Յարութ Սասունեան
Յունիս 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին մինչ իր վարկանիշը մեծապէս անկում կը կրէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը թիրախաւորէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Ան սխալելով կ՛ենթադրէ, որ կրնայ ստանալ հանրութեան աջակցութիւնը` անտեսելով այն փաստը, որ հայերուն մեծ մասը` թէ՛ հայրենիքի մէջ, եւ թէ սփիւռքի, հաւատարիմ կը մնան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ:
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան յայտարարեց, որ մտադիր է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը փոխարինել աւելի հլու հնազանդ հոգեւորականով` իբրեւ արդարացում յառաջ քշելով հոգեւորականութեան կուսակրօնութիւնը: Վարչապետը կաթողիկոսի եւ հայոց եկեղեցւոյ վրայ իր յարձակումները սաստկացուց՝ «Դիմատետր»-ի սադրիչ գրառումներով:
Ստորեւ՝ քանի մը հատը.
1. Ան կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն՝ երթալու եւ «ազատել»-ու կաթողիկոսարանը ու ընտրելու նոր կաթողիկոս. «Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին պէտք է ունենայ նորընտիր կաթողիկոս, ում բարեվարքութիւնը կաթողիկոսական ընտրութիւններից առաջ ստուգուած եւ հաստատուած կը լինի: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցու հաւատաւոր հետեւորդներին կոչ եմ անում համախմբուել վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրելու օրակարգի շուրջ»:
2. «Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին վերադարձուելու է Յիսուս Քրիստոսին եւ հայ ժողովրդին: Կտրիճ Ներսիսեանը (անպատշաճ կերպով դիմելով Գարեգին Բ.ը կոչելով անոր աշխարհիկ անունով) պէտք է ազատի վեհարանը»:
3. Ան առաջարկեց՝ «գործուն քայլեր ձեռնարկել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վեհարանն ազատելու եւ կաթողիկոսական նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու համար` ստեղծելով «համակարգող խումբ»` նշուած օրակարգի կազմակերպչական հարցերը կառավարելու համար»: Փաշինեան «համակարգող խումբ»-ի ապագայ անդամներուն որակաւորումը նկարագրեց հետեւեալ ձեւով.
ա) «Իրենց ամբողջ հոգով հաւատում են մեր կենդանի տիրոջը` Յիսուս Քրիստոսին»,
բ) «Գոնէ մէկ անգամ սկզբից մինչեւ վերջ կարդացել են Աստուածաշունչը»,
գ) «Վերջին հինգ տարում գոնէ մէկ անգամ պահել են Մեծ պահքը»,
դ) «Ամէն օր աղօթում են»,
է) «Համակարգող խմբի անդամ կարող են լինել թէ տղամարդիկ, թէ կանայք, թէ աշխարհիկ մարդիկ, թէ հոգեւորականներ: Կուսակրօն հոգեւորականների դէպքում պարտադիր է, որ նրանք խախտած չլինեն կուսակրօնութեան ուխտը»:
Փաշինեան աւելցուց. «Համակարգող խմբի առաջին 10 անդամների ընտրութեան պատասխանատուութիւնը կը վերցնեմ ինձ վրայ` վերը նշուած չափանիշների շուրջ ունեցած զրոյցների գնահատմամբ: Հետագայում խումբը ինքը կ՛որոշի ընդլայնման ընթացակարգերը, իր կառուցուածքը եւ այլ հնարաւոր հարցեր»: Ան խումբին միանալ փափաքողները հրաւիրեց իրենց անունը, հեռաձայնի թիւը եւ մասնագիտութիւնը ուղարկել իր ելեկտրոնային հասցէին` nikolpashinyan@gmail.com:
Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետին կենակից Աննա Յակոբեանը, որ հայ հոգեւորականները անամօթաբար անուանած էր «երկրի գլխաւոր մանկապիղծներ» եւ «սեւ սքեմ հագնող մոլագար այլասերուածներ», զարմանալի բացայայտում կատարեց` յաջորդ երկու տարին Չինաստան տեղափոխուելու եւ Պէյճինկի «նորմալ» համալսարանին մէջ չինական փիլիսոփայութիւն ուսանելու համար: Այս մասին նախորդ շաբաթ յայտարարեց Յակոբեանի կողմէ հիմնադրուած «Իմ քայլը» բարեսիրական հիմնադրամը, ուր ներկայիս ան կը վարէ գործադիր տնօրէնի պաշտօնը` նախապէս խորհուրդի նախագահ ըլլալէ ետք: Յստակ չէ՝ արդեօք ան երկու տարի իր չորս զաւակներէն պիտի հեռանա՞յ:
Յակոբեան յաճախ սխալմամբ կը կոչուի վարչապետ Փաշինեանի «կին» եւ Հայաստանի «առաջին տիկին»: Ան ո՛չ անոր կինն է (քանի որ անոնք ամուսնացած չեն), ո՛չ ալ Առաջին տիկինը, քանի որ այդ տիտղոսը նախատեսուած է նախագահի կնոջ համար: Այնուամենայնիւ, Յակոբեան՝ իբրեւ Առաջին տիկին, կը ճամբորդէ աշխարհով մէկ` հայ հարկատուներու հաշուոյն, եւ անոր կ՛ընկերակցին կառավարութեան թիկնապահները, երբ ան Հայաստանը ներկայացնէ միջազգային հանդիպումներու եւ համաժողովներու:
Ցոյց տալու համար, որ Փաշինեան կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, վերաքննենք 17-րդ եւ 18-րդ յօդուածները: 17-րդ յօդուածը կը նախատեսէ եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատում. «Կրօնական կազմակերպութիւններն անջատ են պետութիւնից»: Մարդոց մեծ մասը սխալ կը մեկնաբանէ այս դրոյթը` կարծելով, թէ հոգեւորականները իրաւունք չունին մասնակցելու քաղաքական գործերուն: Ասիկա ճիշդ չէ: Իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ` հոգեւորականները կը վայելեն նոյն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, զորս ունին երկրի միւս բոլոր քաղաքացիները, ինչպէս՝ քուէարկութիւնը եւ քաղաքական գործունէութեան մասնակցութիւնը: Պետութիւնը կրնայ միջամտել միայն այն պարագային, եթէ օրէնքներու խախտում կ՛արձանագրուի։
Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կը շնորհէ յատուկ կարգավիճակ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանաչում է Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցու` որպէս ազգային եկեղեցու բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքում, նրա ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործում»:
Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ վարչապետը որոշէ յաջորդ տարի սահմանադրութեան վերանայուած տարբերակէն հեռացնել 17-րդ եւ 18-րդ յօդուածները:
Իր հետեւորդներուն կոչ ուղղելով՝ «միաւորուել» Էջմիածինի շուրջ եւ «ազատել» կաթողիկոսարանը Գարեգին Բ.էն` Փաշինեան քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու վտանգի կը դիմէ: Եկեղեցւոյ միլիոնաւոր հաւատացեալները մեծապէս կը գերազանցեն անոր կողմնակիցները: Եթէ կաթողիկոսը կոչ ուղղէ հայ ժողովուրդին՝ գալու Էջմիածին եւ պաշտպանելու կաթողիկոսարանը, կրնան բախումներ հրահրուիլ սուրբ հողին վրայ:
Գրեթէ բոլոր թեմերը` թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ արտերկրի մէջ, գրաւոր յայտարարութիւններ հրապարակեցին` դատապարտելով Փաշինեանի միջամտութիւնը եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Այս վէճին վերաբերեալ վերջնական որոշում տալու համար Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը նախատեսէ մօտիկ ապագային գումարել «Ազգային եկեղեցական ժողով»` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն մարմինը, որ կազմուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներէն, աշխարհի տարբեր ծայրերէն եպիսկոպոսներէ եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներէ, Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներէ եւ բոլոր թեմերէ պատուիրակութիւններէ:
Թիրախաւորելով կաթողիկոսը, Ազրպէյճանի Շէյխ Ալ Իսլամի եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաճոյակատար ըլլալով, Փաշինեան, կարծես, անտեղեակ է այն վնասէն, զոր ան կը հասցնէ իր սեփական ժողովրդականութեան 2026-ի ընտրութիւններուն եւ կ՛ամրապնդէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նկատմամբ հանրային աջակցութիւնը: Հայ ժողովուրդին մեծ մասը, առերեսուելով տապալած քաղաքական գործիչի եւ իրենց հոգեւոր առաջնորդին միջեւ դիմակայութեան, բնականաբար պիտի կանգնի Նորին սրբութեան կողքին: Հանրութիւնը պիտի պահանջէ ոչ թէ կաթողիկոսին, այլեւ վարչապետին հրաժարականը: