Առաջնորդ սրբազանը՝ արեւմտեան թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաքին

Առաջնորդ սրբազանը՝ արեւմտեան թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաքին

Շաբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաք, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վերահսկող մարմինին:

Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտը ազդանշող սոյն հաւաքին բացման խօսքը կատարեց Վերահսկող մարմնի պատասխանատու Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ տեսուչները ծանօթացման կարգով ներկայացուցին իրենց ուսուցչական կազմերը՝ վեր առնելով անոնց նուիրական աշխատանքին կարեւորութիւնը, յանուն հայ նոր սերունդներու հոգեւոր ու բարոյապաշտական դաստիարակութեան:

Իր հայրական խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու միամեայ գործունէութիւնն ու տարուած աշխատանքը, ապա ծանրանալով կամաւոր ծառայութեան փաստին վրայ, ուսուցչական կազմերուն ծառայութիւնը կոչեց անգնահատելի եւ աստուածահաճոյ՝ դիտել տալով, որ անոնց ծառայական ոգին քրիստոնէական հաւատքէն է, որ կը բխի:

Կարեւորութեամբ վեր առնելէ ետք Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայելու պատրաստ նոր ուսուցիչներու կազմաւորման հրամայականը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ շեշտեց, որ առաւել ընդարձակելու համար քրիստոնէական դաստիարակութեան միջավայրը մեր համայնքի կեանքէն ներս, կարելի է նաեւ ծխական շրջանները եւս ընդգրկել նոր աշակերտներու ներգրաւման աշխատանքներու ծիրէն ներս:

Նաեւ, անդրադառնալով կրօնի դասագիրքերու պատրաստութեան գործին, Սրբազան Հայրը զայն նկատեց հրամայական անհրաժեշտութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ կարելի փութով իրականացուին հոգեւոր դաստիարակութիւնը խթանող դասագիրքերը, որոնք մեծապէս պիտի նպաստեն հայ մանուկին ու պատանիին հոգեւոր կեանքի առողջ զարգացման, նկատեց ան, ապա իր հայրական օրհնութիւններով ու բարի մաղթանքներով եզրափակեց հաւաքը:

Share