Խաղաղութեան անել խաչմերուկ

Խաղաղութեան անել խաչմերուկ

«Ես պարզապէս մարդ էակ մըն եմ, որ կը փորձէ գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, որ շատ արագ կը կորսնցնէ մարդ ըլլալու հասկացութիւնը»։
Ճոն Թրուտէլ (1946 – 2015, ամերիկացի բնիկ հնդիկ, գրող, բանաստեղծ, դերասան, երաժիշտ եւ քաղաքական գործիչ)

Գ․ Աշխարհամարտը վայրագօրէն կը շարունակուի ապակեդրոն ձեւով եւ տարբեր արտայայտութիւններով, բայց մի՛շտ նոյն հետեւանքներով՝ ջարդ, աւեր ու բազմապիսի կորուստներ։
Իսկ հայրենի վարիչները մանկամտօրէն կ՛երազեն «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի մը մասին, երբ մեր երկիրն ու ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքը կլանած իրադարձութիւնները անհեթեթի թատերգութեան մը վիճակը ստացած են, հրոյ ճարակ կը դարձնեն տեսանելի հորիզոնները:
Արեւմուտքը ընդդէմ Արեւելքի, Հիւսիսը ընդդէմ Հարաւի․․․: Ահաւոր տարողութեամբ դէպքեր ու պատերազմներ՝ որոնց երկինքին տակ յստակ չէ, թէ պղտոր ջուրին մէջ ի՞նչ կը պատահի, ո՞վ է ձուկ որսացողը, ո՞վ է ձուկը…։ Բայց ո՜չ: Մէկ բան որոշ է, այսինքն՝ յայտնի են թէ՛ որսացող ձկնորսները եւ թէ՛ «որսացուած» ձուկերը, միայն ջուրն է որ կը մնայ պղտոր…։
Գ․ Աշխարհամարտի մը ծալք առ ծալք ծաւալման ցուցանիշները բազմաթիւ են։ Մեծ պետութիւններ տարբեր քաղաքականութիւն կը կիրարկեն, իրենց որդեգրած ռազմավարութիւնը իրագործելով։ Ռուսիոյ պատերազմը՝ Ուքրայինայի դէմ, կարելի է նկատել հնաձեւ (old-fashioned). անշուշտ խօսքը գործածուած զինամթերքին եւ ռազմաճակատին վրայ զինուորական ոլորտին մասին չէ, այլ մարդուժի մասին։ Որոշ ժամանակ մը գործի վրայ էին Եւգենի Փրեկոժինի (այժմ մահացած) հիմնած վարձկան զինուորներու «Վակնըր» զօրաբաժինները, որոնց լուծման ենթարկուելէն եւ զինաթափուելէն ետք, ընդհանրապէս Ռուսիոյ բանակն է, որ կը շարունակէ աշխարհամարտեան պատերազմը Ուքրայինայի ճակատին վրայ, մերթ ընդ մերթ օժանդակութիւն ստանալով Հիւսիսային Քորէայէն։
Գ․ Աշխարհամարտի նորագոյն ճակատը՝ «մասնաճիւղը», Իսրայէլ ընդդէմ Իրանի, աւելի արդիական է, կը մղուի հեռահաս կերպով, եւ «արգասիք»-ն է Ա․Մ․Ն․-ի կիրարկած (ան)քաղաքականութեան։ Սպիտակ Տունը ո՛չ միայն քաղաքականութիւնը վստահած է արտաքին յանձնակատարներու (outsourcing), այլ նոյնինքն՝ ամբողջ պատերազմը։ Փաստօրէն, Իսրայէլ ամերիկեան թեքնիք ցուցմունքներու գերարդիական կառոյցները իր տրամադրութեան տակ ունենալով գործի լծուած է, հոգ չէ թէ Սպիտակ Տունը կը փորձէ համոզել, թէ ինք մասնակից չէ ճակատումին։ Ամերիկեան զինամթերանոցն ու նաւատորմին աջակիցի կարելիութիւնները դրուած են Իսրայէլի տրամադրութեան տակ:
Նախագահ Թրամփի եւ իր աշխատակազմի անդամներուն յայտարարութիւնները մերթ անհասկնալի եւ յաճախ զիրար հակասող են, նոյնքան մըն ալ տկար ու ոչ-համոզիչ մեկնաբանութիւններ են: Դէպքերուն հետեւողին համար յստակ է, թէ Արեւմուտքէն յանձնարարութիւն ու կանաչ լոյս ստացած Իսրայէլը, յանձին «Կազան ազատագրած» Նաթենիահուի, թեւեր առած կը շարժի առօք-փառօք, առանց որեւէ սանձումի։
Յայտնապէս, «կար ու չկար»-ի հեքիաթային պատմութեան մը վերածուած են Օմանի մէջ վերջին ամիսներուն սկսած Իրան-Ա․Մ․Ն․ խօսակցութիւնները՝ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները: Սպիտակ Տունը ունէր եւ կը տարածէր այն պատրանքը, որ հակառակ ահաւոր հրթիռարձակումներուն, բանակցութիւնները կանգ պիտի չառնէին։ Իրան որոշեց չշարունակել, սակայն կը կարծէ, թէ ամերիկեան կողմը կրնայ «մէկ հեռաձայնով» կասեցնել Իսրայէլի յարձակումները:
Միջազգային քաղաքականութեան մէջ, քաղաքական առաջնորդութիւնը ունի վճռական եւ առաջնահերթ դեր՝ միջազգային յարաբերութիւններու, համաշխարհային խնդիրներու եւ ամբողջ միջազգային համակարգի կայունութեան ու յառաջընթացին վրայ իր ազդեցութեամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ առաջնորդութիւնը այսքան կարեւոր է այս ոլորտէն ներս։ Դեռ աւելին, պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կառավարումը՝ դիւանագիտութիւնը, հիմնուած է – պէտք է ըլլայ – հմուտ եւ փորձառու առաջնորդի մը վրայ, որպէսզի թշնամի կողմերը վարեն բանակցութիւններ։ Դիւանագիտական առաջնորդներ պէտք է կարողանան վստահութիւն կառուցել եւ հաղորդակցութիւն ապահովել՝ բարդ հարցերը լուծելու համար։
Իրականութիւնը շատ հեռու է նման սպասումէ: Այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքը ինկած է իրողական Գ․ Աշխարհամարտէն իրեն բաժին հանուած նոր ու բարդ պատերազմի մը մէջ, դժբախտաբար, բեմահարթակի վրայ գտնուող ամէնահզօր պետութեան ղեկավարը «շպարուած» է իր 79 գարունները տօնելու հանդիսութիւններով, որոնք զուգորդուեցան իր ղեկավարած երկրի բանակին 250-ամեակին նուիրուած՝ ուաշինկթընեան տողանցքով, որուն համար բազմատասնեակ միլիոններ ծախսուեցան, իբրեւ յաւելում՝ քանի մը օր առաջ անոր մսխած այլ գումարներուն, երբ անտեղիօրէն զօրք ուղղարկեց Լոս Անճելըս, վառելանիւթ թափելով ներքին՝ միջ-կուսակցական հակադրութիւններուն վրայ։
Սպիտակ Տան ներկայ վարձակալը արդեօք յանդգնութիւն կամ ժամանակը պիտի ունենա՞յ կարդալու Ա․Մ․Ն․-ի երրորդ նախագահ եւ անկախութեան հռչակագրի գլխաւոր հեղինակ Թոմըս Ճեֆըրսընի (1743-1826) իմաստուն խօսքերը, որոնցմէ մէկը հետեւեալն է․
«Մինչեւ որ դադրինք վնաս հասցնել բոլոր միւս կենդանի արարածներուն, մենք տակաւին վայրենիներ ենք»:
Դժբախտաբար, աշխարհը առանց իմաստուն ղեկավարի՝ վերածուած է լաբիւրինթոսի։ Իմաստութիւն կոչուածը արձակուրդ առած է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ քիչ մը ամէն տեղ: Արհաւիրքները, ընդհանրապէս մեզմէ անկախ, կը բախեն մեր հայրենիքին դուռները եւս. Հայաստան փաստօրէն ամբողջական պաշարման եւ մեկուսացման կ’ենթարկուի նա՛եւ հիւսիսէն (Վրաստան արգելակներ ստեղծած է Հայաստանէն մեկնած տարանցիկ բեռնատարներու առջեւ) ու հարաւէն (հրթիռներ կ’իյնան Հայաստանի սահմանէն քիչ մը անդին): Եւ այս ահաւոր կացութեան մէջ, խօսիլ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի մասին եւ ապաւէն փնտռել… Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան պետութիւններէն՝ արդէն մանկապարտէզէն ալ ետ երթալ է: Ա՞յդ է որ տեղի պիտի ունենայ Փաշինեան-Էրտողան հաւանական հանդիպումին…

«Հայրենիք»ի Խմբագրական

Share