Յարութ Սասունեան
Նախագահ Տանըլտ Թրամփի 24 ապրիլ 2025-ի ուղերձը, որուն մէջ ան խուսափեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելէ՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ամօթալի ետդարձ է Միացեալ Նահանգներու տասնամեակներու ճանաչումներէն: Թրքական եւ ազրպէյճանական շրջանակները արագօրէն օգտուեցան Թրամփի յայտարարութենէն: Թրքական «Թուրքիէ թուտէյ» (Turkiye Today) թերթը 24 ապրիլին հրապարակեց յօդուած մը` «Թրամփ ապրիլ 24-ին խուսափեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրէն` իբրեւ բարեկամական շարժոյթ Թուրքիոյ նկատմամբ» խորագիրով: Ազրպէյճանական «Ազերնիուզ» լրատուամիջոցը իր կարգին 25 ապրիլին հրապարակեց յօդուած մը` «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 1915-ի վերաբերող յայտարարութեան մէջ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրէն» խորագիրով:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951 թուականին՝ պաշտօնական փաստաթուղթով, որ ներկայացուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան):
Ներկայացուցիչներու տունը 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունած է երկու բանաձեւեր, որոնցմով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն զայն ճանչցած է 22 ապրիլ 1981-ի իր հռչակագիրին մէջ:
Ներկայացուցիչներու տունը կրկին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 29 հոկտեմբեր 2019-ին` 405 թեր եւ 11 դէմ ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ: Հակառակ նախագահ Թրամփի քանի մը փորձերուն` զայն խոչընդոտելու, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 12 դեկտեմբեր 2019-ին ընդունեց բանաձեւ մը, որով միաձայնութեամբ (100 թեր եւ 0 դէմ) ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 24 ապրիլ 2021-ին հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեամբ:
Այս բոլոր ճանաչումներէն ետք հայերը այլեւս չի հետաքրքրեր, թէ 2025-ին Թրամփ ի՛նչ ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Անկասկած, Թրամփ պարզապէս հրաhանգ ստացած է իր մտերիմ ընկերոջմէն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որով այնքա՜ն հմայուած է Թրամփ։
Ամիսներ շարունակ Թրամփի հայ համակիրները հպարտօրէն կը նշէին, որ նախագահը շրջապատուած է կառավարութեան երեք բարձրաստիճան հայամէտ անդամներով` Առողջապահութեան եւ մարդկային ծառայութիւններու նախարար Ռոպերթ Ֆ. Քենետի կրտսեր, Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Թուլսի Կապպարտ եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ: Բացի Ռուպիոյէն, առաջին երկուքը ոչ մէկ կապ ունին արտաքին քաղաքականութեան հետ: Այս երեքէն ոչ մէկը փորձեց ազդել Թրամփի ապրիլ 24-ի յայտարարութեան վրայ, կամ նախագահը պարզապէս անտեսեց անոնց խորհուրդները: Ռուպիոն նոյնիսկ Թրամփէն ալ աւելի մեղմ յայտարարութիւն կատարեց ապրիլ 24-ին՝ նշելով. «Աննկարագրելի կորուստի շուքին տակ հայ ժողովուրդը տոկացած է եւ յաղթած: Այսօր Մեծ եղեռնը կը յիշենք ոչ միայն սգալով, այլ նաեւ վճռականութեամբ: Յարգելով անցեալը` մենք կ՛ակնկալենք աշխատիլ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան, բարգաւաճման ու ապահովութեան ուղղութեամբ»: Ուշադրութիւն դարձուցէք՝ ոչ մէկ յիշատակում կայ Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան՝ իբրեւ ցեղասպանութեան կազմակերպիչ:
Հայերը նաեւ ստիպուած էին առերեսուիլ նախագահ Էրտողանի ապրիլ 24-ի խեղաթիւրուած յայտարարութեան, որուն նպատակն էր մոլորեցնել անոնք, որոնք այնքան միամիտ են նման հնարքներով խաբուելու: Էրտողան յղեց «ցաւակցական ուղերձ», զոր պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան պարտաճանաչ կերպով ընթերցեց Պոլսոյ Ֆերիքէօ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Հեռու ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ, Էրտողանը նենգօրէն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները հաւասարեցուց Համաշխարհային Ա. պատերազմին սպաննուած թուրք զինուորներուն հետ: Աւելի հեռու երթալով` Էրտողան մեղադրեց հայ զոհերը՝ «ապստամբութիւններու, աւազակախումբերու աճող շարժումներու, զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ խափանարար գործողութիւններու» մասնակից ըլլալու մէջ, ասոր կողքին յիշատակեց «պատերազմի տարիներուն տիրող համաճարակներուն» պատճառով կորսուած կեանքերը: Ասիկա ճշմարտութիւնը ժխտելու նողկալի այլ փորձ մըն է:
Բազմաթիւ հայերու համար ամէնէն ցաւալին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւններն են, ըստ որոնց՝ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չէ»:
Աւելի՛ն, վերջին ամիսներուն Փաշինեան հարցեր բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական փաստերուն վերաբերեալ, օրինակ՝ թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է եւ ինչո՞ւ, այդպիսով հիասթափեցնելով աշխարհի մեծաթիւ հայեր, սակայն մեծ ուրախութիւն պարգեւելով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն: Բարեբախտաբար, Փաշինեան չէ մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան բացայայտ ժխտման` ապրիլ 24-ի իր հաշտեցման յայտարարութեան մէջ օգտագործելով թէ՛ Մեծ եղեռնը, եւ թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն անիմաստ հարցումներ ուղղելը միայն կասկածի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը: Իրավիճակը առաւել վատթարացնելով` Փաշինեան քննադատած է հայ ժողովուրդին կողմէ Արարատ լերան պաշտամունքը, աջակցութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին, քայլերգին եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան: Անոր հակազգային յայտարարութիւնները կը քաջալերեն ժխտողականները Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Անկասկած, Փաշինեան տեղի կու տայ Ալիեւի եւ Էրտողանի զիջումներու պահանջներուն` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու համար:
Մինչ Փաշինեան մեղմ դիրքորոշում որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ան խստօրէն դատապարտեց այն հայերը, որոնք ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ այրեցին ազրպէյճանական եւ թրքական դրօշները, նոյնիսկ այս երկու երկիրներուն կողմէ բողոք ստանալէ առաջ: Իմ կարծիքովս, թշնամի երկրին դրօշը այրելուն մէջ ոչ մէկ վատ բան կայ: Այս արարքը բողոքի արտայայտութիւն է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութեան դէմ: Բացի ասկէ, դրօշները այրողները ոչ մէկ օրէնք կը խախտեն: Փաշինեան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ շատ աւելի փափաք ունի գոհ պահելու Հայաստանի թշնամիները, միաժամանակ չափազանց կոշտ վարուելով իր հայրենակիցներուն նկատմամբ, որոնք համաձայն չեն իր քաղաքականութեան։