Յարութ Սասունեան
«ԵուԹիուպ»-ի վրայ հանդիպեցայ երկու շինծու տեսանիւթերու, որոնք կ՛աղաւաղեն Հայաստանի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը: Առաջին տեսանիւթը` ինը վայրկեան 53 երկվայրկեան տեւողութեամբ, կը կրէ «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը այժմ կ՛ընդունի իսլամութիւնը. անոր միլիոնաւոր քաղաքացիները կրօնափոխ կ՛ըլլան» խորագիրը (https://www.youtube.com/watch?v=YRuBcYQ-0WA): Երկրորդ տեսանիւթը` ութ վայրկեան 24 երկվայրկեան տեւողութեամբ, վերնագրուած է՝ «Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը. այժմ 99 տոկոսով իսլամ է» (https://www.youtube.com/watch?v=7qve3KR58xI):
Անյայտ անձ մը արհեստավարժ ձայնով կը պատմէ երկու տեսանիւթերուն մէջ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ քիչ մը կը տարբերին իրարմէ: Անոնք կը պատմեն անհիմն պատմութիւն մը, իբր թէ Հայաստանի ամբողջ բնակչութիւնը կրօնափոխ եղած եւ իսլամ դարձած է: Տեսանիւթերը կը բովանդակեն Հայաստանի բազմաթիւ իրական տեսք ունեցող տեսարաններ, որոնք հաւանաբար ստեղծուած են արհեստական բանականութեան միջոցով:
Տեսանիւթերը պատրաստուած են անծանօթ կազմակերպութեան մը կողմէ, որ կը կոչուի «Իսլամի լոյսը»: Երբ առաջին անգամ դիտեցի այս տեսանիւթերը, նկատեցի, որ «ԵուԹիուպ»-ը կը նշէր, որ անոնք կը պարունակեն «փոփոխուած կամ համադրական ձեւով ստեղծուած բովանդակութիւն», սակայն այդ նշումը ներկայիս վերցուած է: «ԵուԹիուպ»-ը պաստառին վրայ կու տայ երկար բացատրութիւն մը, որով կը պահանջէ, որ տեսանիւթերը քողազերծուին, եթէ անոնց բովանդակութիւնը կեղծ է: Ես կոչ կ՛ուղղեմ ընթերցողներուն՝ բողոք ներկայացնելու «ԵուԹիուպ»-ին:
Իմ առարկութիւնս հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ այս տեսանիւթերը կը բովանդակեն կեղծ տեղեկատուութիւն` մոլորեցնելով ոչ հայ դիտողները եւ զանոնք հաւատացնելով, որ ներկայացուածը ճշմարիտ է։
Այս տեսանիւթերուն մէջ ներկայացուած շինծու պատմութիւնը բացայայտելու համար կը ներկայացնեմ տեսանիւթէն հատուած մը, զոր ես արտագրած եմ.
Տեսանիւթը կը սկսի Հայաստանի մասին լրիւ յօրինուած պատմութեամբ. «17-րդ դարուն եկեղեցիները վերածուեցան մզկիթներու, խաչերը փոխարինուեցան մահիկներով, իսկ Աստուածաշունչը` Ղուրաններով: Աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ երկիրը` Հայաստանը, այժմ բարեպաշտ իսլամական երկիր է, որուն մշակոյթը անհետացած է, (թէեւ) քարէ խաչքարերու փորագրութեան արուեստը վերապրած է, անոնք այժմ փորագրուած են սուրբ համարներով: Մարդիկ տակաւին կ՛երգեն հայկական ժողովրդական երգերը, բայց անոնց բովանդակութեամբ կը գովաբանեն Աստուած։ Հայերէնը դեռ խօսակցական լեզու է, սակայն աղօթքները կը կարդացուին Ալլահի անունով: Դպրոցին մէջ երեխաները անգիր կը սորվին ֆաթթահը (Ալլահին 99 անուններէն մէկը) եւ կը շարունակեն սորվիլ իրենց ազգի պատմութեան մասին…»:
Տեսանիւթին մէջ Հայաստանը ներկայացուած է իբրեւ «Կովկասեան իսլամական մշակոյթի կեդրոնի վերածուած երկիր: Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ հիմնադրուած են մեծ մատրասաներ (իսլամական դպրոցներ): Հայ իսլամ գրողներ եւ բանաստեղծներ կը գրեն բանաստեղծութիւններ հայերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով: Սեւանայ լիճին շուրջը ստեղծուած է հոգեւոր նոր մայրաքաղաք մը: Հոն ալ կառուցուած է Կովկասի մեծագոյն մզկիթը, որուն ճարտարապետութիւնը կը միախառնէ հին քրիստոնէական խաչքարերու արուեստն ու ոճը՝ իսլամական գեղագրութեան հետ… Հայաստանը այժմ կամուրջ է իսլամական աշխարհին եւ Արեւմուտքին միջեւ: Հայաստանի իսլամ դիւանագէտները նստած են եւրոպական բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Անոնք կը խօսին հինգ լեզուներով՝ մէջբերելով Ղազալին (11-րդ դարու պարսիկ իսլամ մտաւորական) եւ Շէյքսփիրը մէկ նախադասութեան մէջ: Զանոնք կը յարգեն, քանի որ անոնք երկու աշխարհներու հայելին են: Այս երկիրը կենդանի ապացոյց է, որ ինքնութիւնները կրնան զարգանալ` առանց կորսնցնելու իրենց արմատները, եւ որ՝ հաւատքը կրնայ փոխուիլ` առանց սպաննելու մշակոյթը: Համալսարաններուն մէջ հայ մտաւորականները կ՛ուսումնասիրեն երկու մեծ ժառանգութիւն` Աստուածաշունչը եւ Ղուրանը, խաչը եւ մահիկը, ոչ թէ իբրեւ հակամարտութեան խորհրդանիշներ, այլ՝ իբրեւ իրենց պատմութեան երկու կողմերը: Ազգ մը մեծ չի դառնար քրիստոնեայ կամ իսլամ ըլլալու հանգամանքով: Այսօր այդ այլընտրանքային Հայաստանի մէջ աղօթքները կ՛արձագանգեն այն մզկիթներու մինարէներէն, որոնք նախապէս եկեղեցիներու զանգակատուներ էին: Մանուկները տակաւին կը պարեն ժողովրդային պարեր` երգելով իրենց նախնիներուն երգերը, այժմ` Աստուած փառաբանող տողերով»:
Այնուհետեւ պատմողը կը ներկայացնէ երեւակայական անձնաւորութիւն մը, զոր կ՛անուանէ «Յարութ»։ «Օր մը Յարութ կը հարցնէ. «Մայրի՛կ, ինչո՞ւ մեր տան մէջ խաչի նկար կայ: Մենք իսլամ չե՞նք»: Անոր մայրը վայրկեան մը կը լռէ, ապա հանդարտութեամբ կը պահասխանէ. «Որովհետեւ ատիկա մեր էութեան մէկ մասն է, որդի՛ս: Մենք քրիստոնեայ էինք, յետոյ իսլամ դարձանք, բայց մէկ բան երբեք չի փոխուիր` մենք միշտ հայ ենք»:
Տեսանիւթը կը շարունակուի. «Դպրոցին մէջ Յարութ կը սորվի Ղուրան կարդալ, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանայ հին հայկական այբուբենին: Անոր փոքրիկ գրադարանին մէջ կան հին կաշիէ կազմով Ղուրաններ եւ Աստուածաշունչ՝ գրաբարով, որոնք երկուքն ալ ժառանգած է իր մեծ մօրմէն, որ մայրապետ էր նախքան իսլամ դառնալը: Երբ կու գայ բերքահաւաքի տօնը, ընտանիքները կը հաւաքուին քաղաքին հրապարակը, մայրերը լաւաշ ու տոլմա կը հիւրասիրեն, մինչ երեխաները քոչարի կը պարեն զուռնայի եւ տաւուլի (տհոլ) նուագակցութեամբ: Մզկիթի իմամը եւ հին եկեղեցւոյ պահապանը կանգնած են կողք կողքի` ողջունելով լեռնային գիւղերէն եկած մարդիկը»:
«Դպրոցէն դուրս նոր շէնքերը կանգնած են կողք կողքի` հին աւերակներուն կից: Օսմանեան ոճի կամարներով մզկիթը կը գտնուի հայկական եկեղեցւոյ կողքին` իր իւրայատուկ կոնաձեւ տանիքով: Աղօթքի հրաւէրը կ՛արձագանգէ օդին մէջ, բայց զանգերը, որոնք տակաւին կը հնչեն յատուկ առիթներով` ի պատիւ, եւ ոչ թէ յարութեան համար: Հայաստանի նոր կառավարութիւնը ստեղծած է անկողմնակալ պատմութեան ուսումնական ծրագիր: Ազգային թանգարանը կը ցուցադրէ թէ՛ քրիստոնեայ նահատակներուն եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ իսլամութիւնը տարածողներուն պատմութիւնները։ Մէկ սենեակին մէջ Յիսուսի հին սրբապատկերն է, միւսին մէջ` 16-րդ դարու պատռած աղօթքի գորգ մը: Մէջտեղը գրուած է. «Հոս վէրքերը եւ սէրը կը սորվին համակեցութեամբ ապրիլ»:
Պէտք է կոչ ուղղել «ԵուԹիուպ»-ին՝ ջնջելու այս երկու յօրինուած տեսանիւթերը` կանխելու մոլորեցումը դիտողներու, որոնք անտեղեակ են Հայաստանի մշակոյթին եւ կրօնին վերաբերեալ իրական փաստերուն։