Իրանի հետ կացութիւնը «փոփոխական է», որովհետեւ «մեծ նաւատորմիղ» մը ուղարկուած է շրջան: «Աքսիոս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` նշելով, որ Թեհրան կ՛ուզէ համաձայնագիր կնքել:
«Մենք Իրանի մօտ մեծ նաւատորմիղ ունինք: Աւելի մեծ, քան Վենեզուելայի պարագային է», ըսած է Թրամփ:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ տարբերակ մնալ: «Անոնք կ՛ուզեն գործարք կնքել: Ես գիտեմ: Անոնք բազմիցս հեռաձայնած են: Անոնք խօսիլ կ՛ուզեն», նշած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի մէկ օր առաջ, մեկնաբանելով ամերիկեան նաւատորմիղի կազմին մէջ գործող «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրի Միջին Արեւելք ժամանումը, ընդգծած էր. «Ամերիկեան որեւէ նաւու մեր շրջան ժամանումը չի կրնար ազդել Իրանի` իր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու հաստատակամութեան վրայ»:
Նշենք, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանին մէջ օդային պաշտպանութեան ԹՀԱԱՏ համակարգեր տեղակայած են:
Միւս կողմէ, «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ Իրանի կողմէ Իսրայէլին վնաս հասցնելու որեւէ փորձ «պիտի հանդիպի վճռական պատասխանի»:
«Ատիկա շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ, մէկ սխալը չափազանց շատ պիտի ըլլայ», ըսած է Նեթանիահու:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը զգուշացուցած էր` անոնց կոչ ուղղելով զերծ մնալու իսլամական հանրապետութեան դէմ զինուորական գործողութիւններէ:
«Յեղափոխական պահակագունդի մատը բլթակին վրայ է, մենք առաւել քան երբեւէ պատրաստ ենք կատարելու մեր գերագոյն հրամանատարին հրահանգները», նշած էր ան:
