ՀՕՄի հիմնասիւներէն՝ Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի դառն կորուստը

ՀՕՄի հիմնասիւներէն՝ Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի դառն կորուստը


Ընկերուհի Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի մահուան գոյժը սրտի խոր կսկիծ պատճառեց։

Ան ազգային գաղափարի ու մշակոյթի անսակարկ նուիրուած, բարերար եւ վաստակաւոր ՀՕՄ-ուհի մըն էր։

Ընկերուհի Քոհլըրը, չորս տասնամեակներ ծառայեց որպէս մասնաճիւղի, շրջանայինի եւ կեդրոնականի
վարչութիւններէն ներս, եւ մասնաւորաբար՝ որպէս ղեկավար ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» Հիմնադրամի
Յանձնախումբին: Ընկերուհին ոչ միայն մտահոգ էր հայ ժողովուրդի տագնապներով եւ անոր ծրագիրները
իրականացնելու տեսլականով, այլ նաեւ ծրագիրներու գլխաւոր բարերարն էր։

Վարձքդ կատար, սիրելի ընկերուհի, յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր դստեր՝ Քրիսթին Մարալ եւ Տերիք Օսթըններուն,
թոռներուն՝ Ճէյմզ, Էլ եւ Իթըն Օսթըններուն, քրոջ՝ Ազատուհի Ասլանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ
ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին։

Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն

Share