«Հայ դատը արդարութեան դատ է եւ արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է»-Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայ դատը արդարութեան դատ է եւ արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է»-Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հաղորդագրութիւն-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը շրջանի մեծագոյն եւ ազդեցիկ կազմակերպութիւնն է, որուն շուրջ համախմբուած են ամերիկեան ցամաքամասի մեծ թիւով հայորդիներ՝ ի խնդիր հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան իրագործման: Հայ դատի յանձնախումբը ամէն տարի ի մի կը խմբէ իր երթին բարոյական ու նիւթական նեցուկ ցուցաբերած օտար թէ՛ հայ անձերը՝ տարեկան դրութեամբ ճաշկերոյթ կազմակերպելով: Այս տարի եւս, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած տարեկան ճաշկերոյթին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի նախկին նախագահ Նենսի Փելոսի, ներկայ ծերակուտականներ եւ մեծ թիւով հայ դատի զօրակից ազգայիններ:

Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անգլերէն լեզուով իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Առաջին հերթին, ան ներկաները ողջունեց արդադութեան եւ մարդու իրաւունքներու բարւոքման համար պայքարող բոլոր դատերու հետ միասնութեան ոգիով՝ դիտել տալով, որ արդարութիւնն ու մարդու իրաւունքները իսկական եւ ամուր հիմքերն են կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման։ Ան ընդգծեց, որ զիրենք այդ սրահին մէջ հաւաքողը Հայ դատն էր, որ բառին ամէն իմաստով դատ է վասն արդարութեան։

Հայրապետը շարունակեց խօսքը անդրադառնալով ներկայ աշխարհին արդարութիւն հասկացութեան չարաշահման եւ յիշեցուց, որ արդարութիւնը Աստուածատուր եւ սուրբ արժէք է՝ «Արդարութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ է, որպէսզի կառավարէ մարդուն կեանքը եւ ապահովէ՝ հաւասարութիւն, խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ յառաջընթացք։ Ուստի, անոր խախտումը Աստուծոյ դէմ գործուած մեղք է եւ մարդկութեան հանդէպ՝ ոճիր»։

Ապա Նորին Սուրբ Օծութիւնը յայտնեց, որ արդարութիւնը հիմքն է մարդու իրաւունքներուն ու միջազգային պայմանադրութիւններու եւ համաձայնագրութիւններու մէջ կեդրոնական արժէք է: Աւելին՝ արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը անմիջականօրէն ընդելուզուած են իրարու։

Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ արդարութեան պահանջին՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ արմատացած ըլլալուն, իսկ Հայ դատի գրասենեակին համար արդարութեան եւ մարդու իրաւունքի համար աշխատանքները առաջնահերթութիւն ըլլալուն։ Այս ըսելով, ան ակնարկեց հայոց դէմ 20-րդ դարու ցեղասպանութեան եւ նշեց, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց 2024-ին՝ Արցախահայութիւնը արմատախիլ ընելով՝ ձեռամբ Ազրպէյճանի. «Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը պահանջէ արդարութիւն եւ իր մարդու իրաւունքներու վերականգնում», ըսաւ ան։

Արամ Ա. վերջապէս անդրադարձաւ Ամերիկային Միացեալ նահանգներուն եւ ըսաւ, որ ան հայ ժողովուրդի կողքին եղած է արդարութեան պահանջատիրութեան մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին՝ վերակառուցման ջանքերուն մէջ։ Ան յայտնեց, որ տնտեսական հնարաւորութիւններու կողքին, Միացեալ Նահանգներ նաեւ արժէքներու երկիր է։ «Ազատութիւնը, արդարութիւնը, մարդու իրաւունքները ամերիկացիին հիմքը կը կազմեն» եւ պատմեց 1976 թուականին, Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով Ուաշինկթընի Լաֆայետ այգիին մէջ արտասանած խօսքը, ուր ըսած է, որ այս մեծ երկրի ինքնութիւնն ու ուժը կը կայանայ մարդու իրաւունքների նկատմամբ անոր անսասան նուիրուածութեան մէջ։

Share