Ֆաթհ շարժումը պաղեստինեան Սայտայի Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ իր զէնքէն քանակ մը յանձնեց լիբանանեան բանակին:
Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Ապտելհատի Ասատի յայտնեց, որ իրենց ուժերը Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) պատկանող ծանր զէնքերու հինգերորդ քանակը յանձնած են:
«Այս քայլը կ՛առնուի առ ի գործադրութիւն Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի 21 մայիս 2025-ի միացեալ յայտարարութեան, որմէ ծնունդ առաւ գաղթակայաններու կացութեան հետեւելու եւ այդտեղ կենցաղային պայմանները բարելաւելու լիբանանեան եւ պաղեստինեան միացեալ յանձնախումբի աշխատանքը», նշեց ան:
«Այս նախաձեռնութիւնը կ՛արտացոլէ պաղեստինեան-լիբանանեան յարաբերութիւններու խորքը եւ կու գայ մարմնաւորելու անվտանգութիւնը հաստատելու, անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ պաղեստինցի ու լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու հասարակաց նախանձախնդրութիւնը», շեշտեց Ասատի:
