Լիզպոնի արարքին հետապնդած նպատակը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւելի հեռու կ՛երթար: Լռութեան պատը քանդուած էր արդէն մինչեւ Լիզպոն: Լիզպոնը Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարում կը հետապնդէր: Տարածքային պահանջներ կային հերոսներու վերջին ուղերձներուն մէջ: Ամփոփ` Լիզպոնի ինքնազոհաբերումը երէկուան եւ վաղուան Հայաստանին համար էր: Պատմական Հայաստանին: Միացեալ Հայաստանին:
Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ երէկուանին եւ վաղուանին միջեւ գտնուող օրուան խորհրդային Հայաստանը շրջանցելի էր: Այդ օրերուն Հայաստանը անկախ չէր: Սակայն միացեալ Հայաստանի առաջադրումին համար կարեւորագոյն օրրան: Հայրենիքի շօշափելի այն հատուածը, որ փրկուած էր մայիսեան հերոսամարտերու շնորհիւ, եւ որ պիտի վերանկախանար Լիզպոնէն ընդամէնը 8 տարի ետք:
Լիզպոնի հերոսները կազմաւորուած էին մայիս 28-ի խորհուրդը անպայման առարկայացնելու նպատակին շուրջ: Ազատութիւնն ու ազատատենչութիւնը իրենց կտակին մէջ առանցքային տեղ ունէին: Իրենց զոհաբերութենէն 8 տարի ետք հայրենիքը վերստին կը շնչէր ազատօրէն եւ անկախօրէն:
Մնալով Լիզպոնի տղոց ուղերձներու հետեւողական տրամաբանութեան մէջ, վերանկախացած հայրենիքն էր այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կառուցուէր ամբողջական շէնքը: Լիզպոնի այդ ուղերձները իրաւական դրոյթ կը ստանային Անկախութեան հռչակագիրով: Վաղուան Հայաստանի գաղափարը ձեւակերպուած էր պատմական իրաւունքներու վերականգնումի եւ համայն հայութեան իղձերու կենսագործումի առաջադրանքներով: Ներկայ Հայաստանը ուրեմն, հիմնաքար` վաղուան Հայաստանին:
Հիմա փորձ կը կատարուի տապալելու համար ոչ միայն սահմանադրական իրաւադրոյթները, այլ նաեւ արմատախլելու լիզպոնեան այս գաղափարախօսութիւնը: Լիզպոնի ուղերձի արտաքին ուղղութիւնը դէպի Թուրքիա էր, միջազգային հանրային կարծիքին ըլլալու կողքին: Թուրքիան հաշուի պիտի նստէր այն փաստին հետ, որ հայութեան մէջ կայ գերմարդկային ուժ, որ ի գին գերագոյն զոհաբերութեան, ի գին անձնազոհութեան պատրաստ է համազգային պահանջները իրականութիւն դարձնելու: Թուրքիան կը գիտակցէր, որ կայ կարողականութիւն հայութեան մէջ, որ կրնայ ուժի լեզուով խօսիլ եւ հարուածել ցեղասպան պետութեան դիւանագիտական բոլոր կեդրոնները: Այդ ուժը մինչեւ վերջ պիտի չհանդուրժէր իր ժողովուրդի իրաւազրկումը:
Հիմա Թուրքիան, Ազրպէյճանի հետ կ՛աշխատի վերացնել ամէն երեւոյթ, որ կապուած է իրաւազրկումի յաղթահարումին, որ կ՛առնչուի իրաւունքի վերականգնման հեռանկարին: Այդ հեռանկարը կը փորձէ ջնջել ամէն գնով: Այս փուլին պահանջելով նաեւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն:
Սահմանադրական փոփոխութեան պահանջին կ՛ընդառաջեն Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները: Այս ընդառաջումը շղարշուած է «Իրական Հայաստան»-ի կեղծ գաղափարախօսութեամբ: Պատահական չէ, որ Հայաստանի վարչապետը սփիւռքեան շրջագայութեամբ սկսաւ խօսիլ Ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային խնդիրներու վերարծարծման անհրաժեշտութեան մասին: Պատահական չէ, որ մինչեւ հիմա տիրապետած դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը «Իրական Հայաստան»-ի շինծու հայեցակարգի վերափոխումի վարկածները արծարծեց սփիւռքահայ տարբեր հայմայնքներու հանդիպումներուն ընթացքին:
Իրական Հայաստանը լիզպոնեան հասկացողութեամբ այն հիմնաքարն էր, որուն պիտի միանային հայրենիքէն բռնախլուած տարածքները: Իրական Հայաստանը այսօրուան իշխանութիւններուն համար, դարձաւ այդ տարածքներու միացումը մերժող հասկացողութիւն:
Լիզպոնի կտակին ընդառաջ աշխատելու եւ անոր գաղափարական ժառանգութեան տէր կանգնելու համար հայութիւնը ամբողջ պիտի մերժէ Սահմանադրութեան այն տարբերակը, որ թշնամիներու պահանջով եւ այսօրուան Երեւանի նախաձեռնութեամբ կը հրամցուի: Անկախութեան հռչակագիրը պէ՛տք է պահէ իր սահմանադրականութիւնը:
Ա՛յս է Լիզպոնի առաջնային ուղերձը:
Ազդակ-Խմբագրական