Կարօ Արմենեան
Հասած է ժամը երկիրը պարպելու իր էութենէն։ Երկիրը հասցէազրկելու։ Երկիրը դիմազրկելու։ Երկիրը հայրենազրկելու։ Այս է առաքելութիւնը վիշիական իշխանութեան։ Ասոր համար է, որ ան ստեղծուած է։ Ասոր համար է, որ ան կայ։ Եւ այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ, լիովին օրինաչափ է և ունի իր տրամաբանական շարունակութիւնը։
Անդամահատել երկիրը։ Յանձնել հայրենական հողն ու ժառանգութիւնը թշնամիին։ Ուժականութենէ պարպել բանակը։ Կառուցել ոստիկանական անասնական ուժ երկրի հարազատ քաղաքացին ճնշելու և քու իշխանական կաշիդ փրկելու առաջադրութեամբ։ Աղաւաղել մեր մշակոյթի հարազատ նորմերը և խարդախել մեր ազգային արժեհամակարգը։ Պատանդ վերցնել եռեակ իշխանութեանց բերդերն ու Սահմանադրութիւնը։ Եւ ի վերջոյ թիրախաւորել Հայաստանեայց Եկեղեցին քաղաքական քարոզչութեան ամենէն շնական զէնքերով։ Եւ այս բոլո՛րը՝ շարունակաբար իրաւազրկելու, կամազրկելու, բարոյալքելու համար ժողովուրդը և ոգեպէս ունայնացնելու երկիրը։
Վիշիական իշխանութեան թշնամին մեր ինքնութիւնն է։ Սպառնալիքը մենք ենք։ Ան չունի արտաքին սպառնալիք։ Իր օրակարգը «ներազգային» է։ Իր գոյութեան սպառնացող միակ վտանգը երկրի ժողովուրդն է իր պատմութեամբ, իր հաւատամքով, իր տեսլականով, իր գոյութեամբ, իր էութեամբ։ Եւ ինք զինուած է մեր ազգային պաշտպանութեան բոլոր այդ ստորոգելիներուն դէմ։ Զինուած է ազդու զէնքերով և ռազմավարութեամբ։ Ինք վիշիական իշխանութիւնն է, որ — ի՜նչ հեգնանք — ցարդ կը գործէ երկրի ժողովուրդին քուէներով։ Լիազօրուա՛ծ՝ երկրին իսկ կողմէ։ Եւ պաշտպանուած՝ իր արտաքին յենարաններէն։ Եւ, անշուշտ, մեծ յոյսեր սնուցանելով իր ապագային հանդէպ։