Անգամ մը եւս լիբանանահայութիւնը ապացուցեց, որ յանձնառու է տէր կանգնելու իր իրաւունքներուն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք ընդառաջելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին, կատարեցին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:
Վարձքը կատար բոլոր մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք կամաւորաբար առաւօտեան ժամերէն աշխատեցան ընտրական երկար օրը հեզասահ իր աւարտին հասցնելու համար:
Լիբանանահայութիւնը միասնաբար` ձեռք-ձեռքի տալով աշխատեցաւ եւ ճիգ չխնայեց հայ թեկնածուները հասցնելու համապատասխան պաշտօններուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին ծառայեն եւ օժանդակեն համայնքի իւրաքանչիւր անդամի կարիքներուն:
Յառաջիկայ ժամերուն կը յայտարարուին այս հաւաքական ճիգին արդիւնքները:
18 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի եւ Պեքայի ընտրութիւններուն դարձեալ հաւաքաբար ցոյց տանք լիբանանահայութեան կամքը:
Մասնակցի՛նք մեր շրջաններու վերելքին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Վերջին լուրեր
Հաղորդագրութիւն. Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն` ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած 34 Թեկնածուներէն Յաջողած Են 33-ը
4 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները:
Այդ ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ կազմեց թեկնածուներու ամբողջական ցանկեր, իսկ այլ ընտրաշրջաններու մէջ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամակցութեան եւ թաղապետութեան թեկնածուներ առաջադրեց` մասնակցելով զանոնք ներառող ցանկերը կազմող ուժերը համախմբող ընտրական համաձայնութիւններու: Կային նաեւ որոշ թիւով ընտրաշրջաններ, ուր թէեւ հայ թեկնածուներ չկային, սակայն կան հայ բնակիչներ եւ քուէարկողներ. այդ շրջաններու պարագային ՀՅ Դաշնակցութիւնը տեղւոյն ազդեցիկ կողմերուն հետ գոյացուց համաձայնութիւններ, որոնց հիմամբ մեր ընկերներուն ու համակիրներուն քուէներով կ՛երաշխաւորուի տեղւոյն հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութիւնը:
Լեռնալիբանանի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիմամբ կարելի է հաստատել, որ յաջողած է ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:
Այսպէս.
Պուրճ Համուտ
Նախ եւ առաջ նշենք, որ Պուրճ Համուտի մէջ ամբողջական յաջողութիւն արձանագրած են ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան թեկնածուներու ցանկը (մրցակիցի չգոյութեան բերմամբ), ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի թաղապետութեան թեկնածուներու ամբողջական ցանկը:
Հետեւաբար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած են.
Մարտիկ Պօղոսեան
Յակոբ Այվազեան
Մարտիկ Արսլանեան
Ճորճ Գրիգորեան
Նելլի Վէքիլեան
Անի Կիտանեան
Լենա Պալեան
Թալին Դարբինեան-Սահակեան
Դաւիթ Գազանճեան
Տիգրան Քէնտիրճեան
Վրէժ Ճինպաշեան
Նազարէթ Ապունայեան
Յարութ Յարութիւնեան
Վահէ Աղասարգիսեան
Էլի Նսէյր
Էլի Քահուաժի
Տունիա Զղէյպ
Շարպել Տիպ
Մարուն Հրաուի
Ռոնի Սապպաղա
Հիւսէյն Ամհազ
Պուրճ Համուտի թաղապետ ընտրուած են.
Ժան Մոմճեան
Վազգէն Նիւրբէթլեան
Ռոստոմ Արսլանեան
Զարեհ Գալայճեան
Վահէ Խաչատուրեան
Շահէ Քէլէշեան
Սեդրակ Խզարճեան
Գրիգոր Ճենանեան
Տիգրան Պէօճէքեան
Սեպուհ Գէորգեան
Սեւակ Ալիէմէզեան
Ֆատիա Ապու Խալիլ
Միշել Հարրան
Ալի Ահմար
Ֆատի Նասըր
Հանրի Ապու Խալիլ
Այլ ընտրատարածքներ
Այլ ընտրատարածքներու մէջ մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը վայելած ցանկերուն հետ յաջողած են նաեւ մեր առաջադրած հետեւեալ թեկնածուները.
Ժիպէյլի քաղաքապետական խորհուրդ.
Ժոզեֆ Պեզճեան
Զալքա-Ամարեթ Շալհուպի քաղաքապետական խորհուրդ.
Մհեր Պետիրեան
Տըպպայէի քաղաքապետական խորհուրդ.
Պետրոս Մաճարեան
Մըզհեր-Պըսալիմի քաղաքապետական խորհուրդ.
Խորէն Լուսարարեան
Պրումմանայի քաղաքապետական խորհուրդ.
Կասիա Կիւրիւնեան-Ծատուրեան
Ժտէյտէի- Սըտ Պաուշրիէի քաղաքապետական խորհուրդ.
Րաֆֆի Մեսրոպեան
Մըզհերի թաղապետ
Աւօ Քէօրքիւնեան
Պաուշրիէի թաղապետ
Մհեր Արոյեան
Կը հաստատենք, որ Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածութեանց պարագային, յաջողութիւն չէ կրցած արձանագրել այն ցանկը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ մեր թեկնածուն` Հայկ Ոսկերիչեան:
Տարուան սկիզբէն Լիբանանի մէջ ստեղծուած նոր կացութեան եւ յուսալից մթնոլորտին մէջ Լեռնալիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան արձանագրած ընտրական յաջողութիւնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ լիբանանահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր շահերը պաշտպանող մեր կուսակցութեան նկատմամբ:
Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Լեռնալիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ ընտրուած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ թաղապետներու բոլոր թեկնածուներուն` մաղթելով, որ անոնց ընտրութիւնը խթան հանդիսանայ նոր թափով լծուելու շրջաններու բարգաւաճման աշխատանքին եւ լիբանանահայութեան շահերն ու իրաւունքները ձեռք ձգելու ու ամրագրելու երթին:
18 մայիս 2025-ին տեղի պիտի ունենան Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այդ ընտրատարածքներուն պարագային թեկնածութիւններն ու ընտրական դաշինքները ձեւաւորման ընթացքի մէջ են եւ կը յայտարարուին մօտ օրէն:
Վստահ ենք, որ այդ ընտրատարածքներուն պարագային ալ լիբանանահայութիւնը իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ իր հաւաքականութիւնը ներկայացնող թեկնածուներուն:
ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ