Հայ-իրանական սահմանին՝ Իրանի «Նորտուզ» անցակէտէն քաղաքացիներու անցքը վերաբացուած է, «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած են Կապանի մէջ Իրանի ընդհանուր հիւպատոսութենէն։
Մարտի 4-ին ժամը 04։00-էն՝ իրանական կողմի համացանցային կապի խափանման պատճառով, ժամանակաւորապէս փակուած էր քաղաքացիներու անցքը հայ-իրանական սահմանէն։
«Խնդիրը լուծուած է, քաղաքացիներու անցքը վերսկսած է»,‒ հաղորդած են հիւպատոսութենէն։
Ներկայիս ձեւակերպումն ու գրանցումը որոշ չափով դան-դաղ կը կատարուին, քանի որ համացանցի խափանման պատճառով գործընթացը կը կատարուի ձեռքով։
