Երկիրը կառավարելու անկարող անձը հիմա ալ կը փորձէ վերահսկել եկեղեցին

Երկիրը կառավարելու անկարող անձը հիմա ալ կը փորձէ վերահսկել եկեղեցին

Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com

Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ, մինչ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակը կը շարունակէ սրիլ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ զբաղած է՝ փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ։ Ան կարծես չի գիտակցիր, որ եկեղեցւոյ գործերուն իր մնայուն միջամտութեամբ կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը։

Աւելի՛ն. վերջին եօթը տարիներուն Փաշինեան խախտած է հարիւրաւոր օրէնքներ։ Ան 2020-ի Արցախի պատերազմին  Հայաստանը առաջնորդեց դէպի աղէտալի պարտութիւն, 2023-ին յանձնեց Արցախը, իսկ 2021 եւ 2022 թուականներուն թոյլ տուաւ, որ ազրպէյճանական զօրքերը գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներ՝ հակառակ իր սահմանադրական պարտականութեան՝ պաշտպանել երկրին սահմանները։ Իրավիճակը աւելի վատթարացուց, երբ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընէ ազրպէյճանցի զօրքերը հայկական տարածքներէն դուրս բերելու համար, ան անամօթաբար ըսաւ. «Ոչինչ»։

Կեղծ ժողովրդավարութեան քողին տակ Փաշինեան փաստօրէն վերածուած է բռնակալի. իր մենաշնորհը դարձուցած է իշխանութիւնը՝ վերահսկելով կառավարութեան բոլոր ճիւղերը, Ազգային ժողովին մէջ պահպանելով մեծամասնութիւն, նշանակելով հնազանդ նախագահ եւ հրամայելով դատաւորներուն ու ապահովական մարմիններուն՝ գործադրել իր անօրինական հրահանգները։

Իր քաղաքական եւ ռազմական ձախողութիւններէն հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով Փաշինեան մայիս 29-ի կառավարութեան նիստին յարձակում գործեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ։ Յաջորդ շաբաթներուն Դիմատետրի վրայ տասնեակ զրպարտիչ գրառումներ կատարեց եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն դէմ՝ յաճախ գործածելով լկտի բառապաշար, առանց որեւէ փաստ ներկայացնելու, որ բացայայտ խախտում է Հայաստանի օրէնքներուն։ Ան բազմիցս պահանջեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաժարականը կամ հեռացումը։ Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեանի կենակիցը՝ Աննա Յակոբեան, հետեւեցաւ անոր օրինակին իր գռեհիկ գրառումներով՝ զրպարտելով բարձրաստիճան հոգեւորականներ, զանոնք անուանելով «երկրի գլխաւոր մակապիղծներ» եւ «սեւ սքեմ հագնող այլասերած մոլագարներ»։

Վերջերս կայացած հանրային նախաձեռնութեան մը ընթացքին Փաշինեան փորձեց բացատրել, թէ ինչո՛ւ ինք եւ Աննան երբեք չեն ամուսնացած։ Ան յայտարարեց, որ իբր թէ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելու մտահոգութեամբ եւ տունը բռնագրաւուելու վախով տունը արձանագրած է Աննային անունով։ Ասիկա փաստօրէն յօրինում է՝ քննադատութենէն խուսափելու նպատակով, քանի որ զգաց, որ հասարակութեան մէջ սկսած էր կասկած ստեղծուիլ իր ենթադրեալ բարեպաշտութեան նկատմամբ։ Խախտելով ամուսնութեան սրբութիւնը՝ ան ոչ մէկ իրաւունք ունի անարատութիւն քարոզելու։ Ինչպէս նշուած է Աստուածաշունչին մէջ (Եբրայեցիս 13.4)՝ «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է, եւ անկողինը՝ անարատ. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ Աւելի՛ն. Հայաստանի ո՛չ ներկայ, ո՛չ ալ նախկին կառավարութիւնները երբեւէ չեն բռնագրաւած ձերբակալուած  անձի սեփականութիւնը, ներառեալ՝ Փաշինեանի պարագային։

Վերջերս Փաշինեան յայտարարեց նոր խորհուրդի ստեղծման մասին՝ կաթողիկոսը հեռացնելու նպատակով։ Ան նոյնիսկ կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ հաւաքուելու Սուրբ Էջմիածին՝ ստիպելու կաթողիկոսը, որ հրաժարական տայ։ Ըստ իրեն, հեռացումէն ետք պիտի նշանակէ տեղապահ (եկեղեցւոյ ժամանակաւոր ղերակավար)՝ ամուսնացեալ քահանայ, ինչ որ բացայայտօրէն կը հակասէ եկեղեցական օրէնքներուն։ Ապա պիտի ընտրէ նոր կաթողիկոս՝ իր վերաձեւած եկեղեցւոյ կանոնագիրքով։ Այս բոլորը կը հանդիսանան ոչ միայն եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքի կոպիտ խախտում, այլ նաեւ՝ սահմանադրութեան ամբողջական ոտնահարում։ Մարդ մը, որ ձախողած է վարչապետի պաշտօնին մէջ, այժմ կը փորձէ հեռացնել ընտրուած կաթողիկոսը, վերաշարադրել կանոնագիրքը, տեղապահ նշանակել ամուսնացեալ քահանայ եւ հաստատել նոր կաթողիկոս։

Տարօրինակ կերպով Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք պիտի ստուգէ ապագայ կաթողիկոսական թեկնածուներուն բարոյական մաքրութիւնը՝ առանց պարզաբանելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարէ այդ անկարելի առաքելութիւնը։

Ահա՛ աւելի լաւ առաջարկ մը՝ Փաշինեանին համար. ինչո՞ւ ինքզինք չնշանակէ կաթողիկոս, որպէսզի միեւնոյն ատեն ղեկավարէ թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ եկեղեցին։ Կամ ալ իր կենակիցը՝ Աննա Յակոբեանը նշանակէ կաթողիկոս՝ եկեղեցւոյ «արդիականացում»-ի համար։ Նոյնիսկ կրնայ սրբադասել զայն՝ զերծ կացուցելով բարոյական որեւէ ստուգումէն։ Միակ կազմակերպչական խնդիրը այն է, որ «Սրբուհի» Աննան պիտի չեղարկէ Փեքին մեկնելու իր ծրագիրը՝ երկու տարի չինական փիլիսոփայութիւն ուսանելու։

Փաշինեան յոխորտանքով յայտարարեց, որ ինք օժտուած է բոլոր յատկութիւններով՝ ղեկավարելու իր իսկ ստեղծած խորհուրդը, որուն առաքելութիւնն է կաթողիկոսը հեռացնել. խորհուրդի անդամները պէտք է՝

  • Ըլլան մկրտուած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (չենք գիտեր՝ Փաշինեանը մկրտուա՞ծ է, թէ՞ ոչ),
  • Հաւատան  Յիսուս Քրիստոսին,
  • Գոնէ մէկ անգամ ամբողջական կերպով կարդացած ըլլան Աստուածաշունչը,
  • Վերջին հինգ տարիներուն գոնէ մէկ անգամ պահած ըլլան Մեծ պահքը,
  • Ամէն օր աղօթք ընեն։

Ան նաեւ պայման դրաւ, որ խորհուրդի ոեւէ կուսակրօն հոգեւորական պէտք չէ խախտած ըլլայ իր կուսակրօնութեան ուխտը։ Բայց ոչ մէկ բացատրութիւն կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ստուգէ այս պահանջներուն կատարումը։

Հակառակ նախորդ շաբաթ շրջան ընող լուրերուն, թէ Փաշինեանի հրահրած ամբոխը պիտի հաւաքուի Սուրբ Էջմիածին՝ «ազատելու» կաթողիկոսարանը Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, նման բան տեղի չունեցաւ։ Կա՛մ լուրերը կեղծ էին, եւ կամ Փաշինեան յետաձգեց իր այս քայլը՝ նկատելով, որ ընդդիմադիրները հաւաքուած են պաշտպանելու կաթողիկոսը։ Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ կողմնակիցները զգալիօրէն աւելի են Փաշինեանի հետեւորդներէն, երկու խումբերուն միջեւ որեւէ բախում կրնայ վերածուիլ արիւնահեղութեան՝ Սուրբ Էջմիածնի սուրբ հողին վրայ։

Ըստ Ամերիկայի Միջազգային հանրապետական հիմնարկի վերջին հարցախոյզին, Հայաստանի բնակչութեան 58 տոկոսը կը սատարէ եկեղեցւոյ, այս թիւը նախորդ տարուան հետ բաղդատելով՝ 10 տոկոսով բարձր է։ Միեւնոյն ժամանակ 59 տոկոսը դժգոհ է վարչապետին աշխատանքէն՝ 9 տոկոսով աւելի քան նախորդ տարի։

Փաշինեանի անօրինական եւ կործանարար ծրագիրը յաջողութեան չնչին հաւանականութիւն ունի։ Կաթողիկոսը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չհրաժարի։ Փաշինեանի միակ կարելի ուղին կը մնայ ապահովական ուժեր ուղարկել եւ կեղծ մեղադրանքներով ձերբակալել Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։ Եթէ այդպիսի բան պատահի, ապա նոր կաթողիկոս պէտք չէ ընտրուի՝ արտօնելով Գարեգին Բ.ը բանտէն շարունակել եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը։ Ի՜նչ խայտառակութիւն  աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին համար։

Յոյսով ենք՝ այս սարսափելի բեմագրութիւններէն ոչ մէկը կ՛իրականանայ։ Փաշինեան ի՛նք պէտք է հրաժարի։ Եթէ մերժէ, պէտք է անմիջապէս հեռացուի։ Հայ ժողովուրդը չի կրնար սպասել մինչեւ 2026-ի յունիս՝ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Մինչ այդ Հայաստան կրնայ գոյութիւն չունենալ, քանի որ Փաշինեանը զայն կը քանդէ մաս առ մաս, օր օրի։

Share