Ս. Մահսէրէճեան
Եթէ կ’ուզէք՝ անակնկալ սեպեցէք, թէեւ անախորժ անակնկալները սովորական դարձած են հայուն համար: Երեւանի լրատու մէկ աղբիւրը Երկուշաբթի, 4 Օգոստոսին հաղորդեց լուր մը, թէ չորս օր ետք, Ուրբաթ, 8 Օգոստոսին, Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տան մէջ պիտի հիւրընկալէ Ալիեւն ու Փաշինեանը:
Լուրը «ծնած» է ազերի լրագրողէ մը, որ կը գործէ Ուաշինկթընի մէջ: Ան հաւաստած է, որ այս եռակողմ գերաստիճանը սարքուած է, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետութեանց վարիչները «խաղաղութիւն հաստատելու իրենց նպատակը յայտարարեն»: (Գնա՛ եւ հասկցիր, թէ ի՞նչ կը նշանակեն այս քանի մը բառերը): Լուրին հաւաստիութիւնը ստուգելու համար, յիշեալ լրատու աղբիւրը դիմեր է վարչապետ կոչեցեալի գրասենեակը, որ անպատասխան ձգած է զանգը:
Հարցը հոն չէ, թէ արդեօք պէ՞տք է հաւատք ընծայել թշնամի կողմի մէկ լրագրողին լուրին: Հարցը, ո՜չ, հարցե՜րը հոն են, որ նման լուրի հաւատալը մէկ աղէտ է, չհաւատալը տարբեր աղէտ: Կայ նաեւ այն՝ որ պաշտօնական Երեւանը շատո՜նց ստեղծած է աւանդութիւն մը, որ իր ընելիքները գաղտնի կը պահէ մինչեւ մետասաներորդ վայրկեան, յետոյ թուրքին ու ազերիին հաղորդածը կ’իրականանայ, հետեւանքն ալ այն կ’ըլլայ, որ եւրոպական կամ արաբական երկրի մը այս կամ այն քաղաքին մէջ նման հանդիպումներ նոր վնասներ, նոր նահանջներ եւ նոր կորուստներ «կը պարգեւեն» Հայաստանին (Արցախը առայժմ կորսուած-գացած կը համարուի), իսկ ՔՊ-ական դասը կը փորձէ իւրաքանչիւր կորուստ ու նահանջ ազգին հրամցնել իբրեւ շահ, նուաճում եւ «ապագայ կայ»ին մէկ նոր հանգրուանը: Ո՜վ կը յիշէ մարդուկին այն հաւաստիքը, որ Արցախը տալով՝ Հայաստանը շահեցանք: Վա՜յ, այդ ի՜նչ մե՜ծ նուաճո՜ւմ է՜ր…
***
Ուաշինկթընեան եռակողմը, եթէ իրականանայ, յայտնապէս (ժամանակաւորապէս) սառնարանը պիտի դնէ քանի մը հրատապ հարց, ինչպէս՝ ընդդիմախօսներու բանտարկութիւնը, Էջմիածինի վրայ հրոսակային արշաւը, տնտեսական խայտառակութիւններու արդար քննարկումները եւ այլ բաներ (մթնոլորտային հարցերը մասամբ մարդոց հասողութենէն անդին կը դասուին):
Անմիջական եւ անխուսափելի հարցում մը կը ծագի. ինչի՞ պիտի ծառայէ եռակողմանի (հաւանական) հանդիպումը: Աչքի առջեւ ունենալով միայն վերջին շաբաթներուն (նախկինները չենք անտեսեր), Ուաշինկթընէն ու Ազրպէյճան-Թուրքիա ճակատէն հնչած «աւետիսները» եւ անոնց ընդառաջ երթալու մեր վարպե1տ ստրկամիտներուն տրամադրութիւնները, կարելի է շարք մը նախատեսութիւններ ընել, եւ անոր համար մարդս մարգարէ ըլլալու պէտք չունի: Ընենք արագ եւ ոչ ամբողջական թւում մը:
- Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, հրապարակային երկխօսութիւններով, կրկին ու կրկին պահանջ դրին «Զանգեզուրի միջացքը» ունենալու, այդ ուղղութեամբ ալ արդէն շատո՜նց գործնական նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն: Թշնամի կողմը հաւաստեց, որ Երեւանի վարչախումբը «ճկունութիւն ցոյց կու տայ» (այս պահանջին ընդառաջելու ուղղութեամբ):
- Ուշինկթընէն հասաւ այլ «աւետիս» մը: Մարդիկը բացայայտօրէն ըսին. եկէ՛ք, սա «միջանցք»ի հարցին տանք… միջին լուծում մը, այսինքն՝ այդ շրջանը 100 տարուան համար մեզի վարձու տուէք (իսկ մինչեւ 100 տարի, կա՛մ էշը կը մեռնի, կամ իշատէրը…):
- Հայաստանի «իմաստունը» սկսաւ խօսիլ խնդրոյ առարկայ ճամբուն (որ հիմա տարբեր անուններով ծախու հանուած է) «արտապատուիրակման» մասին: Շուտով յստակ դարձաւ, որ արտապատուիրակումը կրնայ իրականանալ՝ շրջանը օտար ընկերութեան մը վստահելով: Եւ «Բիւզանդական վէճ» մը ծագեցաւ, թէ նման ընտրանք գերիշխանութեան զիջում պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ: Պաշտօնական Երեւանը փորձեց – եւ կը շարունակէ փորձել – ազգը համոզել, որ զիջում պիտի չըլլայ, եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ երկաթուղիներու, օդակայանի եւ այլ հաստատութիւններու արտապատուիրակուած ըլլալը (այլ հարց՝ թէ ինչո՞ւ հայը չի յանձանձեր նման հաստատութիւններ. Պատասխա՞նը. չարաշահներ եւ սնանկացումը տանողներ շարքի կանգնած են…): Ընդդիմադիրները, իմաստուն ու բանգէտ մարդիկ կ’ըսեն, որ իշխանութիւնները դարձեալ կը ստեն, որովհետեւ անոնց այսպէս կոչուած՝ բարի խոստումներն ու դրական նախատեսութիւնները յետոյ հակառակին փաստերով ամրագրուած են ու նորանոր վնասներ պատճառած՝ մեր հայրենիքին: (Այս բանավէճին եւ նախատեսութիւններուն մէջ չենք նախընտրեր աւելի խորանալ):
***
Վերի խորապատկերին դիմաց, եւ մի՛շտ հարցականի տակ դնելով հանդիպումին հաւանականութիւնը, «անիկա ինչի՞ պիտի ծառայէ»ին՝ տանք քանի մը պատասխան.
- Յայտնապէս «Զանգեզուրի միջանցքին արտապատուիրակման» ծրագիրը եփած կերակուր է, կը մնայ, որ Թրամփ, խաղաղարարի իր պատմուճանին վրայ, նոր աստղ մը աւելցնելու նպատակով, փորձէ Ալիեւէն ու Փաշինեանէն ապահովել շահաբեր խոստումներ: Շահաբերը՝ ամերիկացիներուն ու դաշնակիցներուն, նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար (իսկ ինչո՞ւ մոռնալ, որ Փաշինեան անոնց գլխոկոր գործակատարն է, Հայաստանի շահերուն դիտանկիւնէն մատը-մատին զարնելու տրամադրութիւն չունի):
- Այս ծրագիրին իրականացումը՝ Ուաշինկթըն եւ մեր անմիջական թշնամիները կը դիտեն իրենց եւ դաշնակիցներու շահերուն դիտանկիւնէն: Անոնք վստահաբար վերջերս մե՜ծ ցնծութեամբ իմացան, որ Հայաստանի նոր օրերու «Աբիսողոմ աղան»՝ նախագահի աթոռին նշանակուած Վահագն Խաչատուրեանը, Սիւնիք իր այցելութեան օրերուն, փորձեց ժողովուրդին ծախել ճամբաներու բացման ծրագիրը, զայն ներկայացուց (իբրեւ թէ) Հայաստանի ու մասնաւորապաէս սիւնեցիներուն համար շահաբեր, սակայն ստացած պատասխաններէն մէկն էր. «Մենք քեզի չենք հաւատար…»: Ի դէպ, կա՞յ հայ մը, որ թշնամի-դրացիներուն հետ խաղաղութիւն եւ գործակցական յարաբերութիւն չցանկայ: Սակայն երբ բաց աչքերով եւ աղաղակող փաստերով կը տեսնենք, որ իշխանաւորներուն «խաղաղութեան ծրագիր»ները միայն ու միայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հացին կարագ ու մեղր կը քսեն, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ լիարժէք հակայայութիւն կը տանին, Հայաստանին կը խոստանան ուղղակի եւ անուղղակի ենթակայութիւն՝ վասալութիւն, մինչեւ անգամ հողային յաւելեալ կծկո՛ւմ, մինչեւ անգամ՝ անէացո՛ւմ (կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ, չգիտակցելու՝ թէ Ալիեւ ինչ ըսել կ’ուզէ Սեւանն ու Սիւնիքը, նոյնինքն Երեւա՛նը ազերիապատկան հռչակելով), բանականութիւնը կը թելադրէ ըլլալ իրատես, այսինքն տեսնել, որ Երեւանի վարչախումբը շահերը կը դիտէ բացառապէս… թուրք-ազերիական ակնոցով:
- Եթէ առաւելաբար առեւտրական եւ շահադիտական «ուղեղով» Թրամփ մը Ալիեւի եւ Փաշինեանի կ’ըսէ՝ «հո՛ս եկէք», կը նշանակէ, որ անմիջական նպատակը պիտի ըլլայ Փաշինեանի «թեւը ոլորել», որպէսզի պաշտօնապէս ընդունի «արտապատուիրակումը», այսինքն՝ վաճառէ Սիւնիքը՝ «միջանցք» անուան տակ (գնողը, գիտենք, ո՛վ պիտի ըլլայ. Արցախը վկայ… ): Ատենին, Հիլըրի Քլինթըն յոխորտացած էր, որ Հայաստանի օրուան նախագահին թեւը ոլորած էր, որպէսզի ընդունէր «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» արդիւնքը՝ փրոթոքոլները, սակայն յետոյ յայտնի եղաւ, որ չէր յաջողած: շատո՜նց փաստուած է, որ Փաշինեան նոյնքան ուժեղ կամ ճկուն բազուկ չունի (իսկ եթէ բան մը ունի՝ այդ ալ կը գործածէ Եկեղեցւոյ ու ընդդիմադիրներու դէմ՝ «ներսը շնագայլ, դուրսը մուկ» տրամաբանութեամբ): Ան բացայայտեց, որ պատրաստ է Սիւնիքը վաճառքի հանելու, եւ՝ աճուրդով, երբ սկսաւ խօսիլ արտապատուիրակման «հնարք»ին մասին (որ իր ուղեղին մէջ տեղադրուած էր թշմանիներուն կողմէ):
- Արտապատուիրակման ծրագիրին իրականացման մէջ, Ուշինկթըն կրնայ այս կամ այն ձեւով, ուղղակի կամ անուղղակի տարազներով, գլխաւոր դերակատարութիւնը յանձնել… թրքական ընկերութեան մը, եւ պարտադրել՝ ամէն բանի «ասէ՛ք, կանե՛նք» ըսող Փաշինեանին, որ ընդունի այդ ընտրանքը: Անկէ անդին, նոր մարգարէներ փնտռելու պէտք չունինք, հասկնալու՝ թէ Սիւնիքին գլխուն – եւ Սիւնիքէն սկսեալ – ինչպիսի՜ աղէտներ կրնան իրարու յաջորդել:
***
Առաջադրուած հանդիպումին իրականացումը՝ մէկ աղէտ, չիրականանալը (կամ յետաձգումը) ուրիշ աղէտ: Իսկ եթէ իրականանայ, ՔՊ-ական վարչախումբը ինքզինք աւելի՛ հզօրացած ու քաչալերուած պիտի զգայ մէկ կողմէ՝ ընդդիմադիրներու եւ յատկապէս Եկեղեցւոյ դէմ բռնադատութիւններուն մէջ, միւս կողմէ՝ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները շահելու ախորժակով:
Երկու պարագային ալ, ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ հրամայական է, ընդդիմադիրներուն միասնութիւնն ու ազգ ու հայրենիք պահելու կամքը ունեցող զանգուածներուն՝ ընդդիմարդիրներուն շուրջ համախումբումը, ՀԶՕՐԱՆՔի ապահովումը՝ կենսական:
Իսկ երբ կը խօսինք միասնութեան մասին, անշո՛ւշտ որ ի մտի ունինք նա՛եւ ամբողջ ՍՓԻՒՌՔԸ: