Յարութ Սասունեան
Նախորդ շաբաթ տեղի ունեցաւ յատկանշական զարգացում մը, որուն մէջ ներգրաւուած էին` Ազրպէյճանը, Թուրքիան եւ Իսրայէլը: Մինչ մենք կեդրոնացած ենք Հայաստանի ներքին ճգնաժամերուն վրայ, պէտք չէ անտեսենք դրացի, յատկապէս թշնամական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւնները, քանի որ անոնք մեծ ազդեցութիւն ունին Հայաստանի անվտանգութեան եւ ինքնիշխանութեան վրայ:
Այս շաբաթ վերջին վայրկեանին չեղարկուեցաւ Եւրոպայի ռապպիներու 33-րդ համաժողովը, որ նախատեսուած էր գումարել Պաքուի մէջ 3-6 նոյեմբեր 2025-ին: Համաժողովին պիտի մասնակցէին հարիւրաւոր ռապպիներ աշխարհի տասնեակ մը հրէական համայնքներէ, որոնց կարգին՝ Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Իսրայէլէն: Ասիկա պիտի ըլլար ռապպիներու առաջին համաժողովը, որ կը գումարուի իսլամ երկրի մը մէջ։ Կ՛ակնկալուէր մասնակցութիւնը Իսրայէլի գլխաւոր ռապպիներ Դաւիթ Եոսեֆի եւ Քալման Պերի, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքի նախարար Ամիխա Չիքլինի եւ ժառանգութեան նախարար Ամիխա Էլիյահունի: Նկատի ունենալով, որ համաժողովը պիտի կայանար Ազրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրով, նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդէս պիտի գար հիմնական խօսքով՝ այդ առիթն օգտագործելով հրեաներուն հանդէպ Ազրպէյճանի իբր թէ հանդուրժողականութեան եւ Իսրայէլի հետ դաշինքին գծով պարծենալու համար:
Չեղարկումէն առաջ Եւրոպայի ռապպիներու համաժողովը յայտարարած էր, որ Պաքուի համաժողովի մասնակիցները՝ «Պիտի քննարկեն Ազրպէյճանի ամրապնդուող յարաբերութիւնները համաշխարհային հրէական համայնքին հետ` մեծ ուշադրութիւն դարձնելով անոր հնարաւոր ընդգրկման Աբրահամի համաձայնագիրներուն մէջ… Ազրպէյճանը կանգնած է երկխօսութեան, դիւանագիտութեան եւ հրէական շարունակականութեան խաչմերուկին վրայ»:
Լրատուական աղբիւրները նշեցին չեղարկման շարք մը պատճառներ.
— Թուրք քաղաքական գործիչներու, յատկապէս Ուաթան (Հայրենիք) կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի առարկութիւնները։ Ան նամակ յղած է նախագահ Ալիեւին` յորդորելով զայն չհիւրընկալել հրէական համաժողովը:
— Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող ազրպէյճանցիներուն կողմէ հնչած մտահոգիչ ապահովական ազդանշաններ եւ հաւաստի սպառնալիքներ, որոնք նպատակ ունէին վնասել համաժողովի մասնակիցներուն:
— Սպառնալիքներ Իրանի կառավարութեան կողմէ:
«Ճերուսալէմ փոստ»-ը հրապարակած էր յօդուած մը՝ հետեւեալ վերնագիրով. «Իրան կը սպառնայ Ազրպէյճանին` ստիպելով չեղարկել Եւրոպայի ռապպիներու համաժողովը»։
Իբրեւ արդիւնք՝ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը (Մոսատը) սահմանեց ճանապարհորդութեան սահմանափակումներ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ կրօնական գործիչներու համար:
Ազրպէյճան մեծապէս կ՛ապաւինի Իսրայէլին` ձեռք բերելու համար միլիառաւոր տոլարներու արդիական զէնքեր, որոնք վճռորոշ դեր խաղացին 2020-ի արցախեան պատերազմին` սպաննելով եւ վիրաւորելով հազարաւոր հայ զինուորներ եւ գրաւելով Արցախի մեծ մասը: Այս զէնքերուն դիմաց Ազրպէյճան Իսրայէլին կը վաճառէ տարեկան աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի նաւթ (Իսրայէլի նաւթի ընդհանուր ներմուծման 43 տոկոսը), որ կ՛օգտագործուի Կազայի եւ այլ վայրերու մէջ ռազմական գործողութիւններու համար:
«Իսրայէլ Նեշընըլ Նիուզ» հաղորդած է, որ՝ «Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ բնակող ազրպէյճանցիներու կողմէ, որոնք դէմ են Պաքուի մէջ համաժողովի կայացման, ընկերային ցանցերու վրայ սկսած են տարածել թշնամական հրապարակումներ»: Այս սպառնալիքներէն ետք ռապպիները որոշած են չեղարկել իրենց համաժողովը եւ զայն գումարել աւելի ուշ` մէկ այլ երկրի մէջ:
Չեղարկումէն առաջ Եւրոպայի ռապպիներու համաժողովը յայտարարած էր, որ մասնակիցները պիտի քննարկեն «Աբրահամի համաձայնագիրները, կրօնի ազատութեան խթանումը եւ Եւրոպայի մէջ հակասեմականութեան դէմ պայքարը»: Եւրոպայի ռապպիներու համաժողովի նախագահ ռապպի Պինհաս Կոլտշմիցը նշած էր, որ իր կազմակերպութեան նպատակն է՝ խթանել երկխօսութիւնը, միջկրօնական գործունէութիւնը եւ հանրային ներգրաւուածութիւնը:
Ազրպէյճան Պաքուի մէջ ռապպիներու համաժողովի գումարումը պիտի օգտագործէր` իբրեւ քարոզչական յաղթանակ, ինքզինք կեղծօրէն ներկայացնելով իբրեւ բոլոր կրօններու եւ ցեղերու հանդէպ հանդուրժողական երկիր:
Հետաքրքրական է, որ այս տարուան յունիսին չեղարկուեցաւ նաեւ Եւրոպայի ռապպիների համաժողովի մնայուն կոմիտէի նիստը, որ նախատեսուած էր գումարել Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի մայրաքաղաք Սարայեւոյի մէջ: Պոսնիոյ աշխատանքի եւ ընկերային քաղաքականութեան դաշնակցային նախարարը արգիլեց այդ նիստը` դէմ ըլլալով Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու զանգուածային սպանութիւններուն: Ի պատասխան` Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովը յայտարարութիւն տարածեց` քննադատելով չեղարկումը։ Ասիկա՝ «Եւրոպայի սրտին մէջ հրէական կրօնական առաջնորդներ թիրախաւորող դիտաւորեալ մերժման գործողութիւն էր»:
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները, որոնք իրենց երկիրները կը ներկայացնեն իբրեւ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն», սերտ դաշնակիցներ են` կիսելով նմանատիպ ցեղային, կրօնական եւ մշակութային կապեր: Հետեւաբար երկու երկիրներուն միջեւ հրապարակային անհամաձայնութիւնները հազուադէպ են: Այնուամենայնիւ, ժամանակ առ ժամանակ վէճեր տեղի ունեցած են:
2009 թուականին Հայաստանն ու Թուրքիան մօտ էին արձանագրութիւններու վաւերացման, ինչ որ պիտի առաջնորդէր հայ-թրքական սահմանի բացման: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը քննադատեց այդ արձանագրութիւնները եւ մեղադրեց թուրք ղեկավարները` իրենց խոստումներէն հրաժարելու մէջ, ըստ որուն, սահմանը պիտի չբացուէր, այնքան ատեն որ հայկական կողմը զիջումներ չէ կատարած Արցախի հարցով: Պաքուն սպառնաց պատասխան քայլով` դադրեցնելով նաւթի արտածումը Թուրքիա: Ազրպէյճան նոյնիսկ փակեց իր տարածքին մէջ գործող շարք մը թրքական մզկիթներ: Վերջապէս, նախագահ Էրտողանը ենթարկուեցաւ ազրպէյճանական ճնշումներուն եւ յանձնարարեց Թուրքիոյ խորհրդարանին՝ չվաւերացնել հայ-թրքական արձանագրութիւնները:
Ասիկա կրնար յարմար առիթ ըլլալ Հայաստանի համար` սեպ խրելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Ցաւօք, ինչպէս միշտ, Հայաստանի պաշտօնատարները՝ «Երբեք առիթ չեն փախցներ՝ առիթը փախցնելու»։
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկրորդ վէճը տեղի ունեցաւ 2024 թուականին, երբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս յայտարարեց, որ Թուրքիան վճռորոշ դեր խաղացած է 2020 թուականի արցախեան պատերազմին Ազրպէյճանի յաղթանակին մէջ: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար մը հակադարձեց Էրտողանին` ստելով, որ Ազրպէյճանի ռազմական յաղթարշաւին որեւէ օտար զօրք չէ մասնակցած:
Եւրոպական ռապպիներու համաժողովը Պաքու մէջ գումարելու ծրագիրը կրկին տարակարծութիւններ յառաջացուց Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Ազրպէյճան Իսրայէլի սերտ դաշնակից է, մինչդեռ Թուրքիան որդեգրած է ծայրայեղ թշնամական դիրքորոշում Իսրայէլի նկատմամբ` այնքան, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանեահուն յայտարարեց, որ Իսրայէլ չ՛արտօներ թրքական ուժերու ներկայութիւնը Կազայի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն ծիրին մէջ:
Հայաստանի պաշտօնատարները կրկին չկարողացան օգտուիլ Հայաստանի թշնամիներուն միջեւ առկայ հակասութենէն: Ընդհակառակը, Հայաստանի ղեկավարները, կարծես, յամառօրէն կը ձգտին հաճելի թուիլ Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, նոյնիսկ այն պարագաներուն, երբ երկուքը տարակարծութիւններ ունին իրարու հետ:
