ՀՅԴ Վանգուվըրի «Ս. Վրացեան» կոմիտէութիւնը հանդիսաւորապէս նշեց Հայ Յեղափոխական Դանակցութեան 135-ամեակը

ՀՅԴ Վանգուվըրի «Ս. Վրացեան» կոմիտէութիւնը հանդիսաւորապէս նշեց Հայ Յեղափոխական Դանակցութեան 135-ամեակը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 135-ամեակը փառաշուք կերպով նշուեցաւ Վանգուվըրի մէջ, Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ին, Հայ Կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս։

Երեկոն կազմակերպուած էր ՀՅԴ Վանգուվըրի «Ս․ Վրացեան» կոմիտէութեան կողմէ, որ համախմբած էր համայնքի յարակից բոլոր կառոյցները, արտացոլացնելով ազգային միասնական ոգին եւ սերունդներու շարունակականութեան կապը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը, ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, «Ս. Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութեան ու ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի ընկերներն ու ընկերուհիները, իրենց ծնողքներով եւ շրջանիս կուսակցական ընկերներն ու ընկերուհիները, իրենց ընտանեկան պարագաներով:

Հանդիսութիւնը վարեց՝ ընկ. Գէորգ Գատեհճեան։ Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան մէկ դար ու երեսուն եւ հինգ տարիներու ընթացքին տարած հսկայ ու ծաւալուն գործունէութեան եւ հաստատեց, թէ ամեակներու նշումը հաշուետուութեան եւ դաշնակցականի տուած երդումը կրկին վերահաստատելու եւ վերանորոգելու պատշաճ առիթ է։

Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին «Ս. Վրացեան» կոմիտէի անդամ Մհեր Զգոյշեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարալ Քուլլահեան, որ ողջունեց գաղութիս մեծ ընտանիքին համախմբումը եւ քաջալերեց ներկաները միասնական ճիգերով յառաջ տանելու հայապահպանման աշխատանքը։

Ձեռնարկին ընթացքին կարդացուեցաւ եկեղեցւոյս հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տէր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի պատգամը, որուն մէջ կ՚ըսէր. «Այս առիթով կը շնորհաւորեմ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը ընդհանրապէս եւ Գանատայի ՀՅԴ ընտանիքը յատկապէս եւ կը մաղթեմ շարունակել ժողովուրդի ծառայութեան իր յանձնառութեան նուիրական առաքելութիւնը` ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման»։

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով Գէորգ Հայիթեան՝ Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութեամբ, ինչպէս նաեւ Նարեկ Աւետիսեան եւ Կարս ու Մանուէլ Փանոսեաններ՝ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» ոտանաւորով։ ԳԵՄ-ի ընկերներ՝ Գեղամ Քուլլահեան, Լար Սիսեռեան, Փառելի Փանոսեան եւ Շանթ Մինասեան, օրուան խորհուրդն ու պատգամը ներկայացուցին, իսկ հայրենասիրական երգով հանդէս եկաւ փոքրիկն Կարէն Աւետիսեան։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ներկաները վայելեցին հայկական ճաշատեսակներ։

Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւներ՝ կոմիտէութեանս յառաջիկայ աշխատանքներու իրականացման ի խնդիր:

Երեկոյթը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։ Ներկաները առաւել եւս գօտեպնդուած, ազգային գիտակցութեան խոր ապրումներով, վերանորոգ կամքով եւ ապագայի վառ յոյսերով մեկնեցան սրահէն։

Share