Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 27 Յունիսի երեկոյեան ժամը 10-ին (Պէյրութի ժամով) տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց երկրորդ հանդիպումը։ Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Հոկտեմբեր 2024-ին։
Հանդիպումին մասնակցեցան 19 շրջաններու պատասխանատուներ, որոնց կարգին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութեան մը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եաֆայի մասնաճիւղին ներկայացուցիչը։ Հանդիպումին սկիզբը ներկայ գտնուեցաւ եւ Եաֆայի մասնակիցը ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։ Հանդիպումին միացաւ եւ մասնակիցներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ կազմակերպիչ քարոզչական յանձնախումբի անդամներ եւ յաձնախումբին մօտ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեան։
Հանդիպումին մասնակիցներու ներկայութեան ստուգումը կատարեց քարոզչական գրասենեակի գործավար Յարութ Մարկոսեան։ Ներկաները ողջունեց, քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութեան եւ նման հանդիպումներու անհրաժեշտութեան մասին արտայայտուեցաւ քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան։ Եղբայրը շեշտեց միութեան աշխատանքները հայ թէ օտար շրջանակներուն ծանօթացնելու հրամայականը՝ նոր անդամներ ներգրաւելու, համակիրներու մեր շրջանակը ընդլայնելու եւ բարեկամներ ու բարերարներ ներգրաւելու համար։ Ան ըսաւ, որ քարոզչական աշխատանքը մեր օրերուն ընտրանք մը չէ այլեւս, այլ՝ որեւէ գործունութեան անբաժան մէկ մասն է։ Քարոզչութիւնը, իբրեւ միջոց, տեղ գտած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերամշակուած կանոնագիրին մէջ եւ շրջաններ պարտին իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր ու լայն տեղ տալ անոր։
Խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ քարոզչական յանձնախումբի մօտ ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Եղբայրը ներկայացուց Հոկտեմբերի առաջին հանդիպումէն մինչեւ օրս միութեան քարոզչական մարզին գլխաւոր նորութիւնները՝ զանոնք բաժնելով երկու մասի.-
Ա. Քարոզչական համակարգի ստեղծում.- Շրջաններու պատասխանատուներու ճշդում, քարոզչական գրասենեակի հիմնում, գործավարի աշխատանքի հրաւիրում, քարոզչական պատասխանատուներու ցամաքամասային առցանց հանդիպումներու կազմակերպում, ցանցային հարթակներու ստեղծում, կայքէջի արդիականացում, E-letter-ի եւ E-Marzig-ի (marzig.org) գործարկում եւ այլն։
Բ. Միութենական ձեռնարկներու քարոզչութիւն.- Միջ-դիւանական խորհրդաժողով, սկաուտական համագումարի 100-րդ օրուան նշում, միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծման 50-ամեակի յիշատակում, «Հայ սկաուտի օր»ուան առիթով միութեան շեփորախումբերու ծանօթացում, «Մարզիկ»ի 45-ամեակի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւապտոյտի, «Արցախ հիմնադրամ»ի, «Եկամտաբեր ֆոնտ»ի, ցամաքամասային բանակումներու եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու իրազեկում եւ այլն։
Հանդիպումին խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան IT-ի պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան, որուն գլխաւորութեամբ յառաջ կը տարուին նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու քարոզչութեան ընկերային ցանցերու բաժինի աշխատանքները։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց ծրագրուած եւ գործադրութեան դրուած նախաձեռնութիւնները՝ նշելով այն բոլոր աշխատանքները, որոնք շրջաններէն կ’ակնկալուին մարզախաղերէն առաջ, ընթացքին եւ ետք։ Եղբ. Տէմիրճեան շեշտեց ընդհանուր գործակցութեան, արագ արձագանգի եւ որակաւոր բովանդակութեան ներկայացման անհրաժեշտութիւնը, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին ճշդած ընդհանուր արժեչափերուն եւ ուղղութիւններուն համաձայն։
Առցանց հանդիպումին առիթ տրուեցաւ մասնակիցներուն, որպէսզի զեկուցեն անցնող ութ ամիսներուն իրենց շրջաններուն կատարած քարոզչական գլխաւոր աշխատանքներուն մասին։
Աւարտին, խօսք առաւ եւ ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Եղբայրը միութեան քարոզչական մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն՝ մարզախաղերուն մասին արտայայտուելով ըսաւ, որ մարզախաղերը մեզի համար նպատակ չեն, միջոց են։ «Մենք կը հաւատանք,¬ եւ ատիկա իրականութիւն է,¬ որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ամէնէն բազմանդամ երիտասարդական միութիւնն է հայ իրականութեան մէջ։ Այդ միութիւնը ներկայացնող անդամներն են, որոնք Յուլիսին պիտի հաւաքուին հայրենիքի մէջ։ Հետեւաբար, մենք պիտի չցուցադրենք մեր թեքնիք կարողութիւնները, բայց քարոզչական համապատասխան միոջցներով եւ յատկապէս ընկերային ցանցերով աշխարհին պիտի ներկայացնենք մեր միութեան ուժը եւ իսկական դիմագիծը»։
Եղբ. Խաչերեան այս առիթով յիշեցուց, որ մարզախաղերու մասնակիցներու տարազներուն վրայ պիտի ըլլայ Արցախի դրօշը։ Ան ըսաւ, որ շատ յատկանշական է այս մէկը։ «Մեր այս հաւաքին նպատակը նաե՛ւ քով-քովի գալ է, հայրենիք վերադառնալ է, ըսել է որ՝ մենք ետ տուն կու գանք, երբ առիթը ըլլայ։ Այդ տուն եկողները ազգային արժէքներ ներկայացնող երիտասարդներ են, որոնք միայն մրցում խաղալու չեն երթար հայրենիք։ Անոնք կ’երթան տողանցելու եւ այցելելու այն վայրերը, որոնք ուղղակի կ’առնչուին ազգի գոյութեան հետ։ Այս ամէնէն մեծ պատգամն է, զոր մենք պիտի տանք, մանաւանդ ա՛յս օրերուն։ Առաքելութիւն է մեր ըրածը եւ այդ առաքելութեան տէրը ըլլանք», շեշտեց եղբ. խաչերեան։
Ապա, եղբայրը հաստատեց, որ այս բոլորը գիտնալով մենք ներքին մրցակցութիւն պէտք չէ ունենանք, որովհետեւ մեր նպատակը մարզախաղեր կազմակերպելէ շատ անդին է։ «Մեր նպատակը ո՞վ ի՞նչը յաղթեցը չէ։ Բոլորի՛ս յաղթանակն է, բոլորիս կողմէ ցոյց տալ է բոլորին, ներսիններուն եւ դուրսիններուն, որ այս միութիւնը արմատ ունեցող միութիւն է, իր Հայաստանի թեւով, իր Արցախի միաւորով եւ Սփիւռքի բոլոր միաւորներով», եզրակացուց եղբ. Խաչերեան եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն։
Եղբ. ատենապետին խօսքով առցանց հանդիպումը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 11.30-ին։