Ժամանակն է դատ բանալու թուրքիոյ դէմ. Ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման կարիք չկայ

Ժամանակն է դատ բանալու թուրքիոյ դէմ. Ցեղասպանութեան յաւելեալ ճանաչման կարիք չկայ

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ի վեր հայերը անդադար պայքարած են աշխարհին տեղեկացնելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած 1.5 միլիոն հայերու համակարգուած ոչնչացման մասին:

Իբրեւ արդիւնք, աւելի քան 30 երկիրներ, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ եւ առաջատար ցեղասպանագէտներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը: Այս բոլոր ճանաչումներէն ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է ընդունուած իրողութիւն` ուղղակի կշտամբանք Թուրքիոյ ժխտողական քարոզչութեան: Ցաւօք քանի մը կարեւոր երկիրներ, ինչպէս՝ Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Իսրայէլը, տակաւին չեն ճանչցած զայն, ոչ թէ անտեղեակութեան, այլ քաղաքական նպատակայարմարութեան եւ Թուրքիան հանդարտեցնելու իրենց փափաքին պատճառով: Այսպիսով ճանաչման հետապնդման դարաշրջանը պէտք է աւարտած նկատել:

Հարցը այն է, որ տասնամեակներ շարունակ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւներէն ետք հայերն ու օտարները, որոնց կարգին թուրք պաշտօնեաները, սխալ եզրակացութեան հասած են, որ՝ ճանաչումը վերջնական նպատակ է: Ասիկա հիմնական թիւրիմացութիւն է: Մեր իսկական պահանջները փոխհատուցումն ու Արեւմտեան Հայաստանի վերադարձն են: Երբ Թուրքիան անդրադառնայ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը պիտի չարգիլէ հայ ժողովուրդը հետապնդելու այս միւս երկու նպատակները, Անգարան կրնայ վերջապէս տեսնել իր ժխտողական արշաւին ունայնութիւնը:

Այնուամենայնիւ, Ցեղասպանութեան ճանաչման համաշխարհային արշաւը ապարդիւն չէր: Աշխարհը այժմ գիտէ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը: 110 տարի ետք թրքական կառավարութիւնը տակաւին կը բախի իր նախորդ վարչակարգին կողմէ գործադրուած նողկալի յանցագործութիւններու ամօթալի յիշեցումներուն:

Բայց եւ այնպէս, պարզապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալն ու ներում հայցելը պիտի չբուժեն վէրքերը, ոչ ալ պիտի վերացնեն գործուածին հետեւանքները: Հայերը տակաւին կը սպասեն արդարութեան, իրենց պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ բռնագրաւուած հողերու ու ունեցուածքի վերադարձին:

1915 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը համակարգուած արշաւ կատարեց` արմատախիլ ընելու ամբողջ ազգ մը իր նախնիներուն հայրենիքէն` զրկելով վերապրածները իրենց տուներէն, հայրենի հողերէն, մշակութային ժառանգութենէն, եկեղեցիներէն եւ անձնական ունեցուածքէն: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուեցաւ մեծ անարդարութիւն, որ անոր, ինչպէս հրէական Ողջակիզումի պարագային, իրաւունք կու տայ օրինական փոխհատուցում ստանալ իր հսկայական կորուստներուն համար:

Հատուցումը կրնայ ըլլալ բազմաթիւ ձեւերով: Իբրեւ առաջին կարեւորագոյն քայլ` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք է բոլոր 2500 հայկական եկեղեցիները վերադարձնէ հայկական վերահսկողութեան` զանոնք դնելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի իրաւասութեան ներքոյ: Այս բռնագրաւուած եկեղեցիները, որոնք վերածուած են մզկիթներու, ախոռներու, պահեստանոցներու կամ քանդուած են, պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տէրերուն:

Այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ պետութիւն, պէտք է իրաւական պատասխանատուութիւն կրէ Ցեղասպանութեան եւ անոր շարունակական հետեւանքներուն համար: Թուրքիան ժառանգած է Օսմանեան կայսրութեան ունեցուածքները

 հետեւաբար ժառանգած է նաեւ անոր պարտաւորութիւնները:

Ցաւօք, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող նախագահական հռչակագիրները եւ Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած յիշատակման բանաձեւերը օրէնքի ուժ չունին, հետեւաբար, իրաւական արժէք չեն կրնան ունենալ:

Առանց երկար սպասելու, նկատի ունենալով, որ հայերը արդէն սպասած են աւելի քան մէկ դար, անոնք պէտք է իրաւական քայլերու ձեռնարկեն միջազգային եւ ազգային դատարաններու միջոցով, ներառեալ.

— Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (Համաշխարհային դատարան), ուր միայն պետութիւնները ունին նման իրաւասութիւն,

— Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին,

— Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու դատարաններուն:

Հայաստանի ներկայի կառավարութիւնը ոչ մէկ շահագրգռուածութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դատական հայցեր ներկայացնելու Միջազգային դատարանին մէջ՝ ընդդէմ Թուրքիոյ, ուստի ամերիկահայերը պէտք է ձեռնարկեն իրաւական գործողութիւններու: Այլ խորհրդանշական բանաձեւի մը համար պայքարելու փոխարէն, անոնք պէտք է լոպիինկ կատարեն Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին մէջ` երկարաձգելու վաղեմութեան ժամկէտը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ հայերուն դատական հայցեր ներկայացնել` Ցեղասպանութեան պատճառով իրենց կրած նիւթական կորուստներու հիման վրայ:

Երբ Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը որդեգրեն նման օրինագիծ, անիկա պիտի ուղարկուի նախագահին` ստորագրութեան համար: Այս օրէնսդրութիւնը պիտի համապատասխանէ Ողջակիզումի փոխհատուցման վերաբերեալ գործող օրէնքներու իրաւական շրջանակին, ինչպիսիք են`

— «Ողջակիզումի զոհերու փոխհատուցման մասին» օրէնքը, որ որդեգրուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ, 1998 թուականին,

— «Ողջակիզումի ժամանակ բռնագրաւուած արուեստի գործերու վերականգնման մասին 2016 թուականի օրէնքը»,

— Քալիֆորնիոյ ժողովի 2867-րդ օրինագիծը` «Հալածանքներու պատճառով կորսուած արուեստի գործերու եւ անձնական ունեցուածքի վերականգնում», որ ստորագրուած է նահանգապետ Կեւին Նիւսըմի կողմէ 2024 թուականին:

Երբ դատեր բացուին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ, անոնք պիտի գրաւեն ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը` ստիպելով Թուրքիան իրաւական մակարդակի վրայ առերեսուելու իր յանցաւոր անցեալի հետ: Այդ պարագային թրքական կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումները պիտի դառնան անիմաստ:

Միացեալ Նահանգներու դատարանները կրնան օրինական կերպով պարտադիր վճիռներ կայացնել` պահանջելով Թուրքիայէն փոխհատուցում վճարել հայերուն անոնց կորուստներուն համար: Եթէ Թուրքիան մերժէ կատարել այդ պահանջը, դատարանները կրնան որոշում տալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող եւ թրքական կառավարութեան պատկանող բոլոր սեփականութիւններու, օրինակ՝ շէնքերու, դրամատնային հաշիւներու եւ «Թրքական օդանաւային ընկերութեան» պատկանող օդանաւերու բռնագրաւման վերաբերեալ:

Այս պատմական իրաւական պայքարին սկսելու համար հայերը պէտք է անյապաղ ձեռնարկեն երկու գործողութիւններու.

1) Լոպիինկ կատարել Քոնկրեսին մէջ՝  այս պահանջները արտօնող օրէնք ընդունելու համար,

2) Վարձել միջազգային իրաւունքի ոլորտին մէջ մասնագիտացած լաւագոյն իրաւաբաններ:

Եթէ հայերը յաղթեն դատարանին մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանավէճը անտեղի պիտի դառնայ: Միացեալ Նահանգներու դատարանի նման որոշում մը գործադրելու որեւէ դիմադրութիւն կամ մերժում՝ թրքական կառավարութեան կողմէ, դիւանագիտական եւ իրաւական լուրջ ճգնաժամ պիտի յառաջացնէ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը կրնայ վերջապէս հասնիլ արդարութեան` ոչ թէ յաւելեալ ճանաչման, այլ դատական յաղթանակներու միջոցով:

Share