Կարօ Արմենեան
Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջև։
Իրանեան կողմի Մայիսի 2-ին և 3-ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ և Մեծն Բրիտանիոյ և միւս կողմէ՝ ԱՄՆ-ի հետ վերջին պահուն յետաձգման ենթարկուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով։ Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգոյշ է, որ բանակցային գործընթացը յանկարծ իր բնոյթը չփոխէ…
Հարցը ԱՄՆ-ի գործադիր իշխանութեան ներքին երկուութիւններն են։ Իրան կ՚ակնկալէ, որ Թրամփի սկզբնական հաւաստիքները մնան ի զօրու։ Կողմերու միջև ցարդ ձևաւորուած համախոհութեան հիմնական եզրը կը յենուէր շատ յստակ առաջադրութեան մը վրայ։ Մէկ կողմէ, Իրան կ՚ընդունէր իր միջուկային ծրագիրը հեռու պահել որևէ ռազմականացումէ և զայն սահմանափակել զուտ ուժանիւթային զարգացման կարիքներու ոլորտին մէջ։ (Բա՛ն մը՝ որ Իրան արդէն վաղուց ընդունած էր որպէս պաշտօնական քաղաքականութիւն և առ այդ իր ծրագիրը դրած՝ միջազգային վերահսկողական կառոյցներու տրամադրութեան տակ։) Միւս կողմէ, ապահովել ԱՄՆ-ի անուղղակի հովանաւորութիւնը միջուկային իր ծրագրի ոչ-ռազմական մարզերու զարգացման համար։
Չմոռնալ, որ Իրան ստորագրած է միջազգային NPT դաշնագիրը դեռ 1970-ին ինքզինք յանձնառութեան տակ դնելով իր ծրագրի ապառազմական բնոյթի պահպանման կապակցութեամբ։ Ճիշտ է, որ Իրանի վիճակացոյցը այս մարզին մէջ տևաբար եղած է վիճարկման ենթակայ։ Եւ սակայն նման վէճերը միշտ մնացած են հակակշռելի։ Եւ բնական է, որ նման խնդիրներու քննութիւնը մաս կազմէ այսօր Մասխաթի բանակցութիւններու օրակարգին։ Ասոնք բանակցային գործընթացի հերթական խնդիրներն են և Թրամփի ցարդ արձանագրած յաջողութիւնը Մասխաթի մէջ այս վիճելիները սեղանի վրայ պահելու կարևոր գրաւական մըն էր բանակցային գործընթացը ԱՄՆ-ի ազդեցութեան ծիրին մէջ ամրակայելու տեսակէտէն։
Դժուարութեան աղբիւրը պէտք է փնտռել բոլորովին այլ տեղ։ Զայն պէտք է փնտռել Իսրայէլի մէջ։ Ճիշտ է, որ Թրամփ ցարդ կարողացաւ Իսրայէլի մաքսիմալիստ յաւակնութիւնները Իրանի նկատմամբ յաջողապէս զսպել, բայց այդ մէկը զուտ մարտավարական հողի վրայ ձևաւորուած համախոհութիւն մըն էր։ (Եւ անշուշտ Իսրայէլ փութաց «փոխարժէք»ը ստանալ Կազայի և Սուրիոյ մէջ։) Ակնյայտօրէն, Վարչապետ Նեթանիահու չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը Իրանի վերաբերմամբ։ Իսրայէլեան թէզը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ ԱՅՆ Է՝ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԼՈՒԾԱՐԵ՛Լ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ։ ԼՈՒԾԱՐԵԼ ՆՈՅՆԻՍԿ ԻՐԱ՛ՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺ։ Յամենայն դէպս միջուկային զարգացման ոլորտէն բոլորովին դուրս բերել Իրանը և նախընտրաբար՝ ռազմական միջամտութեա՛մբ։ Եւ անշուշտ նախընտրաբար՝ ԱՄՆ-ի զէնքերով…
Այս ծայրայեղական թէզը մաս կը կազմէ Իսրայէլի ներկայ իշխանութեան կողմէ ձևաւորուած և բացէ ի բաց յայտարարուած Իսրայէլի լինելիութեան վարդապետութեան։ Միաժամանակ կասկած չկայ, որ այս թէզը փակուղային է և արկածախնդրական։ Ան խոտոր կը համեմատի ԱՄՆ-ի տարածաշրջանային քաղաքականութեան նորմերուն։ Խոտոր կը համեմատի ԱՄՆ-ի գերագոյն շահերուն։ Ճիշտ է, որ ներքաղաքական իրավիճակի տրամադրութիւններու լոյսին տակ Թրամփեան խօսոյթը յարձակողական կը հնչէ, բայց ան չի դադրիր նրբութիւններու հպատակելէ։ Այո՛, ան ունի սպառնական բնոյթ։ Ան կը պահանջէ, որ յաջորդ երկու ամսուան ընթացքին Իրան համաձայնագիր ստորագրէ ԱՄՆ-ի հետ, այլապէս…Բայց ԱՄՆ-ի առաջնահերթ խնդիրը շատ հեռու է հարցին ռազմական լուծում տալու այլընտրանքէն։ ԵՒ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԻՐԱՆԻ ԳՐԱՒՆ ԱԼ ԱՅՍ ԿԱՐևՈՐ ՆՐԲՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ Է, ՈՐ ԽԱՐՍԽՈՒԱԾ Է։ Որքան ատեն որ նախատեսուած համաձայնագիրը Իրանի կարմիր գիծերը չի բռնաբարեր, Իրան պատրաստ կը թուի ԱՄՆ-ի հետ լայնօրէն գործակցելու։ Ճիշտ կամ սխալ՝ Իրանի ղեկավարութիւնը իր գրաւը դրած ըլլալ կը թուի Թրամփին վրայ…Ան կը յուսայ Թրամփը ունենալ, որպէս իր իրական երաշխիքը Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դէմ։ Հետևաբար կարևոր է գիտնալ, թէ որո՞նք են Իրանի կարմիր գիծերը այսօր։
Իրան պատրաստ կը թուի համախոհութեան գալու ԱՄՆ-ի հետ միջուկային անվտանգութեան մարզին մէջ։ Ան պատրաստ է չափագրելի և ստուգելի երաշխիքներ հայթայթելու իր միջուկային ծրագրի ապառազմական բնոյթի պահպանման մարզին մէջ ի դիմաց նոյնքան շօշափելի ամերիկեան և միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու։ Յստակ է, որ Իրանի բանակցային ռազմավարութիւնը այս ոլորտին մէջ է, որ կ՚ուզէ գործել։ Իրան կը յուսայ, որ այս ապառազմական ոլորտին մէջ իր միջուկային ծրագիրը մեծ թափով կը յառաջդիմէ օգտուելով Արևմուտքի արհեստագիտական նոր հմտութիւններէն և ուժականութիւններէն։ Ասիկա հսկայ շրջադարձ մըն է Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Բայց այս մէկը երբեք չի նշանակեր, որ Իրան պատրաստ է իր միջուկային ծրագիրը «զոհելու»։ Իրան նոյնիսկ կը յիշեցնէ աշխարհին, որ ուրանիումի վերամշակման գծով իր իրաւունքները լիովին երաշխաւորուած են NPT միջազգային դաշնագրի տրամադրութիւններով նոյնիսկ եթէ Իրան երկկողմ համաձայնութիւն կնքէ իր այդ իրաւունքները ինքնակամօրէն առկախելու (ինչպէս ըրած է օրինակ՝ Պրազիլիան)։
Այս կէտին վրայ, Իրանի բանակցային խնդիրն է նոր յստակացում ապահովել Թրամփի դիւանագիտական թիմէն։ Յստակացո՛ւմ՝ որ ԱՄՆ-ի սկզբնակէտը չէ փոխուած…Իրան կը հաւաստիացնէ, որ ինք պատրաստ է բանակցային գործընթացը պահելու դրական մթնոլորտի մէջ ակնկալելով նոյնը Արևմուտքի ուժերէն։ Նոյնպիսի տպաւորութիւն մը – թէև շփոթ բառապաշարով – կարելի է քաղել Թրամփի վերջին ելոյթներէն։ Եւ սակայն յստակ է, որ Սպիտակ Տունը վէճի մէջ է այս հարցով։ Եւ հարց է, թէ Նախագահը՝ ի՛նք ի վերջոյ ի՞նչ դիրքերու պիտի յանգի։
Իրականութիւնը այն է, որ Նեթանիահու արդէն կրցած է Թրամփի բերդէն ներս մտքերու պառակտում յառաջ բերել։ Ի՞նչ է ԱՄՆ-ի յստակ պահանջը Իրանէն…Լիովին լուծարե՞լ Իրանի միջուկային ծրագիրը։ Վստահելի երաշխիքնե՞ր ձեռք ձգել ծրագրի ապառազմականացման խնդրով։ Ուրանիումի վերամշակման հարցով յանգիլ միջին եզրի՞ մը։ Տարածաշրջանի անվտանգային խնդիրներու ոլորտին մէջ հասնիլ ընդհանուր համաձայնութեա՞ն։ Այս կէտին վրայ, խաղաքարտերը խառնուած կը թուին ըլլալ։ Թրամփի դիւանագէտները ի՞նչ առաջնահերթութիւններով պիտի առաջնորդուին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մէջ։
Այս բոլորին մէջ, անուրանալի է Ուաշինկթընի և Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ իսրայէլամէտ լապիի դերակատարութիւնը։ Անոր զուգընթաց՝ նաև թրքական և ազրպէյճանական լապիներու ճնշումը։ Պէտք չէ բացառել նաև Մոսկուայի հաւանական մասնակցութիւնը Իրանի կապակցութեամբ Թրամփի քաղաքականութիւնը խոչընդոտելու ընդհանուր ճիգին… Տապալե՛լ իրանևամերիկեան բանակցային գործընթացը կը նշանակէ Թրամփի քաղաքականութիւնը պատանդ վերցնել Կովկասի գերզգայուն բեմին վրայ…Ո՞վ պիտի չուզէր այդ բանին հասնիլ։ Եւ ուրեմն չզարմանա՛լ՝ որ, առաջին հերթին, ԱՄՆ-ի «բարեկամ»ներու դաշտէն գայ այդ սպառնալիքը։ Առաջին հերթին, Նեթանիահու-Ալիև շահերու վտանգաւոր սերտակցութենէ՛ն…և որուն առաջին թիրախը բնականաբար Հայաստանն է միշտ։