Կիրակի առաւօտ՝ 1 Յունիս 2025-ին, Քոքինիոյ շրջանի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Սուրբ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան: Սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին առիթով: Արարողութեան նախագահեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագրատան ու հնատիպերու բաժանմունքի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Ապա, հաւատացեալներուն իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանը, թեմի ազգային վարչութիւնը, երեսփոխանական ժողովը, յարակից մարմիններն ու յունահայ գաղութին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւնները: Ան շեշտեց, որ թեմի կեանքէն ներս վերակազմակերպումի նոր ընթացք մը սկսած է նոր առաջնորդի եւ նոր երեսփոխանական ժողովի ընտրութեամբ: Անհրաժեշտ է, որ վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի նոր ընթացք մը բացուի գաղութին մէջ, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը: Այս ծիրէն ներս, ան յիշեց Քրիստոսի խօսքը, թէ ինչպէս իմաստուն մարդը իր տունը կը շինէ ժայռի վրայ եւ երբ փոթորիկներ գան՝ չեն կրնար խախտել զայն։ Քրիստոսի կողմէ ներկայացուած այս պատկերը պատգամ մըն է մեր բոլոր գաղութներուն ու կազմակերպութիւններուն: Ուղղելով իր խօսքը յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութին՝ Հայրապետը շեշտեց, թէ ժայռի վրայ շինուած ձեր հաւաքական տունը պէտք է աւելի ամրանայ.-
ա) բոլորուելով հաւատքի տան՝ եկեղեցւոյ շուրջ.
բ) ամրապնդելով հայ մշակոյթի մեր տունը ու յատկապէս հայ դպրոցը.
գ) հետապնդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները.
դ) նոր մղում տալով գաղութի վերակազմակերպումի աշխատանքներուն:
Յիշեալ իւրաքանչիւր կէտին մասին Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ եւ կոչ ուղղեց Յունաստանի հայ գաղութին, ժայռի վրայ հաստատուած իր հաւաքական տունը աւելի ամրացնելու՝ հետեւելով Քրիստոսի խօսքին:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ապա, ազգային վարչութիւնը, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, ճաշկերոյթ մը սարքեց:
Յունաստանի Հայոց Թեմին տուած իր կարճատեւ հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը հանդիպում ունեցաւ ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ.ի կեդրոնական կոմիտէին եւ գաղութէն ներս ծառայող միաբան թէ քահանայ հայրերուն հետ: Հայրապետը նաեւ նախագահեց Համազգայինի կազմակերպած մշակութային երեկոյին եւ իր գնահատանքը յայտնելով Համազգայինի ընտանիքին՝ կոչ ուղղեց մեր մշակութային արժէքները ու աւանդութիւնները վառ պահելու եւ աւելի հարստացնելու՝ որպէս երաշխիք մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման: