Ռուպիօ. «Քիեւի Հետ Խաղաղութեան Ծրագիրի Վերաբերեալ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք»

Ռուպիօ. «Քիեւի Հետ Խաղաղութեան Ծրագիրի Վերաբերեալ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք»

Սպիտակ տունը յայտնեց, թէ Զուիցերիոյ մէջ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ բանակցութիւնները «դէպի յառաջ կարեւոր քայլ» էին` վերահաստատելով, որ որեւէ վերջնական համաձայնութիւն հիմնուած պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան «ամբողջական յարգման վրայ»:

Ուաշինկթըն Ժընեւի մէջ բանակցութիւններէն ետք հրապարակեց ամերիկեան-ուքրանական միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէր. «Քննարկումներուն հիմամբ երկու կողմերը մշակեցին խաղաղութեան ծրագիրի արդի եւ բարելաւուած շրջագիծ մը»:

«Բանակցութիւնները շինիչ էին, կեդրոնացած, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ, անոնք ընդգծեցին տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ հասարակաց յանձնառութիւնը», նշեց հաղորդագրութիւնը:

«Բանակցութիւնները դէպի դիրքորոշման միացում եւ հետագայ յստակ քայլերու ճշդման շօշափելի յառաջընթաց յանգեցան», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:

«Որեւէ ապագայ համաձայնութիւն պէտք է ամբողջովին յարգէ Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնը եւ հաստատէ տեւական ու արդար խաղաղութիւն մը», շեշտեցին երկու կողմերը:

Անոնք նաեւ խոստացան «յառաջիկայ օրերուն» շարունակել հասարակաց առաջարկներուն վրայ աշխատանքը:

Նշենք, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ներառող ամերիկեան եւ ուքրանական պատուիրակութիւնները կիրակի օր Ժընեւի մէջ բանակցեցան ուքրանական տագնապը լուծելու ամերիկեան ծրագիրին շուրջ, որ ուքրանական կողմէն եւ եւրոպական պետութիւններէն ընդդիմութեան արժանացաւ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրին շուրջ ուքրանական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է:

«Կը կարծեմ, որ լաւ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ մեր երկու խումբերը իրենց սենեակները ուղղուեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այժմ աշխատանք կը տանինք մեզի ներկայացուած կարգ մը առաջարկներու վրայ»:

«Աշխատանք տարինք կարգ մը բարեփոխումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու` յուսալով, որ յառաջ կ՛ընթանանք լուծելու տարակարծութիւնները եւ մօտենալու անոր, որ յարմար է թէ՛ Ուքրանիոյ, թէ՛ ալ Միացեալ Նահանգներուն համար», աւելցուց Ռուպիօ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ նշեց. «Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ պատերազմին վերջ տալու 28 կէտերէ բաղկացած ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները եւրոպացիներուն համար հսկայական յաջողութիւն իրագործեցին»:

«Այս ծրագիրէն ջնջուեցան Եւրոպայի առնչուած բոլոր կէտերը, ներառեալ անոնք, որոնք կը վերաբերին ՕԹԱՆ-ին: Ասիկա հսկայական յաջողութիւն մըն է, որ երէկ իրագործեցինք», նշեց գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

«Սկիզբէն յստակ էր, ինչպէս շարունակ ըսինք, թէ առանց եւրոպացիներուն եւ ուքրանացիներուն հաւանութեան պէտք չէ համաձայնութիւն գոյացնել», յայտնեց Վատեֆուլ:

Share