Քոչարեան դատ բացաւ Փաշինեանին դէմ՝ զրպարտութեան համար, իսկ Կարապետեան դատ տուեց աւելի քան 150 անձերու

Քոչարեան դատ բացաւ Փաշինեանին դէմ՝ զրպարտութեան համար, իսկ Կարապետեան դատ տուեց աւելի քան 150 անձերու

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Բոլոր երկիրներուն մէջ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող անձերուն դէմ դատ կը բանան: Դատապարտուելու պարագային, անոնք կ՛ենթարկուին պատիժի: Սակայն, այնքան ատեն որ դատավճիռ չէ տրուած, ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ամբաստանեալները կոչել «յանցագործներ, ահաբեկիչներ կամ օրինախախտներ»:

Երկիրներու մեծամասնութեան մէջ կան օրէնքներ զրպարտութեան դէմ, որ կեղծ տեղեկատուութեան հրապարակային տարածումն է, եւ որ՝ վնաս կը հասցնէ անհատին պատիւին, արժանապատուութեան կամ գործարարի համբաւին: Հայաստանի մէջ վիրաւորանքները կրնան պատճառ դառնալ դրամական տուգանքի՝ մինչեւ 3 միլիոն դրամ (մօտ 7800 տոլար), մինչդեռ զրպարտութիւնը կրնայ արժել մինչեւ 6 միլիոն դրամ (մօտ 15.600 տոլար):

Այնուամենայնիւ, մարդոց մեծ մասը տարբերութիւն չի դներ մեղադրանքին եւ յանցանքին միջեւ: Օրէնքի գերակայութեան պարագային, յանցագործութեան մէջ մեղադրուող իւրաքանչիւր անձ կը նկատուի անմեղ, այնքան ատեն որ դատարանին մէջ անոր յանցանքը չէ փաստուած։

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի կառավարութիւնը մեղադրանք առաջադրեց տասնեակ անձերու` յեղաշրջման նախապատրաստութենէն սկսեալ մինչեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու մէջ: Նախքան որեւէ դատավարութեան կամ վճիռի կայացումը, պաշտօնատարներն ու անոնց կողմնակիցները մեղադրուողները կոչած են «յանցագործներ», այդ պատճառով ալ զրպարտութեան վերաբերող բազմաթիւ դատեր բացուեցան։

Նախորդ շաբաթ տեղեկացուցած էի, թէ ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով կը գտնուի Երեւանի բանտը՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պաշտպանելուն համար, դատ բացաւ Փաշինեանին սատարող Ազգային ժողովի երկու պատգամաւորներու դէմ: Կարապետեան մեղադրեց Արսէն Թորոսեանն ու Հայկ Կոնջոյեանը` Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան` «Էֆ.Էս.Պի.»-ի հետ կապեր ունենալու եւ «հայ ժողովուրդը թալանելու» կեղծ մեղադրանքներ տարածելուն համար: Կարապետեան կը պահանջէ, որ անոնք հրապարակաւ հերքեն իրենց յայտարարութիւնները, նաեւ իւրաքանչիւրը վճարէ 9 միլիոն դրամ (մօտ 23,400 տոլար), ինչպէս նաեւ՝ դատական ծախսերը:

Այնուհետեւ Կարապետեան երեք դատ եւս բացաւ.

— Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանի դէմ` 17 եւ  24 յունիսին Դիմատետրի վրայ անոր կատարած գրառումներուն համար, որոնց մէջ ան պնդած է, որ Սամուէլ Կարապետեան միջամտած է Հայաստանի քաղաքականութեան` օտար երկրի ցուցումով: Ան գրած է, որ Կարապետեանը՝ «մասնակցել է մի խումբ ստահակների կողմից կազմակերպուած ձախողուած յեղաշրջման փորձին»: Կարապետեան կը պահանջէ հրապարակային ներողութիւն:

— Փաշինեանի աշխատակազմի փոխղեկավար Տարօն Չախոյեանի դէմ` դիմատետրեան քանի մը գրառումներու պատճառով, որոնց մէջ Կարապետեան ներկայացուած է իբրեւ գործակալ, որ գործուղուած է Հայաստան՝ յատուկ յանձնարարութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ այլ «վիրաւորական» մեկնաբանութիւններ ընելու համար: Կարապետեան այդ յայտարարութիւնները կը նկատէ «զրպարտութիւն, կեղծ եւ անհիմն», ուստի կը պահանջէ հրապարակային ներողութիւն:

— Քաղաքագէտ Յարութիւն Մկրտչեանի դէմ` իշխանամէտ լրագրողներու հետ հարցազրոյցներուն եւ Դիմատետրի մէջ կատարած գրառումներուն համար, որոնց մէջ ան կը մեղադրէ Կարապետեանը իբրեւ արտասահմանեան պատուէրով գործակալ` Հայաստանի քաղաքական գործունէութեան մէջ ներգրաւուելու համար: Կարապետեան Մկրտչեանին մեղադրանքները կ՛որակէ «զրպարտութիւն, կեղծ եւ անհիմն»:

Միեւնոյն ժամանակ փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան նախորդ շաբաթ յայտնեց, որ իր պաշտպանեալը` Կարապետեանը, դատ պիտի բանայ նաեւ 150 անձերու դէմ` վերջին օրերուն տարբեր մեղադրանքներով ձերբակալուածները զրպարտելու եւ վիրաւորելու համար, այդպիսով ոտնահարելով ամբաստանեալներու անմեղութեան կանխավարկածի իրաւունքը: Փաստաբանը պնդեց, որ՝ «Խորհրդարանի պատգամաւորների, նախարարների եւ միջին օղակի պաշտօնեաների, ինչպէս նաեւ փորձագէտների ու քարոզիչների կողմից արուած յայտարարութիւններն ագրեսիւ (թշնամական) են եւ  հայհոյանքներով լի»:

Վերջապէս, նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը դատ բացած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի դէմ` պահանջելով, որ վերջինս ներողութիւն խնդրէ եւ հերքէ իր «կեղծ» յայտարարութիւնները, որոնք՝ «Արատաւորում են Քոչարեանի արժանապատուութիւնն ու բարի համբաւը»: Քոչարեանը երկրորդ դատը բացաւ, երբ Սիմոնեան ծաղրեց անոր առաջին դատը։

Քոչարեան նաեւ դատ բացած է վարչապետ Փաշինեանին դէմ` կեղծ պնդում ընելուն համար, թէ դատարանը զինք մեղաւոր նկատած է կաշառակերութեան մէջ: Քոչարեան կը պահանջէ, որ Փաշինեան իրեն վճարէ վեց միլիոն դրամ (15.600 տոլար) փոխհատուցում:

Այս բոլոր դատերուն հարցը այն է, որ Հայաստանի գրեթէ բոլոր դատաւորները տակաւին կը վախնան վրէժխնդրութենէն, եթէ կայացնեն Փաշինեանի կամքին հակառակ որոշումներ, ինչպէս ան անձամբ յայտարարած էր 2018-ին` անկեղծութեան հազուադէպ մէկ պահու: Ասիկա լուրջ կասկածներ կը յառաջացնէ այդ դատերուն նկատմամբ անաչառ արդարադատութեան հաւանականութեան վերաբերեալ:

Ամբաստանեալները երկու կարելիութիւն ունին: Անոնք կրնան սպասել ապագային անկախացած հայկական դատարաններուն` իրենց իրաւունքներու վերականգնման hամար, երբ Փաշինեան հրաժարական տայ: Կամ դատապարտման պարագային, կարելի է դատավճիռները բողոքարկել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ): Կարապետեանի իրաւաբանական խումբը նախորդ շաբաթ յայտնեց, որ արդէն կը նախապատրաստուի այդպիսի բողոք  ներկայացնել ՄԻԵԴ-ին`  յոյս ունենալով, որ Սթրազպուրկի դատարանը պիտի չեղարկէ անարդար հայկական վճիռը: Միակ հարցը այն է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործընթացները կրնան տարիներ տեւել, եթէ անիկա իբրեւ շտապ չնկատուի։

Մինչ այդ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին պէտք է սերտէ Փաշինեանին եւ անոր կենակից Աննա Յակոբեանին դէմ դատ բանալու պարագան` եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրական տարանջատումը խախտելու եւ  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ու այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ անհիմն, ծայրայեղ մեղադրանքներ ուղղելու համար: Եթէ Հայաստանի դատարանները վճիռ կայացնեն հոգեւորականներուն դէմ, անոնք պէտք է բողոքարկեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ:

Share