Զանգեզուրի միջանցքին կ՛աջակցին փանթրքական շարժումներ. Թեհրան

Զանգեզուրի միջանցքին կ՛աջակցին փանթրքական շարժումներ. Թեհրան

«Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծով Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլ նպատակ ունին վնաս հասցնել Իրանի ազգային ապահովութեան», յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերու գլխաւոր խորհրդատու Ալի Աքպար Վելայեթի, ըստ որուն, «Զանգեզուրի միջանցք» անունին տակ, իրականութեան մէջ պահուած է աշխարհաքաղաքական լայն ծրագիր մը: «Անոր իսկական նպատակը «Դիմադրութեան առանցքը» թուլցնելը, Իրանի կապը Կովկասի հետ խզելը եւ հարաւի մէջ Իրանի ու Ռուսիոյ դէմ ցամաքային շրջափակում իրականացնելն է», ըսաւ Վելայեթի, որ շուրջ 16 տարիներ վարած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Ան համոզուած է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծին կ՛աջակցին ոչ միայն ՆԱԹՕ եւ Միացեալ Նահանգները՝ նպատակ ունենալով Ուքրանիայէն ճնշումը տեղափոխել Կովկաս, այլ նաեւ «այդ նախագիծին կ՛աջակցին կարգ մը փանթրքական շարժումներ»:

Խօսելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յառաջ մղած «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծին աշխարհաքաղաքական նպատակներուն մասին՝ Վելայեթի շեշտեց, որ Թեհրան սկիզբէն յստակ եւ վճռական կերպով ընդդիմացած է այս քայլերուն եւ նոյնիսկ «սահմանին ուժեր տեղակայած է եւ կը կատարէ կանխարգելիչ զօրավարժութիւններ` ցոյց տալու համար, որ Իրանի համար ազգային ապահովութիւնը կարմիր գիծ է»:

Ըստ Վելայեթիի՝ «կրաւորական արձագանգի» փոխարէն «աշխոյժ կանխարգիլման» քաղաքականութիւնը Իրանի կողմէ որդեգրուած խելացի ռազմավարութիւն է:

Պաքու արդէն իսկոյն արձագանգեց Վելայեթիի այդ յայտարարութիւններուն` իշխանամէտ վերլուծաբաններու շրթներով հակադարձելով, թէ՝ «փանթրքութեան» մասին խօսելով՝ Թեհրան կ՛արտայայտէ իր վախերը: Իսկ վախը, ըստ ատրպէյճանցի վերլուծաբաններուն, պայմանաւորուած է անով, որ Իրանի այն շրջաններուն մէջ, ուր առաւել քան 30 միլիոն թուրք-ատրպէյճանցիներ կ՛ապրին, կը ձեւաւորուի թրքական պետութեան աշխարհիկ կաղապարը:

Անդրադառնալով Թեհրանէն հնչող զգուշացումներուն` Ատրպէյճանի հետ սահմանին պարբերաբար իրականացուող զօրավարժութիւններուն՝ Պաքու նշեց, թէ Ատրպէյճանի օդուժը կը վերահսկէ Իրանի հետ ամբողջ սահմանը` Արաքս գետով, Ճաբրայիլէն մինչեւ Նախիջեւան: Ըստ ատրպէյճանցի իշխանամէտ վերլուծաբաններուն` իրականութեան մէջ Թեհրան ճնշումի որեւէ գործիք չունի` ցուցադրական հռետորաբանութենէն բացի, եւ ռազմական այս սպառնալիքները «ընդամէնը թատերական ներկայացում են»:

Մինչդեռ Թեհրան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի նիւթը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը պահէ իր օրակարգին վրայ։ Արդարեւ, 28 Յուլիսին, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Իսմայիլ Պաղայի ընդգծեց, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին զարգացումներուն, որովհետեւ անոնք կը վերաբերին երկրի ազգային շահերուն:

Խօսելով երթեւեկի հաղորդակցութեան ճամբաներու ընդլայնման մասին՝ ան շեշտեց, որ ասիկա ոչ մէկ ձեւով պէտք է հակասէ երկիրներու ազգային գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեանը, ինչպէս նաեւ պէտք չէ առաջնորդէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութեան կամ ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութեան:

Պաղայի անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն արտաքին խաղացողներու միջամտութեան հարցին` նշելով, թէ Իրան բացայայտօրէն յայտարարած է, որ այդպիսի ներգրաւուածութիւն մը օգտակար չէ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ զարգացման համար:

Թեհրան թերեւս նկատի ունի երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ամերիկեան տարբերակը:

Share