ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Մեր ձեւով» շարժման հանրահաւաքը` ի զօրակցութիւն կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ու հոգեւորականներու:
Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց. «Այսօր «Մեր ձեւով» շարժումը կը սկսի երրորդ շարժումը` Հայաստանի վատ շրջանի աւարտի շարժումը եւ վերակառուցման շարժումը»:






Կարապետեանը շարունակեց. «Մեր պայքարը պիտի ըլլայ խաղաղ, բայց հետեւողական: Մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ. ինչքան հետեւողականօրէն յարձակին մեր եկեղեցւոյ վրայ, այնքան հետեւողականօրէն ալ մենք պիտի պաշտպանենք մեր եկեղեցին, ինչքան հետեւողականօրէն փորձեն որեւէ ձեւով թուլացնել մեր հասարակութեան աշխուժ մասը, այդքան հետեւողականօրէն ալ մենք ցոյց պիտի տանք մեր ուժն ու միասնականութիւնը»:
Հանրահաւաքէն ետք Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցները քայլերթով հասան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին առջեւ` պահանջելով ազատ արձակել կալանաւորուած Սամուէլ Կարապետեանը:
