8 օգոստոս 2025-ին ստորագրուեցաւ, Ուաշինկթընի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մասնակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը: Յուշագիրները իրաւական տեսակէտէ պարտաւորեցնող բնոյթ չունին: Յուշագիրը կայացած բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող հրապարակում է, տեսակ մը ատենագրութիւն: Յուշագիրին տակ, Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին ստորագրութիւններուն կողքին Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը կը վկայակոչէ ամերիկեան հովանաւորութեան մասին եւ անոր կու տայ որոշ իրաւական օրինաւորութիւն:
Փոխըմբռնման յուշագիրը կը խօսի երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման մասին, կը վկայէ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր»-ի նախաստորագրման մասին, կը հաղորդէ Մինսքի խմբակը լուծելու համատեղ դիմումի մասին եւ կը հաղորդէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մասին: Յուշագիրի գլխաւոր նիւթը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Կը հաղորդուի, որ Միացեալ Նահանգները յաջողած են համոզել Իլհամ Ալիեւը, որ հրաժարի Ազրպէյճանի կողմէ վերահսկուող միջանցքի պահանջէն եւ ընդունի զայն փոխարինել «Թրամփի երթուղի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» տարանցիկ եւ զարգացման նոր ծրագիրով մը: Թրամփեան նոր ծրագիրը, ըստ հայաստանեան կողմին, կ՛երաշխաւորէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը եւ փոխադարձութեան սկզբունքը: Յուշագիրը չ՛ըսեր, թէ ի՛նչ միջոցներով պիտի իրականանայ ամերիկեան հսկողութեամբ բանող երթուղիի հայկական վերահսկողութիւնը:
Նախաստորագրուած համաձայնագիրը հրապարակուեցաւ: Նախաստորագրումը համաձայնեցուած գրութեան ճշդութիւնը հաստատող միջոցառում է: Ատիկա կը կատարուի առհասարակ փաստաթուղթին տակ միայն` սկզբնատառերով ստորագրութեամբ: Հարց կը յառաջանայ. ինչո՞ւ: Համաձայնագիրը վերջնականապէս չստորագրուեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ: Ազրպէյճան նախապայմաններ ունի, որոնցմէ գլխաւորը Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Յուշագիրի կարգ մը կէտերու գործադրութիւնը պայմանաւորուած է համաձայնագիրի ստորագրութեամբ: Համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Հայաստանի կողմէ տնային աշխատանքի կատարումէն ետք: Ապա անիկա պէտք է վաւերացուի խորհրդարաններուն կողմէ (Սահմանադրական դատարանի դրական եզրակացութենէն ետք), պաշտօնապէս փոխանակուի, ապա արձանագրուի ՄԱԿ-ի մօտ:
Հրապարակուած համաձայնագիրը կը պահանջէ կողմերէն (հիմնականօրէն` Հայաստանէն) հրաժարիլ միջազգային կառոյցներուն մէջ բացուած դատական գործընթացներէն: Բարեկամ երկիրներ կը դառնանք. անցեալի բոլոր ոճիրները, անմարդկային արարքները, քանդումները, արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը, յուշակոթողներու աւերումը, Հայաստանէն տարածքներու գրաւումը եւ այլ յանցագործութիւններ մոռցուած անցեալին կը պատկանին:
Բացի ձեւական խաղաղասիրական ձեւակերպումներէն, թէ՛ համաձայնագիրը եւ թէ՛ յուշագիրը առկայ խնդիրներէն ոչ մէկուն գործնական լուծումներ կ՛առաջարկեն: Ամէն բան ձգուած է ապագայ բանակցութիւններու, որոնց յաջողութիւնը կախում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի բարեացակամութենէն: Ամէն գործնական լուծում առ այժմ յետաձգուած է: Ազրպէյճան յաջողեցաւ վերացնել 1992-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող Ամերիկայէն զինական օգնութեան արգիլման մասին Քոնկրեսի 907-րդ ուղղումը, Հայաստան համաձայնագիրներ ստորագրեց արհեստական բանականութեան, ուժանիւթի եւ «խաղաղութեան խաչմերուկի» կենսաւորման մասին Միացեալ Նահանգներէն օժանդակութիւն ստանալու մասին:
Ստորագրուած յուշագիրին եւ ստորագրելի համաձայնագիրին մասին իշխանութիւններու կողմնակիցներու խանդավառութիւնը անհասկնալի է: Խաղաղութիւնը ցանկալի է անկասկած: Զինեալ ամէն բախումէ ետք, թշնամիներու հաշտութիւնը կ՛իրականանայ արդարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ (իրաւազօրութեան վրայ) հիմնուած բանակցութիւններէ ետք:
Նման բանակցութիւններու ատեն յաղթող կողմը բնականաբար առաւելութիւններ կ՛ունենայ, սակայն պարտուած կողմին չի պարտադրեր ամբողջական անձնատուութիւն: Հայաստանի պարագային, անձնատուութիւնը պատմականօրէն լիիրաւ է, քանի որ ոչ միայն կը հռչակէ երկու երկիրներու կողմէ հողային որեւէ պահանջատիրութեան արգելումը, այլ նաեւ… ապագային եւս նման պահանջի բացառումը: Հայ ժողովուրդի անունով կատարուած այս մեծ զիջումը ընթացիկ կառավարութեան մը իրաւունքներուն մաս չի կազմեր:
Յարաբերական խաղաղութեան, ժամանակաւոր հանդարտութեան ժամանակաշրջան մը կը բացուի, երբ հարցերու լուծումը զերծ պիտի մնայ զինական միջոցներով լուծելու սպառնալիքէն: Սա կը նշանակէ, որ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին նոր զիջումներու կարելիութիւնը բացառուած չէ: Ազրպէյճան կրնայ գործածել այլ տեսակի ճնշումներ, ի չիք դարձնելով ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու խոստումները: «Իրական Հայաստանի» քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կենսունակութիւնը կը շարունակեն մնալ հարցականի տակ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ