ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութեամբ մը, խստօրէն դատապարտեց Միքայէլ արք. Աջապահեանը երկու տարի բանտարկութեան դատապարտելու անօրինական որոշումը:
«Սա ոչ միայն հոգեւորականի դէմ իրականացուած հաշուեյարդար է, այլեւ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցու, մեր ազգային ինքնութեան եւ քաղաքացիների ազատ արտայայտման իրաւունքի դէմ ուղղուած քաղաքական յարձակում: Այս վճիռը եւս մէկ ապացոյց է, որ գործող իշխանութիւնը Հայաստանում կառուցում է բռնապետական վարչակարգ, որտեղ դատարանները վերածւում են իշխանութեան ձեռքին բութ գործիքի: Վստահ ենք` հեռու չէ այս ամէնի համար պատասխան տալու ժամանակը», կ՛ըսուի Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան մէջ: