Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի վերջին երկու՝ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Տիկին Անի Շահինեան-Սարգիսեանի եւ ուսուցիչներու: Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան:
Արդարեւ, աւարտական դասարանը՝ Հայաստան մեկնելու նախօրէին եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ հայրական յատուկ օրհնութիւններ ստանալու, ինչպէս այս մասին իր խօսքին մէջ ըսաւ տնօրէնուհին, որ վարժարանին անունով ուրախութիւն յայտնեց՝ վարժարանին նկատմամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հայրական հոգատար վերաբերումին համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, մեծ ուրախութեամբ լեցուեցաւ երբ իրարու ետեւէ եւ գեղարուեստական վարպետութեամբ կազմակերպուած աշակերտական յայտագիրին հաղորդ դարձաւ: Աղօթական ու հայրենասիրական ապրումներու ճոխութեամբ մատուցուած աշակերտական յայտագիրը ըմբոշխնելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց աշակերտներուն, անոնց ուսուցիչներուն եւ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ տարուած գնահատելի աշխատանքը եւ իր հայրական ջերմ խօսքերը, ուղեցոյց-խրատներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Հայաստան մեկնող իւրաքանչիւր աշակերտի, թելադրելով անոնց օրագիր պատրաստել եւ հայրենիք իրենց առաջին այցելութեան քաղցրութիւնն ու ապրուած անմոռանալի յուշերը ամփոփել տետրակի մը մէջ, ապագային վերստին կարդալու համար զանոնք: