Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լեռնալիբանանի Պասքինթա գիւղաքաղաքին մէջ ընթացք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը` հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Գահիրէի, Ամմանի եւ Պաղտատի շրջաններէն աւելի քան 1000 սկաուտներու:
Բանակումին բացումը կատարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութեամբ` Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ բանակումները առիթ են միութեան մէջ մեր սորվածները գետնի վրայ կիրարկելու, տեսականը գործնականի վերածելու, միասնաբար ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու, միասին ապրելու, բարեկամանալու, ազգային ու մարդկային արժէքներու շուրջ համախմբուելու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ով զօրանալու եւ ամրապնդուելու: Ան խօսեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտին ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին վստահուած դերակատարութեան մասին եւ ընդգծեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ կը կերտուի ինքնավստահ մարդը, կը կոփուի ազգին նուիրուելու պատրաստ հայը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ հասակ կ՛առնեն պատասխանատու եւ տիպար միութենականները, որոնց մէջ մենք կը տեսնենք մեր ապագան, մեր վաղուան առաջնորդներն ու ազգին պահապանները»:
Ապա, Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումին անդրադառնալով Համամճեան ըսաւ. «Թող այս բանակումը առիթ մը ըլլայ բնութեան գիրկը մտերմիկ եւ օգտաշատ օրեր անցընելու, նորութիւններ սորվելու եւ բաժնեկցելու, ընկերութիւններ հիմնելու, փորձառութիւններ շահելու` միշտ առաջնորդուելով հայրենիքին, ազգին ու Աստուծոյ ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանաբանով»:
Աւարտին, ան Միջին Արեւելքի «իւրայատուկ օրրան»-էն` Լիբանանէն, բանակումի մասնակիցներուն անունով ողջունեց Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերն ու եղբայրները` «խոստանալով միասնաբար շարունակել մեր նախնիներուն երթը եւ կերտել նորանոր յաջողութիւններ»:
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալին Օրտողլեան, որ ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորագոյն պատմութեան ծանօթներուն համար նորութիւն կը նկատուի ցամաքամասային բանակումի գաղափարը: Բոլորս ալ ծանօթ ենք Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումներուն, որոնք քառամեայ հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենան` իրենց հովանիին ներքեւ համախմբելով զանազան երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներ: Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իւրաքանչիւր սկաուտի երազն է գէթ մէկ անգամ մասնակցիլ այդ բանակումներուն` վայելելու անոնց խանդավառ մթնոլորտը եւ կապեր հաստատելու իրեն նման Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ: Այլազան պատճառներով սակայն ամէն սկաուտ առիթը չ՛ունենար մասնակցելու այդ բանակումներուն եւ կը զրկուի այդ պահէն ու անոր հաճելի յիշատակներէն: Նկատի ունենալով այս պարագաները, Կեդրոնական վարչութիւնը գաղափարը յղացաւ կազմակերպելու ցամաքամասային բանակումներ, որոնք պիտի համախմբեն աշխարհագրականօրէն նոյն տարածքին մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջաններու սկաուտները` առիթը տալով անոնց սկաուտական բացօթեայ կեանքը վայելելու` թէեւ իրարմէ հեռու շրջաններու մէջ ապրող, սակայն նոյն միութեան պատկանող քոյրերու եւ եղբայրներու հետ»:
Շարունակելով` Օրտողլեան ողջունեց բանակումին հիւրընկալ եւ մասնակից շրջանները եւ խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով ըսաւ. «Օգտուեցէ՛ք այս եզակի առիթէն, որ ձեզի կը տրուի, մոռցէ՛ք, թէ ո՛ր մասնաճիւղին կամ ո՛ր շրջանին կը պատկանիք. յիշեցէ՛ք միայն, որ դուք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներն էք եւ կը մասնակցիք իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս բանակումին: Վայելեցէ՛ք իւրաքանչիւր պահը, հաստատեցէ՛ք նոր բարեկամութիւններ եւ այդ կապերը ամուր պահեցէք ու շարունակեցէք բանակումէն ետք ալ: Եղէ՛ք կարգապահ, հետեւեցէ՛ք ձեզի փոխանցուած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն, որովհետեւ այս բանակումին յաջողութիւնը կախեալ է ձեր բոլորին գործակցութենէն եւ կարգապահութենէն»:
Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ալիք Տէր Պետրոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման բանակումի մը յաջողութեան համար տարուած է համախմբուած ու կազմակերպուած աշխատանք: Ան պատիւ նկատեց գործակցելու եւ աշխատելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն տիպար, անձնուէր եւ ապագայի ղեկավար խմբապետներուն հետ, որոնց ուժերուն, ազգասիրութեան ու հաւատքին շնորհիւ կարելի եղաւ իրականութիւն դարձնել նման բանակում մը:
Խօսքը տարազաւորներուն ուղղելով` ան մաղթեց, որ բանակումը ըլլայ հեզասահ, չարքաշ, կարգապահ, ուրախ բանակում մը` առաջնորդուելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով:
Ապա պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ բանակումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Շաբաթ, 19 Յուլիս։