
Խ. Տէր Ղուկասեան
Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսին ստորագրուած ԱՄՆ, Հայաստան, Աdրպէյճան հռչակագրի մեկնաբանական վերլուծումներու շարքին իւրայատուկ է Գարլոս Անթարամեանի սպաներէն յօդուածը, «Կովկասի Փանամայի ջրանցքը», որ լոյս տեսաւ Պուէնոս Այրէս հրատարակուող ԱՐՄԵՆԻԱ թերթին կայքէջին վրայ իրադարձութեան յաջորդ օրը: Անթարամեան կ’ըսէ, թէ հռչակագրով աւետուող խաղաղութեան մասին իրեն շնորհաւորողներուն կը բացատրէր, թէ հայերուն համար շնորհաւորանքի ոչ մէկ առիթ կար, ընդհակառակը, հայոց պատմութեան իրերայաջորդ ողբերգական թուականներուն վրայ աւելցող թուական մըն էր, որ կ’աւելնար:
«Իրենց կը բացատրէի, որ նման համաձայնութիւններ, արդար եւ մնայուն խաղաղութիւն մը հաստատելու փոխարէն կ’ամրագրեն ուժով պարտադրուած իրականութիւններ, որոնք խոր վէրքերու եւ անհաւասարութիւններու կնիքը պիտի ձգեն ապագայ սերունդներուն վրայ: Ըսածս պատկերաւոր բացատրելու համար կը բերէի Փանամայի Ջրանցքը բանալու ԱՄՆ-ի որոշումին օրինակը: Այդ նախաձեռնութիւնը օրին արժանացաւ միջազգային ողջոյնին որպէս հմուտ դիւանագիտութեան յաղթանակ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Գոլոմպիայի համար եղաւ արտաքին պարտադրանք եւ իր հողատարածքի վերահսկողութեան կորուստ, իսկ Փանամային համար նշանակեց տասնամեակներ տեւած սահմանափակ գերիշխանութիւն»:
Կը յիշեցնէ, թէ գրեթէ ամբողջ քսաներորդ դարուն ընթացքին, ջրանցքին մօտակայ տարածութիւնները եղած էին «գաղութատիրական անկլաւի նման բան մը, վերապահուած Ջրանցքի ամերիկացի գործաւորներու եւ պաշտօնեաներու ընտանիքներուն, եւ անոր ապահովութեան վերահսկող ուժերուն: Այդ տարածքները նաեւ հանրածանօթ դարձան որպէս Լատին Ամերիկեան ցամաքամասի վրայ հակայեղափոխական խմբաւորումներու մարզումի կեդրոններ՝ տխրահռչակ Ամերիկաներու Վարժարանը»: Նշենք, որ հոն ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութիւնները կը պատրաստէին բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ պետական հարուածով իշխանութիւնը պիտի վերցնէին եւ հաստատէին բռնատիրական վարչակարգեր «ներքին թշնամիին դէմ» պայքարելու համար: «Շանորդի է, բայց մե՛ր շանորդին է», անոնց մասին ըսած է ԱՄՆ-ի Նախագահ մը…
Փանաման ի վերջոյ իր գերիշխանութիւնը վերահաստատեց Ջրանցքին վրայ: Ճիշդ հակառակը կը պատահի Սիւնիքի մէջ, կ’ըսէ Անթարամեան, նշելով Ռուսիոյ համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այն միջանցքը, որ պիտի բացուի, համաշխարհային մարքէթինկի կ’արժանանայ որպէս կոսմոպոլիտ ծրագիր, հնչուն անունով մը, որ «աւելի շուտ կը յուշէ Միամիի մէջ պերճագին «րիզորդ» մը, աւելի քան Կովկասի ամենալարուած շրջաններէն մէկուն համար ծրագիր մը»:
«Տոնըլտի կառավարութիւնը, Փոքերի երեսով, այն կը ներկայացնէ որպէս բացառապէս առեւտրական նախաձեռնութիւն, հեռու ռազմական թէ ապահովական նկատառումներէ: Կարծես թէ մեր ժամանակներու պատմութեան մէջ շատ ըլլային տագնապալի տարածաշրջաններու մէջ միջանցքներ, ուրկէ բացառապէս առեւտրական փոխանակման եւ ժպտուն զբօսաշրջիկներ կ’երթեւեկեն», կը հեգնէ Անթարամեան, եւ յօդուածը կ’աւարտէ շատ կտրուկ.
«Ներողութիւն, միայն կրնամ ըսել՝ «անիծեալ օր»»:
Գարլոս Անթարամեան Մեքսիքոյի հայ փոքրաթիւ բայց աշխոյժ համայնքի առաջատար դէմքերէն է, մարդաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիտաշխատող, քաջածանօթ ե՛ւ հայ Սփիւռքին, ե՛ւ Հայաստանին: Պատահական չէ, որ Զանգեզուրի միջանցքի եւ Փանամայի Ջրանցքի այս իւրայատուկ բաղդատական վերլուծումը իրմէ եկած ըլլայ. Լատին Ամերիկան հայկական վերլուծաբանական շրջանակին մէջ հազիւ թէ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ… Ի դէպ, Փանամայի Ջրանցքին մասին Անթարամեանի յօդուածի ընկալման հաւանաբար օգնէ Ճոն Լը Քարրէի «Փանամայի Դերձակը» վէպը (John Le Carré, The Tailor of Panama, 1996) եւ համանուն ֆիլմը Ճոն Պուրմանի բեմադրութեամբ (2001):
Անթարամեանի յօդուածը նաեւ դուռ կը բանայ ռուսական հակազդեցութեան մասին խորհրդածութիւններու: Թէ ստորագրուած փաստաթուղթը աւելի քան խորհրդաշնական է Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան յետընթացի մը, գոնէ քարոզչական իմաստով, կասկածի տեղի չի տար: Ատով հանդերձ, Մոսկուայի հակազդեցութիւնը շատ հեռու է ահազանգային ըլլալէ ինչպէս կ’ենթադրէին Կովկասի մէջ ռուսական ներկայութեան դէմ «Հաւաքական Արեւմուտք»ի կամ ՆԱԹՕ-ի յառաջխաղացքով մտահոգ հայ վերլուծաբաններ, որոնք այնպէս ալ անցնող հինգ տարիներուն չեն յաջողած համոզիչ բացատրութիւն տալ Ռուսիոյ կողմէ տարածաշրջանին մէջ իր միակ դաշնակիցի լքումի հետեւողական փաստերուն: Կրնայ ըլլալ որ Ռուսիա որդեգրած է սպասումի ռազմավարութիւն մը, թերեւս ճիշդ հաշուարկելով որ ստորագրուած փաստաթուղթի գործնականացումը, դեռ «շատ ջուր կը վերցնէ», թերեւս աւելի քան Թրամփին Նոպէլեան Մրցանակի տիրանալը, որ առանձնաբար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Քրեմլինին համար:
Բայց նաեւ կրնայ ըլլալ որ Ռուսիա այս եռակողմանի հռչակագրի քիչ մը անհասկնալի «նախաստորագրութիւնը», հետեւաբար՝ Զանգեզուրի Միջանցքը կամ Թրամփի Ուղին, ընկալէ որպէս ԱՄՆ-ի հետ բանակցային գործօն: Եւ այդ տրամաբանութեամբ է, որ միացաւ միջազգային համայնքին՝ ողջունելով Կովկասի Փանամայի Ջրանցքը, որ հինգ տարի առաջ ինք ուզած էր իրականացնել եւ վերահսկել… 8 Օգոստոսէն մէկ շաբաթ յետոյ, Թրամփ եւ Փութին պիտի ունենան իրենց առաջին հանդիպումը Ալասքայի մէջ, քննելու համար Ուքրանիոյ պատերազմը աւարտելու ձեւը: Հանդիպման վայրը խորհրդանշական է. այն հողատարածքն է, որ մաս կը կազմէր Ցարական Կայսրութեան եւ Ալեքսանտր Բ. ԱՄՆ-ին վաճառեց 1867-ին՝ տասնամեակ մը առաջ Ղրիմի պատերազմով պարպուած իր գանձարկղին եկամուտ (7,2 միլիոն տոլար) ապահովելու համար: Ճիշդ է, որ ատենին ռուս ազգայնականներ ընդդիմացան եւ երկար ժամանակ երազեցին վերատիրանալ տարածաշրջանին, բայց վերջին հաշուով հողատարածքներու, յաճախ իրենց բնակչութեամբ, առուծախը վերապահուած էր կայացած բայց սնանկացած կայսրութիւններու, գաղութատէր մեծ տէրութիւններու, թէ ծնունդ առնող բայց արդէն ծաւալապաշտական ախորժակներով յատկանշուող կարողական գերուժերու:
Թէ ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ 15 Օգոստոսի Թրամփ-Փութին հանդիպումը, կամ ինչպէս Ռուսիոյ ողջունումը 8 Օգոստոսի ԱՄՆ, Հայաստան, Ատրպէյճան եռակողմանի հռչակագրին կրնայ առնչուիլ Ուքրանիոյ մասին այս բանակցութիւններուն՝ թերեւս կարելի ըլլայ մեկնաբանել հանդիպումէն յետոյ միայն: Կը մնայ, որ Փութին հասկցած է, որ Թրամփին հետ պէտք է խօսիլ իր, անշարժ գոյքի բիզնեսմէնի լեզուով, ինչպէս կը գրէ Նիւ Եորք Թայմզ-ի լուրերու մեկնաբանը (Paul Sonne, «After Almost Losing Trump, Putin Gets His Ideal Summit», New York Times, August 10, 2025), եւ միջազգային բանակցութիւններու մէջ տիրապետող է նոյն այդ տրամաբանութիւնը՝ Զանգեզուրի Միջանցք ըլլայ այդ թէ Ուքրանիոյ մէջ հազուագիւտ մետաղներու հանքեր: Այսինքն՝ բիզնէս փոխանակումներու շահոյթի տրամաբանութեան մէջ է, որ ռազմավարական շահերը պիտի բանաձեւել, ոչ թէ հակառակը, ինչպէս կ’ենթադրէ դասական աշխարհաքաղաքականութիւնը՝ պատմական յիշողութեան, դաշինքներու հաւատարմութեան, ազգային, կրօնական թէ ցեղային հաւասարումներու եւ նմանօրինակ այլ հաշուարկներու բարդացումներով:
Ճուլիանօ Տա Էմփոլի «գիշատիչներ» կ’որակէ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ մերօրեայ խաղարկուները, մեծպետական ղեկավարներ ըլլան անոնք թէ մեծ կապիտալի եւ գերհարուստներու դասակարգի ներկայացուցիչներ (Giuliano Da Empoli, L’heure Des Prédateurs, Paris: Gallimard, 2025): Գիշատիչները իրենց սեղանին կը հրաւիրեն զանոնք, որոնց պիտի բզկտեն, եւ, երբեմն, պատառ մը իրենց տան: Կը մնայ, որ գիշատիչներուն զոհերը նոյնանման վերաբերմունք չունին: Ոմանք պատրաստ են ամէն ինչ զիջելու եւ աւելին, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեանը, որ հակառակ Թրամփի պատրաստակամութեան չուզեց Պաքուի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ներառել փաստաթուղթին մէջ: Ի տարբերութիւն Զելենսքիի, որ առնուազն կը փորձէ փրկել իր արժանապատուութիւնը եւ ի սկզբանէ յայտարարած է, որ կը մերժէ որեւէ հողային զիջում, կը մերժէ 15 Օգոստոսը վերածել «անիծեալ օր»ի: