Մելինէ Գարագաշեան

Մելինէ Գարագաշեան

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ վաստակաշատ Տոքթ. Մելինէ Գարագաշեանի մահը, որ պատահեցաւ Մայիս 30-ին։

Տոքթ. Մելինէ Գարագաշեան եղած է Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1992-էն մինչեւ 1995՝ երկրաշարժի արհաւիրքին յաջորդող տարիներուն, ինչպէս նաեւ, իր մասնակցութիւնը բերած է յատկապէս Հ․Օ․Մ․-ի Հոգեբանական ծառայութեան գրասենեակներու եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն եւ Արցախեան պատերազմէն տուժածներուն ցուցաբերուած օգնութեան աշխատանքներուն։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք սգակիր ընտանիքին, հարազատներուն եւ Հ․Օ․Մ․-ի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Դոկտ. Գարագաշեան ծնած է Ապրիլ 1943-ին, Պէյրութի մէջ, Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Յակոբ եւ Վերժին Ժամկոչեաններու ընտանիքին մէջ։ Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Սուրբ Նշան վարժարանին եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Ֆրանսական պաքալորէայի փորձառական գիտութիւններու ճիւղին հետեւած է Միջազգային գոլէճին մէջ: Այնուհետեւ հաստատուած է Նիւ Ճըրզի, ուր աւարտած է Ռաթկըրզ համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղը։ Ապա դպրոցական եւ համայնքային հոգեբանութեան մագիստրոսական ու բժշկական մանկական հոգեբանութեան դոկտորական տիտղոսներ ստացած է Սիթըն Հոլ համալսարանէն։ Հայեցի բոյն մը կազմած է Նուպսր Գարագաշեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով՝ Շանթ, Սեպուհ եւ Լոռի։

Իր մասնագիտական աշխատանքի ծիրին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան հոգեբուժական յատուկ ծրագրի կամաւոր եղած է, հոգեբանական անհրաժեշտ օժանդակութիւն բերելով Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժի եւ Արցախի առսջին պատերազմի աղէտեալներուն։ Անոր ծառայութիւնը արժանացած է Հայաստանի նախագահներու դրուատիքին։ Դասաւանդած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ երկու ուսումնական շրջաններու ընթացքին։

Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաւոր աղէտէն ետք, դասաւանդած է Նիւ Ճըրզիի Հոգեբանութեան Ընկերակցութեան անդամներուն եւ գնահատուած է նահանգի Մտային Առողջութեան Ընկերակցութեան եւ Ամերիկեան Հոգեբանութեան Ընկերակցութեան նախագահներուն կողմէ:

Գրած է անգլերէն ու հայերէն գիտական յօդուածներ։ Հրատարակած է․- «Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը» (2006), «Կոմիտաս. հոգեբանական վերլուծում մը» (2011) եւ «Կոմիտաս. Մեծ Եղեռնի զոհը» (2015)։ Վերջինս լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 3 Յունիսին, Սուրբ Ստեփանոս (Էլպըրոն, Նիւ ճըրզի) եկեղեցւոյ մէջ։

Share