­մա­կեր­պէին կա­ցու­թեան: ­Սա­կայն դա­սա­կից­նե­րու հա­ւա­քա­կան պա­հաջ­քին մէջ ան ոչ միայն մաս­նա­կից , այ­լեւ ան­զի­ջող էր ու ան­տե­ղի­տա­լի, որ­քան ալ հե­տե­ւանք­նե­րը ծանր թո­ւէին…:
­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցէն վկա­յո­ւե­լէ ետք մեր ճա­նա­պարհ­նե­րը բաժ­նո­ւե­ցան: Ինք ընտ­րեց կու­սակ­րօ­նու­թիւ­նը՝ հա­ւատ­քով ու ներ­քին կո­չու­մով, իսկ հա­մա­կեր­պե­լու նկա­րագ­րա­յին գի­ծը մնաց նոյ­նը՝ ե­կե­ղե­ցա­կան աս­տի­ճա­նա­կար­գի բո­լոր սանդ­խա­մա­տե­րուն՝ ա­բե­ղա­յու­թե­նէն ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թիւն, հո­գե­ւոր հո­վի­ւի ծա­ռա­յու­թեան մէջ թէ ա­ռաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօ­նի վրայ…: ­Հա­մա­կեր­պե­ցաւ ի­րեն հա­մար կա­տա­րո­ւած բո­լոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն եւ ան­բո­ղոք պատ­րաստ ե­ղաւ ըն­դա­ռա­ջե­լու ա­մէն տե­սակ պար­տա­կա­նու­թեանց կան­չին՝ ուր­կէ որ լսո­ւե­ցաւ այդ կան­չը՝ ­Պէյ­րութ, ­Պարս­կաս­տան, Ֆ­րան­սա, Ա­րա­բա­կան ­Ծո­ցի ա­նա­պա­տա­յին եր­կիր­ներ, Ա­մե­րի­կա, ա­պա կրկին ­Պէյ­րութ ու Ա­մե­րի­կա եւ այլն:
­Հո­գե­լոյս սրբա­զա­նին կեան­քի ե­լե­ւէջ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յու­թեան փու­լե­րուն չեմ տի­րա­պե­տեր, որ­պէս­զի ըստ պատ­շա­ճի կա­րե­նամ անդ­րա­դառ­նալ ա­նոր վաս­տա­կին: Կ’են­թադ­րեմ, թէ պի­տի գտնո­ւին ա­ւե­լի ի­րա­զեկ ան­ձեր ու միա­բան­ներ, ո­րոնք ե­րախ­տա­ւոր ե­րեց միա­բա­նին ծա­ռա­յու­թեանց ցու­ցա­կը, ե­կե­ղե­ցա­կա­նի կեն­ցաղն ու վար­քը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս պի­տի ներ­կա­յաց­նեն:
Իմ այս կարճ անդ­րա­դարձս փորձ մըն է՝ քա­նի մը վկա­յու­թիւն­նե­րով ու­րո­ւագ­ծե­լու դի­մաս­տո­ւե­րը հո­գե­լոյս սրբա­զա­նին, որ իր ան­վի­ճե­լի դրոշ­մը դրաւ ­Գա­լի­ֆոր­նիոյ կի­լի­կեան թե­մի կազ­մու­թեան, հաս­տատ­ման ու ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան ար­շա­ւին մէջ:
Գա­լի­ֆոր­նիան շուրջ 70-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն էր, որ դադ­րե­ցաւ ­Նիու Եոր­քի Ան­թի­լիա­սա­կան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին են­թա­կայ ըլ­լա­լէն եւ ան­ջատ ու ին­քու­րոյն թե­մի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, ո­րուն ա­ռա­ջին ա­ռաջ­նոր­դը ե­ղած է Սմ­բատ ­Լա­փա­ճեան սրբա­զա­նը եւ ուր իբ­րեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ կը ծա­ռա­յէր Եփ­րեմ վար­դա­պետ: Ա­ռաջ­նոր­դի ա­թո­ռին վրայ ե­րի­տա­սարդ ու աշ­խոյժ ե­կե­ղե­ցա­կան մը ու­նե­նա­լու հա­մար նոր ընտ­րու­թեամբ մը ա­ռա­ջին ա­ռաջ­նոր­դին յա­ջոր­դեց հո­գե­լոյ­սը՝ Եփ­րեմ սրբա­զա­նը: (­Կար­ծեմ այն ա­տեն տա­կա­ւին վար­դա­պետ): ­Հասկ­նա­լի է, որ նո­րա­կազմ թե­մը եւ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը կը կա­րօ­տէին մեծ ջան­քե­րու՝ նստա­վայր հաս­տա­տե­լու, թե­մը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ զայն ե­կե­ղե­ցի­նե­րով օժ­տե­լու հա­մար:
Ն­կա­տի առ­նենք նաեւ, որ այդ տա­րի­նե­րուն ­Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յա­գա­ղու­թը տնտե­սա­կան տե­սա­կէ­տէ շատ հե­ռու էր այ­սօ­րո­ւան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ինչ որ են­թադ­րել կու տայ բազ­մա­պատ­կո­ւած ճիգ՝ ձեռ­նար­կո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դիւ­նա­ւոր հու­նի մէջ դնե­լու հա­մար…:
Եփ­րեմ սրբա­զա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան շրջա­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հայ դա­տի դէմ բարձ­րա­ցո­ւած լռու­թեան պա­տը քան­դե­լու ի խնդիր շղթա­յա­զեր­ծո­ւած ընդ­յա­տա­կեայ ու­ժա­կան պայ­քա­րին: ­Հո­գե­լոյ­սը ա­ռա­ջի՛­նը ե­ղաւ, որ ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­ման­քով եւ ստո­րագ­րու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը՝ իր նե­ցու­կը բարձ­րա­ձայ­նե­լով այդ պայ­քա­րին: Օ­րին, մա­մու­լին տրո­ւած գրու­թեամբ մը գո­վա­բա­նած էի իր այդ կե­ցո­ւած­քը, ակն­կա­լե­լով որ միւս­ներն ալ իբ­րեւ քաջ հո­վիւ­ներ կը հե­տե­ւին Եփ­րեմ ա­ռաջ­նոր­դի օ­րի­նա­կին:
Բ­նա­ւո­րու­թեամբ շէն էր ու մթնո­լոր­տը շէնց­նող, հա­ճե­լի զրու­ցա­կից մը, զո­ւար­թա­խօս, պար­զա­կեաց ու հա­ղոր­դա­կան: ­Կեան­քի փոր­ձով օժ­տուած եւ շրջա­պա­տի հա­մակ­րան­քին ար­ժա­նա­ցած բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան մը:
Ա­ւե­լի ուշ, Ա­րամ Ա. կաթղ.ի կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով վե­րա­դար­ձաւ Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք եւ ստանձ­նեց թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը: Որ­քան գի­տեմ, գէթ մինչ այդ, ով­կիա­նո­սէն ան­դին գա­ցող բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն մէջ միա՛կը, որ յօ­ժա­րա­կամ վե­րա­դար­ձաւ մայ­րա­վանք եւ եօ­թը տա­րի մնաց վան­քին մէջ, ջա­նա­սի­րու­թեամբ վա­րեց ի­րեն վստա­հո­ւած պաշ­տօ­նը, թան­գա­րա­նը ճո­խա­ցուց, բա­րե­զար­դեց եւ զայն հաս­ցուց պա­տո­ւա­բեր մա­կար­դա­կի: ­Սի­սի ա­թո­ռէն փրկո­ւած թան­գա­րա­նա­յին այդ մա­սունք­նե­րը, իբ­րեւ ան­խօս վկա­ներ, մեծ խնամ­քով փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Գեր­մա­նիա, ա­պա նաեւ Ա­թէնք եւ վե­հա­փա­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու երկ­րի քա­ղա­քա­կան, ա­կա­Դե­մա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան ու գոր­ծա­րար անձ­նա­ւո­րու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ տե­ղա­ցի բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք շա­բաթ­նե­րով ցու­ցադ­րո­ւե­ցան տե­ղի հան­րա­ծա­նօթ թան­գա­րան­նե­րու մէջ:
Եօ­թը տա­րո­ւան այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, զու­գա­հեռ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ մը ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հսկայ աշ­խա­տան­քի մը՝ գրա­բա­րէն աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծե­լով շա­րակ­նո­ցը: Ե­զա­կի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը,մե­ծա­ծա­ւալ գիր­քի տես­քով հրա­տա­րա­կու­թիւն ՝ «ՇԱՐԱԿԱՆ» ա­նու­նով, ո­րուն ա. տպագ­րու­թիւ­նը կաթղ.ա­րա­նի տպա­րա­նէն, իսկ բ. տպագ­րու­թիւ­նը՝ Ա­մե­րի­կա:
­Հո­գե­լոյս սրբա­զա­նին հետ վեր­ջին հան­դի­պումս չորս տա­րի ա­ռաջ էր, ­Պէյ­րութ, ուր ե­կած էր ան ­Պօ­ղոս ­Շահ­մե­լի­քեա­նի գրքի շնոր­հա­հան­դէ­սին ներ­կայ ըլ­լա­լու: Ար­դէն իր թե­լադ­րան­քով ու քա­ջա­լե­րան­քովն էր, որ հե­ղի­նա­կը մա­մու­լի մէջ լոյս տե­սած յօ­դո­ւած­նե­րը հա­տո­րի մը մէջ մէկ­տե­ղէ:
Իր բա­րե­խօ­սու­թեամբն էր նաեւ, որ վե­հա­փա­ռը ար­տօ­նէ գրքին անվ­ճար տպագ­րու­թիւ­նը՝ մայ­րա­վան­քի տպա­րա­նին մէջ:
­Պէյ­րու­թի այդ օ­րե­րուն, եր­կու­քով դէմ-դի­մաց՝ դպրե­վան­քեան հին յու­շեր կը պե­ղէինք: ­Հո­գե­լոյս սրբա­զա­նը պահ մը լրջա­նա­լով, ը­սաւ. «­Գի­տես, այս­քան տա­րի­ներ ետքն ալ, ա­մէն ան­գամ, որ ­Պէյ­րութ կու գամ ու ոտքս մայ­րա­վան­քի դար­պա­սէն ներս կը դնեմ, կը վե­րա­նո­րո­գո­ւիմ, նոր կեանք կու գայ վրաս, հա­րա­զատ տունս վե­րագտած ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թեամբ կ’ո­գե­ւո­րո­ւիմ, մա­նա­ւանդ երբ կը շրջա­պա­տո­ւիմ յար­գա­լիր, խոստմ­նա­լից ու ե­րի­տա­սարդ ա­բե­ղայ-վար­դա­պետ­նե­րով , ո­րոնք սքան­չե­լի տղաք են եւ յոյս կը ներշն­չեն: Կ’ու­զեմ հոս մնալ, վան­քիս մէջ, չվե­րա­դառ­նալ Ա­մե­րի­կա, ուր հա­կա­ռակ ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ բա­րե­կամ­նե­րուս եւ հո­գա­տար լայն շրջա­նա­կիս, մի­նակ կը զգամ, մի­նակ: ­Սա­կայն պա­րա­գա­ներ կան, ո­րոնք կը ստի­պեն, որ վե­րա­դառ­նամ»: Ա­պա, զգա­լով, որ պա­հը կը լրջա­նայ, կա­տա­կով ա­ւել­ցուց.» եր­բեմն կը կար­ծենք որ դեռ պա­տա­նի ենք,բայց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ը­սենք, տա­րիք­նիս հա­սած է տեղ մը, որ բժշկա­կան խնամք կը պա­հան­ջէ…»:
Ա­մե­րի­կա­յի բժիշկ­ներն ալ ան­զօր են ե­ղեր ա­նի­ծեալ հի­ւան­դու­թիւնդ բու­ժե­լու, սի­րե­լի՛ սրբա­զան: ­Սուրբ գրոց մէջ կար­դա­ցած եմ տող մը, ո­րուն ի­մաս­տը կը պատ­շա­ճի պա­հին եւ կը յատ­կան­շէ կեանքդ ու վաս­տակդ: Որ­քան կը յի­շեմ այդ տո­ղը կ­՚ը­սէր. «­Կեան­քի պա­տե­րազ­մը ար­դա­րու­թեամբ պա­տե­րազ­մե­ցայ, արդ ին­ծի ի­րա­ւունք է յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը…»:
Հանգ­չէ՛ խա­ղաղ՝ յա­ւի­տե­նա­կան նին­ջիդ մէջ, սի­րե­լի’ սրբա­զան: Ան­ցա­ւոր կեան­քիդ ըն­թաց­քին ինչ­պէս սո­վոր էիր, հոն, վերն ալ գի­տեմ պի­տի բա­րե­խօ­սես, որ պահ­պա­նո­ւին եւ ի­րենց պայ­քա­րու­նա­կու­թիւ­նը չկորսնց­նեն ­Հա­յաս­տանն ու հայ ազ­գը, ո­րոնք ջեր­մե­ռանդ հա­ւատ­քով կը փա­ռա­բա­նեն զԱս­տո­ւած ա­ւե­լի քան 1700 տա­րի­նե­րէ ի վեր եւ յա­ճախ մար­տի­րոս­ներ կու տան Ա­նոր փառ­քին հա­մար: ­Հոս՝ բա­րե­խօ­սու­թիւն­ներդ միշտ տեղ կը բռնէին, վերն ալ, ով գի­տէ, թե­րեւս…:
­Պա­րա­գա­նե­րը այն­պէս են, որ վեր­ջին օ­ծու­միդ պի­տի չկա­րե­նամ ներ­կայ ըլ­լալ: ո­րով, այս տո­ղե­րը իբ­րեւ վեր­ջին «եր­թաս բա­րով» մը՝ սի­րե­լի՛ սրբա­զան:
­Քու մեկ­նու­մովդ ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կորսն­ցուց հա­ւա­տա­րիմ, ծա­ռա­յա­սէր ու շէն միա­բան մը, իսկ ես՝ ա­նոյշ ըն­կեր մը:
­Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ…:
Ա­թէնք, 29 ­Յու­նո­ւար 2023

Share