Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի կեդրոնական վարչութեան գ. լիագումարի նիստերը Փարիզի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի կեդրոնական վարչութեան գ. լիագումարի նիստերը Փարիզի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզահամալիրին բացման առիթով Փարիզ այցելող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 18-21 Նոյեմբերին գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր երրորդ լիագումարին նիստերը։

Քառօրեայ նիստերու ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը նախ գնահատումը կատարեց անցնող մէկ տարուան ընթացքին իր ունեցած բեղուն գործունէութեան, որուն գլխաւոր արտայայտութիւնները եղած են.- համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական դիւանական 11-րդ ժողովը, 12-րդ մարզախաղերը, միջ-ցամաքամասային բանակումները (Աւստրալիա եւ ամերիկեան ցամաքամաս, Միջին Արեւելքի երկիրներ), ատենապետներու առցանց եռամսեայ հանդիպումները, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպումը, սկաուտական գործուղումները, քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքները (շրջաններու պատասխանատուներու եւ ցամաքամասային ներկայացուցիչներու առցանց հանդիպումներ, քարոզչական համակարգի ստեղծում, գրասենեակի հաստատում, նոր կայքէջի պատրաստութիւն, երկլեզու ել-թերթի հրապարակում), «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի տպագիր եւ առցանց հրատարակութիւնները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արցախ հիմադրամ»-ի աշխատանքները, «Ժիրայր Սարգիսեան եկամտաբեր ֆոնտ»-ի ծրագիրները եւ այլն։

Լիագումար նիստերը քննեցին միութեան 41 շրջաններու կազմակերպական իրավիճակը եւ տուին համապատասխան որոշումներ։ Առանձին նիստով մը վերամշակուեցաւ միութեան փրոթոքալային ուղեցոյցը։

Իբրեւ յառաջիկայի աշխատանքներ, ծրագրուեցան 2026-ի համա-Հ.Մ.Ը.-Մ.ական ձեռնարկները՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտական 13-րդ բանակում, քարոզչական առաջին համագումար, միջ-դիւանական 12-րդ ժողով, «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքներ, միութեան շահութաբեր գլխաւոր նախաձեռնութիւնը հանդիսացող նաւապտոյտ, արխիւներու եւ թանգարանային իրերու թուայնացման աշխատանքի մեկնարկ եւ այլն։

Լիագումար նիստերու առընթեր, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին եւ ծանօթացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի Իսի լէ Մուլինոյի նորակառոյց համալիրին, որ բոլոր տուեալներն ու յարմարութիւնները ունի դառնալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եւրոպայի մարզական կարեւորագոյն ու մեծագոյն կեդրոնը։ Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բացման առիթով միութեան զանազան շրջաններէն եւ յատկապէս Եւրոպայի Մեկուսի շրջաններէն ժամանած վարչական պատախանատուներու հետ։

Նիստերու աւարտին, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին Թիէի գերեզմանատուն եւ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին միութեան հիմնադիրներէն՝ սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմին։

Share