Շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի վրայ սկսած յարձակումներու մահաբոյր սլաքներէն անմասն չմնաց նաեւ Լիբանան, երբ երկուշաբթի այգաբացին Հըզպալլա յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Իրանին եւ հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ` առանց նկատառելի վնասներ պատճառելու: Հըզպալլայի այս քայլը, որ հիմնականին մէջ առնուած էր իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի սպանութեան, յարմար պատրուակ ծառայեց Իսրայէլին: Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 2 մարտի առաւօտ կանուխէն սկսեալ իսրայէլեան անօդաչու սարքեր շրջեցան հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերեւ` թիրախաւորելով շրջանի զանազան շրջաններ: Նախնական այդ յարձակումին զոհ գացին նոյն ընտանիքի եօթը անդամներ` խուճապի մատնելով հարաւային արուարձաններու բնակիչները:
Յարձակումները շարունակուեցան մինչեւ երէկ մայրամուտի ժամերը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը նախօրօք զգուշացուց հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակիչները` «ազդարարուած շրջաններէն հեռանալու եւ չվերադառնալու»: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ հարուածել Հըզպալլան ապազինելու համար, «ու պիտի չդադրեցնենք պատերազմը, մինչեւ չվերացնենք Լիբանանէն ուղղուող սպառնալիքը»: Աւելի՛ն, իմացուեցաւ, թէ իսրայէլեան յարձակումերը պիտի ընդարձակուին լայնածիր ու համատարած տարողութեամբ ցամաքային ներխուժման հաւանականութեամբ: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, մինչեւ երէկ կէսօրուան ժամերը արձանագրուած է աւելի քան երեսուն զոհ եւ 150 վիրաւոր: Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժեր հարուածեցին «Քարտ Հասան» վարկատու հաստատութեան Պընթ Ժպէյլի մասնաճիւղը: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, յարձակումներուն ենթադրաբար զոհ գացած էր նաեւ լիբանանեան խորհրդարանի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ: Այս լուրը սակայն պաշտօնապէս չհաստատուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ: Յարձակումները հասան մինչեւ Սուրի զանազան գիւղերը, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի եւ արեւմտեան Պեքայի զանազան աւաններ: Ապահովական անակնկալ այս վատթարացման պայմաններուն մէջ թիրախաւորուած շրջաններու բնակիչներ փութացին դէպի ապահով շրջաններ հասնիլ` մայրաքաղաք Պէյրութի թէ գիւղական այլ շրջաններու ուղղութեամբ, երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծելով: Ոմանք նախընտրեցին ապաստանիլ Սուրիոյ մէջ:
Երեկոյեան ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ յայտարարեց, թէ թիրախաւորուող շրջաններէն տեղահանուած քաղաքացիներու ընդունման (հիւրընկալման) համար 170 կեդրոններ յառաջացած են զանազան շրջաններու մէջ եւ թէ աշխատանքը կը շարունակուի նոր կեդրոններ բանալու գծով: Նախարար Սէյիտ նաեւ յայտարարեց, թէ մինչեւ երեկոյ արձանագրուած են 52 զոհեր եւ 154 վիրաւորներ: Ան աւելցուց, որ կարգ մը դպրոցներ եւս օգտագործուած են իբրեւ տեղահանուածներու ժամանակաւոր ապաստանարան: Աւելի ուշ Իսրայէլ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ժնահ շրջանին մէջ թիրախաւորեց Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատասխանատու մը:
Կառավարական Արտակարգ Նիստ
Եւ Աննախընթաց Որոշում
Ստեղծուած խուճապային կացութիւնը զօրաշարժի մատնեց երկրի ղեկավար մարմինները: Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խորհրդակցաբար կառավարութեան արտակարգ նիստի հրաւիրեցին նախարարները: Աւելի քան չորս ժամ տեւած խորհրդակցութեանց աւարտին կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Հըզպալլայի արարքը` դիտել տալով, որ անիկա թշնամին հարուածելու փոխարէն «մեր երկրին ու ազգակիցներուն ահաւոր վնասներ պատճառելու առիթ ծառայեց»: Հաղորդագրութեան մէջ կառավարութիւնը «օրէնքէ դուրս» որակեց Հըզպալլայի առած քայլը` յայտնելով, թէ յատուկ քայլեր պիտի առնուին ձերբակալելու նման արարքներ կատարողները: Նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց ինքնազսպումի եւ թշնամիին կողմէ յարձակման պատրուակ չծառայելու կարեւորութիւնը: Կառավարութեան այս որոշումը նախընթաց կը նկատուի Լիբանանի նորագոյն պատմութեան մէջ, երբ շրջանային դերակատարի հանգամանքով շարժող եւ ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ գտնուող Հըզպալլային կը հրահանգէ դադրեցնել զինեալ արարքները եւ իր քայլերը սահմանափակել քաղաքական գործունէութեամբ: Կառավարութեան այս որոշումը խնդրայարոյց բանավէճի բնոյթ ստացաւ, երբ կարգ մը նախարարներ թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտեցին ստեղծուած իրողութեան գծով: Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար յայտնեց, որ Ամալ շարժումի նախարարներ համաձայն գտնուած են կառավարութեան նշեալ որոշումին, մինչ Հըզպալլայի նախարարներ ընդդիմացած են առանց սակայն հեռանալու ժողովէն: Իր կարգին, Հըզպալլայի համակիր առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտին զարմանք յայտնած է, թէ ինչպէ՛ս կառավարութիւն մը հաշուետուութեան կը կանչէ Դիմադրութիւնը:
Ազգային Համախոհութեան
Ճակատի Կազմութի՞ւն
Ստեղծուած կացութեան դիմաց զանազան կողմերու պատասխանատու ղեկավարներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին կառավարութեան առած այս աննախընթաց որոշումին` շեշտելով լիբանանեան գերիշխանութեան ամրագրման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ նկատուեցաւ իբրեւ լիբանանեան համախոհութեան ճակատի մը կազմութեան խմորումի նախանշանը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ժպրան Պասիլ իր զօրակցութիւնը յայտնեց կառավարութեան որոշումին: Նմանապէս նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր իր զօրակցութիւնը յայտնեց:


