Սուրբ թարգմանչաց տօնին առթիւ
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը Հայ ժողովուրդը կը տօնէ Սուրբ Թանգմանիչներու տօնը: Այս տօնը նուիրուած է պանծացնելու յիշատակը՝ հինգերորդ դարու մեր անմահ Թարգմանիչ հայրերուն, որոնք երկնեցին հայ գրականութեան ոսկեդարը:
Թարգմանչաց շարժումը հայ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ արմատացնելու եւ մեր ազգային գոյութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու անզուգական շարժում մըն էր: Հինգերորդ դարուն մենք ազգ էինք առանց անկախ պետականութեան, եկեղեցի ունէինք առանց սեփական լեզուի եւ ծիսակատարութեան: Հայաստան շուրջ քառորդ դարէ ի վեր բաժնուած էր բիւզանդական եւ պարսկական կայսրութիւններու միջեւ: Բիւզանդական գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող Հայաստանի գործածական պաշտօնական լեզուն յունարէնն էր, իսկ Պարսկական բաժինին մէջ՝ ասորերէնը: Նոյնպէս հայ եկեղեցիներուն մէջ կրօնական արարողութեանց լեզուն յունարէնն ու ասորերէնն էին: Արդարեւ, հայ հաւատացեալներ հաղորդակից չէին կատարուող պաշտամունքերուն:
Այդ դժուար օրերուն, սակայն, հայ ժողովուրդը բախտը ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը երեք սքանչելի անձնաւորութեանց – Վռամշապուհ Արշակունի թագաւորին, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին եւ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին: Այս երեքը իրազեկ էին տիրող քաղաքական եւ մշակութային կացութեան եւ անկէ բխող սպառնալիքին: Անոնք համոզուած էին որ քրիստոնէական հաւատքը հայ ազգին մէջ ամրապնդելու եւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը զօրացնելու ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկը էր հայ ուրոյն մշակոյթը:
Այս երրեակ հեղինակութիւններէն Մեսրոպ Մաշտոցն էր, որ մտայղացումը ունեցաւ հայ նշանագրերու գիւտով ինքնուրոյն մշակոյթ մը ստեղծելու: Ան համոզուած էր որ առանց սեփական գիրի եւ գրականութեան կարելի չէ ազգային մշակոյթ ունենալ եւ գոյատեւել: Ուրոյն նշանագրերով էր որ հնարաւոր պիտի ըլլար պայքարիլ ձուլման վտանգին եւ օտար կրօնքներու եւ մշակութային ազդեցութիւններու դէմ: Սեփական գիրերով էր, որ կարելի պիտի ըլլար Աստուածաշունչ Մատեանը հայերէն լեզուին թարգմանել, որպէսզի հայ քրիստոնեաներ կարենային հասկնալ անոր կենարար պատգամը:
Մեսրոպ Մաշտոց իր այս տեսիլքը բաժնեց Սահակ Կաթողիկոսին եւ Վրամշապուհ թագաւորին հետ, որոնք լիովին նեցուկ եղան իրեն: Քաջալերուած հայրապետական եւ արքայական զօրակցութենէն, Մեսրոպ Մաշտոց գործի լծուեցաւ: Ճամբորդեց Բիւզանդիոն ապա Ասորեստան մօտէն ուսումնասիրելու յունարէն եւ ասորերէն լեզուները եւ բաղդատութիւններ ընելու երկու լեզուներու միջեւ:
Նշանագրեր գտնելու առաջին փորձը եղաւ Ասորիքի մէջ: Հայոց Վահրիճ իշխանը Ասորիք ղրկուեցաւ Դանիէլ անուն ասորի եպիսկոպոսի մը քով, որու մօտ՝ կ’ըսուէր թէ հայերէն գիրեր կը գտնուէին: Այդ գիրերը Հայաստան բերուեցան եւ շրջան մը փորձեր կատարուեցան անոնցմով, բայց թերի եւ անընդունելի նկատուեցան: Այդ գիրերը սեմական լեզուաընտանիքին պատկանող տառեր ըլլալուն՝ անոնց բաղաձայն գիրերը կոկորդային հնչոյթներու իմաստով խոտոր կը համեմատէին հայերէն հնդեւրոպական լեզուի հնչոյթներուն: Դանիէլեան գիրերու փորձը միանգամընդմիշտ համոզեց Մեսրոպ որ ասորական լեզուի տեղ յունական լեզուին վրայ կեդրոնացնէ իր հետազօտութիւնը:
Վռամշապուհ թագաւորի տնտեսական օժանդակութեամբ եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ՝ ընկերակցութեամբ խումբ մը աշակերտներու՝ 405 թուականին մեկնեցաւ Ամիդ եւ Եդեսիա քաղաքները: Այդ քաղաքներու ընդարձակ եւ ճոխ գրադարաններուն մէջ՝ Մեսրոպ հայ խօսակցական լեզուի հնչիւնային յատկանիշները բաղդատելով յունարէն տառերու հետ՝ յետ երկարատեւ աշխատանքի՝ 406 թուականին ստեղծեց 36 նշանագրեր հայերէն լեզուին համար: Հռոփանոս անուն յոյն գեղագիր մը զանոնք գեղեցկացնելով վերադարձուց Մեսրոպին:
Այնուհետեւ, Մեսրոպ իր նորաստեղծ նշանագրերով՝ ընկերակցութեամբ մտերիմ աշակերտներու խումբով մը վերադարձաւ Հայաստան: Առանց ժամանակ կորսնցնելու, թարգմանիչ վարդապետները ձեռնարկեցին Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն թարգմանութեան՝ ասորական Փեշիտա կոչուած բնագրէն: Շուտով Աստուածաշունչի երկրորդ թարգմանութիւն մը ձեռնարկուեցաւ յունական Եօթանասնից կոչուող բնագրէն: Այս սքանչելի թարգմանութիւնն էր որ դարեր ետք պիտի կոչուէր «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
Թարգմանիչ վարդապետներու փաղանգը կը բաժնուէր երկու սերունդներու դասակարգումով՝ Աւագ եւ Կրտսեր: Աւագ թարգմանիչներու սերունդին մաս կը կազմէին Սահակ Պարթեւ, Մեսրոպ Մաշտոց, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացին, Ղազար Փարպեցի, Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ Ամատունի, Ղեւոնդ Երէց, Դաւիթ Անյաղթ, Յովհան Մանդակունի, եւ ուրիշներ: Անոնց թարգմանչական գործերուն մաս կը կազմեն .- Աստուածաշունչ Մատեանի Թարգմանութիւնը, ծիսական երկեր, պատարագամատոյց, ժամագիրք, եւայլն, Հայրաբանական գրականութիւն՝ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հայրերու կարեւոր հեղինակութիւնները, վկայաբանական եւ վարքագրական գրականութիւն՝ եկեղեցական նշանաւոր հայրերու կեանքը եւ պատմական գրականութիւն:
Աւագ Թարգմանիչներուն գործը շարունակեցին Կրտսեր Թարգմանիչները: Անոնք Հինգերորդ դարու երկրորդ կէսին հիմնեցին այսպէս կոչուած Յունական Դպրոցը, որ իր ծաղկումը ունեցաւ մինչեւ եօթներորդ դար:
Անտարակոյս, հայ նշանագրերու գիւտով ստեղծուեցաւ հայ դպրութիւն, անկախացաւ հայ եկեղեցին, եւ զօրացաւ քրիստոնէական հաւատքը: Հայ գիրերու գիւտը հանդիսացաւ անզուգական անկիւնադարձ մը հայոց պատմութեան մէջ, այն իմաստով որ ոչ միայն հզօր ազդակ մը հանդիսացաւ քրիստոնէական հաւատքի խորացման ու տարածումին, այլ նաեւ ամուր կռուան մը դարձաւ մեր ազգային եւ հոգեւոր գոյութեան: Նորաստեղծ հայ մշակոյթը մեծապէս սատարեց նաեւ ազգապահպանումի եւ ազգային միասնականութեան իրականացման:
Սուրբ Սահակով եւ Սուրբ Մեսրոպով սկսած թարգմանիչներու փառաւոր շարժումը դարէ դար ներշնչարան դարձաւ յաջորդող նոր սերունդներուն, որոնք եկան անցնելու հայ դպրութեան դարպասներէն եւ իրենց հերթին առաւել ճոխացնելու հայ մշակոյթը:
Այսօր, Թարգմանչաց տօնին առթիւ անգամ մը եւս վերանորոգենք մեր ուխտը հաւատարմօրէն ընթանալու անոնց գաղափարական ուղիէն, որպէս զի հայ լեզուն շարունակէ տեւաբար հնչել, հայ մատղաշ սերունդի շրթներուն վրայ, հայ գրականութիւնը միշտ ծաղկուն մնայ եւ մեր մշակոյթը առաւել ճոխանայ ու բարգաւաճի:
«Հայրենիք»