Սուրիան կ՛ողջունէ 8 օգոստոսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը, որ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու դրուատելի ջանքերուն շնորհիւ: Այս մասին յայտարարած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը, դիտարկելով այս համաձայնութիւնը իբրեւ կարեւոր քայլ, որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան հաստատման եւ պիտի ամրապնդէ տագնապները խաղաղ ճամբով լուծելու սկզբունքը, կը շնորհաւորէ համաձայնագիրի երկու կողմերը` իրենց տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնելու եւ խաղաղութեան հասնելու համար, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային կայունութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ: