Կարգը հասաւ եկեղեցիին

Կարգը հասաւ եկեղեցիին

Տիգրան Ճինպաշեան

Նիկոլ Փաշինեանի «Իրական Հայաստանը» միայն 29743 քառ. քմ տարածութեամբ սահմանափակուած Հայաստանը չէ: Այդ սահմաններէն ներս բնակողները եւս պէտք է դառնան «իրական հայերս», իսկ հասարակութիւնը դառնայ «իրական» բնակչութիւն: «Իրական» դառնալու համար, անոնք պէտք է դաստիարակուին. դաստիարակի պարտականութիւնը ստանձնած են, ինքնակամօրէն, Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ամոլը, որոնք հիմնած են «կրթուիլը նորաձեւ է» համապարփակ դպրոցը եւ որուն աշակերտելը պարտադիր է բոլոր քաղաքացիներուն: Աներեւոյթ այս դպրոցը պարբերաբար միջոցառումներ կը կազմակերպէ, որոնք կը վերաբերին Արարատ լերան, Հայաստանի սահմաններուն, հայոց պատմութեան ուսուցման, ընտանիքին, դպրոցին ու համալսարանին, ու տարաբնոյթ բազմաթիւ երեւոյթներու, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանի անդաստիարակ բնակիչներու կենցաղին, հետաքրքրութիւններուն ու աշխատանքին:

Նորագոյն միջոցառումը կը վերաբերի Հայ առաքելական եկեղեցիին: Ինչպէս սովոր է, Նիկոլ Փաշինեան նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացիկ նիւթի մը մասին խօսելու ատեն, յանկարծ շեղեցաւ ու եկեղեցւոյ վիճակին մասին մտահոգութիւն մը արտաբերեց այնպիսի բառամթերքով ու ոճով, որ քաղաքավար մնալու պարտադրանքով կրնանք անպատշաճ որակել: Բնականաբար արձագանգները չուշացան, ոմանք պատշաճ, ոմանք անպատշաճ, ամէն պարագայի գրեթէ բոլորը հիմնուած Հայ եկեղեցւոյ կանոնական դրուածքին անծանօթութեան վրայ:

Յաջորդող օրերուն մեկնաբանութիւնները բազմացան, իսկ ստեղծուած արուեստական տագնապին հեղինակ վարչապետը կրակին վրայ իւղ թափեց իր յաջորդական գրութիւններով: Վերջապէս Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը` դատապարտելով եկեղեցին ու եկեղեցականները անուանարկող տգեղ ու անպատկառ հալածական դրսեւորումը:

Թէ՛ Հայ եկեղեցին եւ թէ՛ եկեղեցիին սպասարկող հոգեւորականները զերծ չեն, չեն կրնար չըլլալ, թերութիւններէ: Ամէն գործող հաստատութիւն ու ամէն գործող մարդ կրնայ սայթաքիլ, սխալիլ: Սխալը ենթակայ կը դառնայ քննադատութեան, նոյնիսկ հաշուետուութեան: Սակայն քննադատութիւնը պարտի մնալ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, յարգէ քննադատուողին արժանապատուութիւնը, ինչպէս իրաւական լեզուով կ՛ըսեն` անմեղութեան կանխավարկածը: Այլապէս` քննադատութիւնը կը վերածուի պարսաւանքի ու կատարողը` դատապարտումի արժանի պարսաւողի:

Հայ եկեղեցին սովորական հաստատութիւն մը չէ: Ո՛չ կուսակցութիւն է, ո՛չ հասարակական մարմին, ո՛չ ալ միութիւն: Որդեգրուած հայ ազգին կողմէ ու պետական կրօն հռչակուած աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, Հայ եկեղեցին վերածուած է հայ մարդու ինքնութեան անբաժանելի մասին, հայկական քաղաքակրթութեան անկորնչելի բաղադրիչին: Իր առաջին դերը բնականաբար կրօնական է, զոր կրնանք ամփոփել իբրեւ քարոզչութիւնը Աստուածաշունչին: Հաւատացեալին, անտարբերին ու նոյնիսկ անկրօնին համար Հայ եկեղեցին ազգային այն նուիրական հաստատութիւնն է, որ դարեր շարունակ կրցած է պահպանել հայուն ինքնութիւնը, Հայաստանի գաղափարը եւ ազատագրական պայքարի ջահը: Երբեմն հալածուած է, երբեմն ընկրկած է, սակայն պահպանելով կաթողիկոսներու յաջորդականութիւնը, վերածուած է, ազգային բոլոր կառոյցներու աւերման պայմաններուն մէջ, հայ ազգի յաւերժութիւնը խորհրդանշող բերդի: Հայ եկեղեցին զուտ կրօնական հաստատութիւն մը չէ. իր պատմական դերակատարութիւնը զայն դարձուցած է, նոյնիսկ պետականութեան պայմաններուն մէջ, պետութենէն անջատ ազգային կարեւորագոյն հեղինակութիւնը:

Կասկածի ենթարկել Հայ եկեղեցւոյ հեղինականութիւնը երկրորդական փուճ պատճառաբանութիւններով, կը նշանակէ հարուածել հայու ինքնութիւնը, հոգեւոր Հայաստանը, ազգային իղձերը եւ նոյնիսկ` պետականութիւնը: Զգուշ պէտք է ըլլալ, երբ կ՛ուզենք վերանորոգել ու բարելաւել. բարելաւումը արդար է, երբ ազգին պատմութեան հոլովոյթին հաւատարմութեամբ կը կատարուի, չի քանդեր, այլ կը վերանորոգէ:

Share