Յարութ Սասունեան
Վերջին շաբաթուան ընթացքին բուռն քննարկում ծաւալեցաւ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բացակայութեան վերաբերեալ, երբ հայկական-ասորական ծագում ունեցող պլոկըր Փաթրիք Պեթ Տաւիտ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին հարցուց, թէ Իսրայէլ ինչո՞ւ չէ ճանչցած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Նեթանիահուն սխալ արձագանգեց․ «Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ, փաստացի ճանչցած ենք: Քնեսեթը նման բանաձեւ որդեգրած է»: Նեթանիահուն բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ ատիկա ճիշդ չէ, քանի որ ինք` իբրեւ վարչապետ, արգելափակած է Քնեսեթի քանի մը նման բանաձեւեր:
Երբ Պեթ Տաւիտ ճնշում բանեցուց, որ Նեթանիահուն իբրեւ վարչապետ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ան պատասխանեց. «Ճիշդ հիմա ճանչցայ: Ահա, խնդրեմ»: Ասիկա թեթեւամիտ անդրադարձ էր նման լուրջ հարցի մը։
Նեթանիահուի նուազագոյն յայտարարութիւնը որոշ մարդոց կողմէ մեկնաբանուեցաւ իբրեւ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին դէպք: Իրականութեան մէջ Նեթանիահուն Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձած էր 2024-ի մարտին, երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան զայն բաղդատեց «Հիթլերի, Ստալինի եւ Մուսոլինիի» հետ: Նեթանիահուն պատասխանեց, որ Էրտողան «կը հերքէ Հայոց ողջակիզումը»: Յունուար 2024-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց ուղղակիօրէն մեղադրեց Թուրքիան` Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն մէջ. «Անցեալին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն ունեցող Թուրքիոյ նախագահ @RTERdogan-ը, այժմ կը պարծենայ` անհիմն պնդումներով թիրախաւորելով Իսրայէլը: Մենք կը յիշենք հայերն ու քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է…»:
Նաեւ ճիշդ չէ, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Նեթանիահուի մեկնաբանութիւնը պայմանաւորուած էր Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ վատ յարաբերութիւններով: Անոնք նախապէս ալ բազմիցս բախում ունեցան, ապա հաշտուեցան։
Այս հարցին նախապատմութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար, եկէք, անդրադառնանք վերջին հինգ տասնամեակներուն արձանագրուած որոշ զարգացումներուն:
1982-ին Իսրայէլի Ողջակիզումի յուշահամալիրը հովանաւորեց Թել Աւիւի մէջ առաջին անգամն ըլլալով տեղի ունեցող «Ողջակիզումին եւ ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովը»: Մասնակցելու հրաւիրուած 100 մտաւորականներուն մէջ կային վեց հայեր: Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս սպառնաց Իսրայէլին՝ տարբեր հակահրէական գործողութիւններով: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւարարեց Թուրքիոյ պահանջը եւ ճնշում բանեցուց կազմակերպիչներուն վրայ` համաժողովը չեղարկելու համար: Ասոր իբրեւ արդիւնք՝ հովանաւորները հրաժարեցան, իսկ քանի մը ականաւոր հրեայ մտաւորականներ մերժեցին մասնակցիլ, սակայն համաժողովը տեղի ունեցաւ, թէեւ՝ սահմանափակ ձեւաչափով:
2001 եւ 2002 թուականներուն Իսրայէլի օրուան արտաքին գործոց նախարար Շիմոն Փերես կտրականապէս հերքեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ կը մերժէ՝ «Ողջակիզումի եւ հայկական մեղադրանքներուն միջեւ նմանութիւն ստեղծելու փորձերը»: Երուսաղէմի մէջ գտնուող Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն Իսրայէլ Չառնին պատասխանեց Փերեսին ուղղուած կոշտ նամակով. «Դուք հատած էք բարոյական այն սահմանը, զոր ոչ մէկ հրեայ ինքնիրեն պէտք է արտօնէ հատել… Ես՝ իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլցի, կ՛ամչնամ, որ այդքան հեռու գացած էք ներկայիս՝ մտնելով Հայոց ցեղասպանութեան իրական ժխտման տիրոյթ` բաղդատելի Ողջակիզումի ժխտման հետ»:
2015 թուականին, երբ զիս հրաւիրեցին ելոյթ ունենալու Թել Աւիւի համալսարանին մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողովին, ես կարելիութիւն ունեցայ հանդիպելու Իսրայէլի այն ժամանակուան նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինի հետ: Ես անոր բողոքեցի Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անընդունելի ժխտման մասին, եւ ան բացատրեց, որ ինք կասկած չունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, քանի որ մեծցած է Երուսաղէմի մէջ` Ցեղասպանութենէն վերապրածներու հետ: Երբ Ռիվլին Քնեսեթի նախագահն էր, ան անյաջող փորձեր կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ ընդունիլ տալու: Նկատի ունենալով վարչապետ Նեթանիահուի բացասական դիրքորոշումը այս հարցով՝ ան ըսաւ, որ իբրեւ նախագահ՝ իր ձեռքերը կապուած էին։ Այսպիսով ան հաստատեց, որ Նեթանիահուն երկար տարիներ շարունակ դէմ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
Թել Աւիւի մէջ իմ դասախօսութեանս ընթացքին ես տարբերութիւն դրի Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողական դիրքորոշումին եւ շարք մը կարեւոր հրեայ անհատներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ուժեղ աջակցութեան միջեւ, ինչպիսիք են` Օսմանեան կայսրութեան մէջ (1913-16) Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինը, վիպասան Ֆրանց Վերֆելը, արտաքին գործոց փոխնախարար, իսկ աւելի ուշ` արդարադատութեան նախարար Եոսի Պէյլինը, կրթութեան նախարար Եոսի Սարիտը, ներգաղթեալներու համարկման նախարար Եայիր Ցափանը, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելը եւ նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինը: Ես զանոնք կոչեցի՝ «Արդարամիտ հրեաներ»:
Միւս կողմէ, մինչ աշխարհասփիւռ հայերը տասնամեակներ շարունակ պայքարած են Հայոց ցեղասպանութեան հանրայնացման համար, վարչապետ Փաշինեան մանկամիտ հարցումներ կ՛ուղղէ անոր ճանաչման վերաբերեալ` անտեսելով տարուած արժէքաւոր ջանքերը:
Նախորդ շաբաթ Փաշինեան հայ լրագրողներուն ըսաւ, որ Նեթանիահուի յայտարարութիւնը որեւէ կապ չունի Հայաստանի կամ հայ ժողովուրդի շահերուն հետ: Ան նաեւ կասկածի տակ դրաւ այն, թէ արդեօք հայերը որեւէ բան շահա՞ծ են քանի մը տասնեակ երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Ան նոյնիսկ բացայայտեց, որ ինք օտար ղեկավարներուն հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ անոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսպիսով, Փաշինեան մեծապէս կը վտանգէ Հայ դատի արդարութեան հասնելու ձգտումը: Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ, երբ քաղաքականապէս անփորձ եւ ոչ հայրենասէր մարդ մը Հայաստանի մէջ կը բարձրանայ իշխանութեան գլուխ։
Փաշինեան չի հասկնար, որ եթէ հայերը տասնամեակներ շարունակ չպայքարէին Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակման համար, այսօր ոչ ոք զայն կը յիշէր` արտօնելով, որ Թուրքիա խուսափէր զանգուածային սպանդին համար պատիժէն: Հայ ժողովուրդը պէտք է Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկէ անոր ոճիրներուն համար:
Փաշինեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ջանքերը քննադատելու փոխարէն՝ պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէր արդարութիւն պահանջելով, ներառեալ՝ փոխհատուցում եւ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներու վերադարձ: Ասիկա բան մըն է, զոր սփիւռքը չի կրնար ընել, որովհետեւ միայն պետութիւնները կրնան դատ բանալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): Փաշինեան երբեք նման քայլի չի ձեռնարկեր, քանի որ ան զբաղած է թրքական եւ ատրպէյճանական պահանջներուն հանդէպ զիջողական քաղաքականութիւն վարելով:
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Նեթանիահուի յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք՝
1. Հայոց ցեղասպանութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ` ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մարդիկ տեղեակ պահելով թրքական յանցագործութեան մասին, զոր Թուրքիան ի զուր կը փորձէ ծածուկ պահել:
2. Հայ եւ թուրք պաշտօնեաները՝ արձագանգելով Նեթանիահուի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող մեկնաբանութիւններուն, զանոնք աւելի հրապարակային դարձուցին, անկախ անկէ՝ անոնք այդ մեկնաբանութիւնները կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ կը քննադատեն:
3․ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլը` հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն ցեղասպանութիւններուն վերաբերեալ Նեթանիահուի մեկնաբանութենէն ետք: Թուրքիան նաեւ յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ Իսրայէլի հետ բոլոր առեւտրային յարաբերութիւնները եւ կը փակէ իր օդային տարածքը իսրայէլեան օդանաւերուն առջեւ՝ Կազայի հակամարտութեան պատճառով: