Վերա Եագուպեան
Օգոստոս 2025-ին Ալասքայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած վեհաժողովը մեծ մասամբ քննարկեց Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը: Սակայն հանդիպումը միաժամանակ հարցեր բարձրացուց աշխարհաքաղաքական տարբեր խնդիրներու մասին, որոնք կ՛առնչուին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հարցերուն: Թէեւ Միջին Արեւելքը բացակայ էր պաշտօնական հաղորդագրութենէն, սակայն շատ հաւանական է, որ Սուրիա, Իրան եւ Իսրայէլ ներգրաւուած ըլլան ամերիկեան-ռուսական յառաջիկայ փուլերուն:
Ալասքայի վեհաժողովը եղաւ 2025-ի ամէնէն ուշագրաւ դիւանագիտական հանդիպումներէն մէկը: Անիկա տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի ու աւելի մաշեցնող փուլ թեւակոխած է: Պաշտօնական բացատրութեամբ, վեհաժողովը նպատակ ունէր դուրս գալ այս մաշեցնող վիճակէն: Փութին կը փնտռէր միջազգային ճանաչում եւ պատժամիջոցներու թուլացում, մինչդեռ Թրամփ ուզեց ներկայանալ իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդ:
Բոլոր քննարկումներուն կեդրոնը Ուքրանիան էր, յատկապէս` ՕԹԱՆ-ի անվտանգութեան երաշխիքներու հետ կապուած: Բայց նոյնքան կարեւոր է նաեւ այն, ինչ որ չըսուեցաւ: Հանդիպումի ընթացքին Միջին Արեւելքի խնդիրներու ոչ մէկ ակնարկութիւն եղաւ: Դիւանագիտութեան մէջ լռութիւնը հազուադէպօրէն պատահական է: Աւելի յարմար է զայն մեկնաբանել որպէս գիտակցաբար ընտրուած յետաձգում:
Քաղաքական ձերքբերումնե՞ր
Վեհաժողովին անմիջական արդիւնքները լայնօրէն ներկայացուեցան որպէս մարտավարական յաղթանակ մը Փութինի համար: Ան միջազգային բեմ վերադարձաւ` Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ հաւասար մակարդակի վրայ նստելով, առանց նոր պատժամիջոցներու բախելու:
Թրամփի համար վեհաժողովը ծառայեց ներքին եւ արտաքին նպատակներու: Ներքին ճակատի վրայ ան ամրապնդեց իր պատկերը` որպէս առաջնորդ, որ կը շրջանցէ պաշտօնական կառոյցները, իսկ աշխարհին ցոյց տուաւ իր նախընտրութիւնը` առաջնորդ-դէպի առաջնորդ դիւանագիտութեան: Այս գիծը համահունչ է անոր ընդհանուր արտաքին քաղաքական ոճին, նախընտրեց երկկողմանի յաղթանակներ ապահովել, քան` վստահիլ բազմակողմանի կառոյցներու ճիգերուն:
Միջին Արեւելքը` որպէս լուռ դիւանագիտութիւն
Միջազգային յարաբերութիւններու տեսութիւնը կ՛ընդգծէ, որ մեծ պետութիւնները յաճախ տարբեր հակամարտութիւնները կը կապեն իրարու: Այս պարագային, Ռուսիան կրնայ աւելի ճկուն ըլլալ Ուքրանիոյ հարցին մէջ, եթէ Միացեալ Նահանգները լուռ կերպով ընդունին Մոսկուայի գերակայութիւնը Սուրիոյ մէջ: Նոյնպէս, Ուաշինկթընի համար լծակ կրնայ ըլլալ Մոսկուայի ազդեցութիւնը Իրանի վրայ` մանաւանդ կորիզային հարցերուն շուրջ:
Պատմական նախադէպեր ալ կան: Պաղ պատերազմին զէնքերու վերահսկողութեան համաձայնութիւնները յաճախ զուգորդուած էին լուռ պայմանաւորուածութեամբ` Միջին Արեւելքի կամ Ասիոյ մէջ:
Ռուսիոյ առանձնայատկութիւնը այն է, որ կը պահպանէ միաժամանակ կապեր ե՛ւ Իրանի, ե՛ւ Իսրայէլի հետ: Սուրիոյ մէջ ան գործակցեցաւ Իրանի հետ, բայց նաեւ թոյլատրեց Իսրայէլին` օդային հարուածներ իրանեան դիրքերուն դէմ: Այս երկակի դերը Մոսկուային կը տրամադրէ բացառիկ ճկունութիւն:
Եթէ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները ուղղակի ազդեցութիւն ունին քարիւղի ու կազի հոսքերու վրայ, ապա անոնք անուղղակիօրէն կապ ունին Միջին Արեւելքի կայունութեան վրայ` նկատի ունենալով այս ծիրին մէջ գլխաւոր դերակատարներէն մէկը` Սէուտական Արաբիան:
Ռազմավարական Լռութիւն
Ալասքայի վեհաժողովին Միջին Արեւելքի հարցերու բացակայութիւնը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ռազմավարական անորոշութիւն: Այս լռութիւնը երկու կողմերուն ալ կու տայ ճկունութիւն` հետագայ գաղտնի բանակցութիւններու դռները բաց պահելով:
Այս անորոշութիւնը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ.
– Իսրայէլ կը մտահոգուի, որ Ամերիկա-Ռուսիա այս հանդիպումը կրնայ սահմանափակել իր գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ:
– Իրան կրնայ մեկնաբանել լռութիւնը որպէս Ուաշինկթընի անուղղակի ընդունում` Ռուսիոյ առաջնային դերի:
– Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները կը տեսնեն վեհաժողովը որպէս նախազգուշացում, որ իրենց անվտանգութիւնը կրնայ երկրորդական դառնալ մեծ պետութիւններու համաձայնութիւններուն դիմաց:
Եզրակացութիւն
Ալասքայի վեհաժողովը կը բացայայտէ մեծ պետութիւններու, դիւանագիտութեան կրկնակի բնոյթը. այն, ինչ կ՛ըսուի, եւ այն, ինչ որ չ՛ըսուիր: Պաշտօնական մակարդակով, խօսակցութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ էր: Բայց լռութիւնը Միջին Արեւելքի վերաբերեալ` չի նշանակեր անպատասխանատուութիւն, այլ կը նշանակէ յետաձգուած օրակարգ:
Տեսութիւններու եւ պատմական փորձառութեան հիման վրայ կարելի է ենթադրել, որ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքը պիտի վերադառնայ իբրեւ փոխանակման նիւթ: Տարածաշրջանի պետութիւններուն համար այս լռութիւնը եւս մէկ անգամ ցոյց տայ, որ իրենց ճակատագիրը յաճախ կ՛որոշուի ոչ թէ տեղական զարգացումներուն, այլ մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հաշուարկներուն հիման վրայ: