Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական գործիչներու դատավարութիւնը պիտի վերսկսի 5 փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Պաքուի զինուորական դատարանէն ստացուած տեղեկութիւնը:
Արցախի երեք նախկին նախագահներուն եւ 2023 սեպտեմբերին գերեվարուած արցախցի միւս գործիչներուն դէմ յարուցուած քրէական գործով վերջին դատական նիստը տեղի ունեցած էր 26 դեկտեմբեր 2025-ին:
Այդ նիստէն ետք գործը քննող դատաւորը հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ` դատավճիռ կայացնելու նպատակով:
