Մաս 1․ Հայկական Համայնքները` Թիրախաւորուած
Հետեւեալը հանրային ծառայութեան յայտարարութիւններու շարքի առաջինն է, որ կ՚իրազեկէ տեղեկատուական պատերազմներու կարեւորութիւնն ու ծանրութիւնը, անդրադառնալով անոնց հետեւանքները մեր համայնքներուն վրայ։
Ի՞նչ է Տեղեկատուական Պատերազմը
Տեղեկատուական պատերազմը կ՚ընդգրկէ տեղեկութեան կանխամտածուած օգտագործումը եւ վերահսկումը՝ մարդիկ մոլորեցնելու, բաժնելու կամ շահագործելու եւ քաղաքական կամ հասարակական արդիւնքներու վրայ ազդելու համար։ Տեղեկատուական պատերազմ կրնայ մղուիլ թէ՛ պետութիւններու, թէ՛ ոչ-պետական դերակատարութեամբ։ Ան կը քայքայէ հանրային վստահութիւնը, կը խանգարէ հաղորդակցութիւնը եւ կրնայ ծուլացնել մարդիկ՝ զանոնք դարձնելով յոռետես, անտարբեր խեղաթիւրելով անոնց կամքն ու հաւատքը։
Տեղեկատուական պատերազմը նոր երեւոյթ մը չէ․ պատմական օրինակները կու գան վաղուց եւ զգալիօրէն կը զարգանան տպագրութեան, 19-րդ դարու դեղին մամլոյ եւ 20-րդ դարու սկզբի քարոզչութեամբ։ Այսօրուան թուային դարաշրջանին մէջ, ուր տեղեկութիւնը կը շարժի շանթային արագութեամբ, տեղեկատուական պատերազմը դարձած է աւելի վտանգաւոր եւ լայնածաւալ։
անհրաժեշտ է հասկնալ տեղեկատուական պատերազմի ծալքերն ու նրբութիւնները, որպէսզի կարելի դառնայ պաշտպանել մեր համայնքներն ու ժողովրդավարական համակարգերը։
Տեղեկատուական Պատերազմի Հիմնական Մարտավարութիւններ
Հակառակ աւանդական պատերազմի, ուր կան մարմնային սահմաններ, տեղեկատուական պատերազմը կը գործէ համաշխարհային հարթակի վրայ՝ նուազագոյն ծախսով, թիրախաւորելով գաղափարներ, զգացումներ եւ ըմբռնումներ՝ զանազան միջոցներով։ Տեղեկատուական պատերազմը կը հիմնուի բարդ գործիքներու եւ մարտավարութիւններու բազմազանութեան վրայ, որոնք կ՚օգտագործեն թուային դարաշրջանի արագութիւնն ու մաշտաբը՝ հիմնուելով հնաւուրց քարոզչական հմտութիւններու վրայ։

- Ապատեղեկատուութիւն ընդդէմ Սխալ Տեղեկատուութեան — Սա կը ներառէ կեղծ կամ մոլորեցուցիչ բովանդակութեան տարածում, յաճախ ռազմավարականօրէն թիրախաւորուած ձեւով։ «Ապատեղեկատուութիւնը» ընդհանրապէս կը վերաբերի իմացեալ կեղծ բովանդակութեան, իսկ «սխալ տեղեկատուութիւնը»՝ ոչ-իմացեալ կեղծ բովանդակութեան։ Այս բառերը յաճախ կը գործածուին փոխարինաբար կամ կը նոյնանան։ Նոյնիսկ ճշմարիտ բովանդակութիւնը կրնայ շահագործուիլ կամ գործածուիլ ռազմավարական նպատակներով՝ վստահութիւն ստեղծելու համար։
- Քարոզչութիւն – Տեղեկութիւններու կամ գաղափարներու միտումնաւոր տարածում՝ յաճախ ներկայացուելով իբրեւ բնական կամ զգացական, հանրային կարծիք ձեւաւորելու կամ համոզմունքները ազդեցութեան ենթարկելու նպատակով։
- Արհեստագիտական Ուժեղացում – Այս մարտավարութիւնը կ՛օժտուի հարթակներու արհեստագիտական օրէնքներէն, «bot»-երով մղուած գործունէութեամբ յատուկ հաղորդագրութիւններ ուժեղացնելու համար, որոնք համակարգուած ջանքերու շնորհիւ կը հասնին միլիոնաւոր ակնդիրներու եւ հաւանումներու։
- Մատնային Յարձակումներ (Cyberattacks) – Ուղղակի տեղեկութեան տարածումէն անդին, տեղեկատուական պատերազմը կը ներառէ նաեւ տուեալներու թունաւորում կամ համացանցային ենթակառոյցներու եւ հաղորդակցական ցանցերու խափանում։ Նման յարձակումներու հետեւանքները կ՚ըլլայ հաղորդակցական ցանցերու խաւարում։
- «Հրշէջ Խողովակով Կեղծիք» կամ «Հեղեղել Դաշտը» – Այս մարտավարութեան նպատակը ալիքները հեղեղելն է այնքա՛ն մոլորիչ ապատեղեկութեամբ, որ մարդիկ հրաժարին ճշմարտութիւնը գտնելէն։ Սա յատկապէս յարձակողական մարտավարութիւն մըն է, որ կը ներառէ բազմաթիւ սուտերու, չափազանցութիւններու, կիսաճշմարտութիւններու եւ դաւադրական տեսութիւններու տարածումը բազմաթիւ ուղիներով միաժամանակ՝ քանդելով մարդկային մտքի ունակութեան կարողականութիւնը։ Փաստեր ստուգողները եւ աւանդական լրատուամիջոցները յաճախ չեն կրնար հետեւիլ․ մինչ երկու կեղծիք ուղղուին, տասը նորեր կը բացայայտուին։ Այս ռազմավարութիւնը կը դիմէ տարակուսանքի, ոչ թէ համոզումի։
Այլ Մարտավարութիւններ
- Պատմական վերահսկողութիւն – շահագործելով զգացականօրէն հզօր պատմութիւններ՝ հաւատամքներ վերաձեւելու համար։
- Կրկնութիւն – Որքան շատ անգամ կրկնուի յայտարարութիւն մը, այնքան աւելի հաւանական է, որ մարդիկ հաւատան անոր, նոյնիսկ եթէ այդ կրկնութիւնը ի մտի ունի ճշդել սուտ հաստատումը։
- Հակադարձում – Մեղադրանքները շրջել ուրիշներուն վրայ։
- Ուշադրութեան Յափշտակութիւն կամ (Trolling) – յարձակողական վարքագիծով ուշադրութիւն գրաւելու գործողութիւն։ Ուղղակի ոտնձգութիւն հեղինակութեան դէմ կամ կանոններու խախտում՝ ուրիշներու մտաւոր կարողականութիւնը սպառելու նպատակով, յաճախ առցանց աժան եւ վիրաւորական վարքագծով։
- Դաւադրապաշտութիւն – Կասկած սերմանել անորոշ հարցերով եւ առաջարկներով։
- Համաձայնութեան կեղծում – Մեկուսացած գաղափարներուն հանրային ընդունելութեան պատրանք տալ՝ մեծամասնութեան կարծիքին վրայ ազդելու համար։ Օրինակները կը ներառեն «bot»-երով մղուած գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ որոնման համակարգի կատարելագործումի եւ ազդեցիկներու օգտագործում։
- ԱԲ (AI) եւ Deepfakes – Ասոնք կը դիտուին իբրեւ «ուժի բազմապատկիչներ» գոյութիւն ունեցող հասարակական շարժումներուն կամ փոխազդեցութիւններուն համար՝ նուազեցնելով վնասակար բովանդակութիւն տարածելու մուտքի արգելքը։ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) կարողութիւնը համոզիչ, բայց երբեմն երեւակայական, բովանդակութիւն ստեղծելու, կրնայ նուազեցնել ընդհանուր հաւատքը ամբողջական բովանդակութեան նկատմամբ, քանի որ աւելի դժուար կ՛ըլլայ տարբերել իրականը կեղծէն։
- Աւանդական Ալիքներու Ռազմավարական Օգտագործում – Մամուլը կամ քաղաքականութիւնը գործածել՝ ապատեղեկատուութիւնը ուժեղացնելու համար։ Վերլուծական կեդրոններ, օրագիրներ (blogs), ձայպասփիւռի հաղորդումներ եւ պաշտօնական յայտարարութիւններ կրնան կարեւոր դեր ունենալ աւելի լայն գաղափարական պայքարի մէջ։ Աւելին՝ քաղաքական գործիչները կրնան դատական հայցեր օգտագործել՝ հաղորդագրութիւններ տարածելու եւ ցանցերը փորձարկելու՝ ապատեղեկատուական արշաւներու համար։
Այս գործիքները մեկուսացուած միջոցներ չեն. անոնք յաճախ միացեալ կերպով գործադրուած են իբրեւ շարունակական ու կուտակային գործընթաց, որ ժամանակի ընթացքին կերտէ ազդեցութիւն եւ կրնայ անհրաժեշտութեան պարագային ծառայել արագ ուժեղացման։
Տեղեկատուական պատերազմներու մարտավարութիւնները սորվիլը եւ ճանչնալը կենսական է, որովհետեւ ան կը զինէ մեր համայնքները՝ հասկնալու եւ դիմադրելու պատմութիւններու, հաւատալիքներու եւ զգացումներու միտումնաւոր շահագործումներուն։

(Curtis, Webster University, 2018)