Սիրելի՛ սգակիր հարազատներ ու բարեկամներ
Մահը մերն է, մենք մահինը
Մարդու գործն է միշտ անմահ…
«Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի այս խօսքերը կը յիշենք, ամէն անգամ որ մեր գլուխները խոնարհած՝ յարգանքի ու հրաժեշտի մեր խօսքը կ’ուղղենք մեզմէ վերջնականապէս բաժնուող վաստակաւորի մը, որ իր ծաւալուն գործով անջնջելի հետք ձգած է մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Այդ վաստակաւորներէն մէկն է Պր Հրանդ Աճէմեանը, որուն կեանքը եղաւ նուիրում, անսպառ նուիրում մեր ժողովուրդին ու ազգային հաստատութիւններու:
Ես մանրամասնօրէն պիտի չխօսիմ Պր Հրանդ Աճէմեանի վաստակին կամ իր գրականութեան ու մասնագիտութեան հմտութիւններուն մասին, որովհետեւ արդար պիտի չըլլայ քանի մը վայրկեանի մէջ սեղմել անոր կեանքը լեցուցած եւ անկէ ետք ալ մեզի ժառանգութիւն մնացող իրագործումներուն մասին: Պիտի բաւականանամ միայն վերջին շուրջ 20 տարիներէն քաղուած քանի մը յուշերով, որովհետեւ բախտը ունեցած եմ զանազան առիթներով միասին աշխատելու, կամ իր յօդուածները ու գիրքերը գրաշարած եմ: Անոնց ընդմէջէն, եւ մեր մտերմիկ զրոյցներուն ճամբով իրեն աւելի մօտէն ծանօթացած եմ: Ոչ միայն հետաքրքրական էին, այլ գոնէ ինծի, հաւանաբար նաեւ ձեզմէ շատերուն համար հաճելի, դաստիարակչական, «ճօքերով», ու յաճախ սրամիտ ժպիտներով լեցուն պահեր էին:
Երբ «ըըըըըհհհհհհհ…» ձայնը լսէի եկեղեցիին գրասենեակէն, անմիջապէս գիտէի, որ պր Հրանդը եկեղեցիին հիւրանոցը հասած է, ու կ’աւելցնէր՝ «սուրճը ո՞ւր է»:
Պր. Հրանդը առաջին անգամ տեսայ եկեղեցւոյ գրասեանկը, 2007-2008 տարիներուն: Իր լուրջ արտաքինը, ժպիտէ հեռու դիմագիծը դիտելով, իմ առաջին տպաւորութիւնս այն էր, որ պէտք էր զգուշ ըլլայի: Տարի մը չանցած, երբ սկսայ շաբաթ օրերը եկեղեցիին գրասենեակային աշխատանքներուն օգնել, աւելի յաճախ կը հանդիպէինք, ու այդպէսով մտերմացանք:
Իր այցելութիւնները եկեղեցւոյ գրասենեակը ու սուրճ խմելները պատրուակ էին: Իրականութեան մէջ, Պր. Հրանդին հոգեկան աշխարհն էր որ կ’այցելէր եկեղեցի: Իր պատանութեան օրերէն, երբ վանքի ուսանող էր, եկեղեցասէրի արմատները ծլարձակուած էին եւ ահա, այդ արմատներուն կանչն էր որ զինք կը մղէր դէպի եկեղեցի: Գրասենեակը ու սուրճերը թատրոնի մը բեմադրութեան վարագոյրի արջեւի մասն էին դիտորդին համար, իսկ իսկական Պր Հրանդը ճանչնալու համար, պէտք է վարագոյրին ետեւը երթալ, տարածութիւն մը, որ ընդհանրապէս անտեսանելի է հանդիսատեսի մը համար:
Հոն էր քրիստոնեայ Պր. Հրանդը, հաւատացեալը, աղօթողը, կրօնաւորը, լռութեամբ քարոզողը, իբրեւ քրիստոնեայ ապրողը, կրօնքը ուսումնասիրողը, Խորենացին սիրողը, ինչո՞ւ չէ նաեւ փոքրիկ ճօքերը՝ որոնք աւելի խոստովանանք էին, քան զուարճալիք:
Աւելին, հոն էին Պր Հրանդին ուսումնասիրութիւնները, գիրքերը, յօդուածները, խօսքերը, միտքերը, բացատրութիւնները, ուղղութիւնները, խրատները, սրբագրութիւնները,
Հոն էր Պր Հրանդին պատմութիւնը, ուսուցիչը, դաստիարակը ու խմբագիրը:
Հոն էր Պր Հրանդ խմբավարը ու երաժշտասէրը:
Մէկ խօսքով՝ Պր Հրանդ Մտաւորականը:
Ասոնց կողքին, հոն էր բարի Պր Հրանդը, մեղմ անհատը, սիրող մարդը եւ օգնող ձեռքը:
Վստահ եմ իւրաքանչիւրս յիշատակ մը ունիք Պր հրանդէն, ըլլան անոնք ընտանեկան, ընկերային, կրօնական, հաւաքներու, ելոյթներու, ճաշկերոյթներու ընթացքին եւ մասնաւորապէս՝ գինեձօններու: Մէկ բան նկատելի էր. երբ Պր Հրանդ առիթով մը բեմ բարձրանար ու իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղէր, անպայման կը յուզուէր ու կ’արտասուէր: Շա՜տ զգայուն սիրտ ունէր:
Ներող եղէք, եթէ քիչ մը անձնական երեւցող դրուագ մը պատմեմ իր մասին:
Մեծ մօրս եղեռնի յուշերը գրաշած էի ու Պր Հրանդին դիմած, որպէսզի սրբագրէր եւ իր կարծիքը յայտնէր: Պր Հրանդ շատ պարտաճանաչ էր, երբ գործ մը ստանձնէր, անմիջապէս կը կատարէր, չէր սիրէր յետաձգել:
Գիրքը սրբագելէն ետք, երբ գրասենեակ գացած էի, քանի մը մատնանշումներ կատարեց մեծ մօրս յուշերուն մասին, յետոյ թուղթերուն տակէն ուրիշ բարակ գրքոյկ մը հանէց եւ ըսաւ. «Հրա՛յր, այս գիրքը քեզի պիտի տամ, կարդա՛ ու պահէ՛»: Մէկ նայուածքով կարդացի վերնագիրը. «Ինչպէ՞ս գտայ հօրաքոյրս սիրելի», Հրանդ Աճէմնեան, Լոս Անճելըս, 1996: 24 էջերէ բաղկացած ու անգլերէնի թարգմանուած: Նոյն գիշերը, արդէն իսկ կարդացած էի գրքոյկը:
Կարդացի Պր Հրանդի ընտանեկան պատմութիւնը: Հոն արձանագրուած ու հիւսուած էին ցիր ու ցան եղած ընտանեկան անդամները ու մանաւանդ իր չճանչցած հօրաքոյրը:
Հոն աւելին կար, քան պարզ պատմութիւն. հոն Պր Հրանդին մանկական ու պատանեկան սիրոյ արտայայտութիւնը կան, հոն Պր Հրանդին ազգային արմատներուն արժէքները կան, հոն անծանօթ հօրաքրոջ յայտնութիւնը կայ, հոն Պր Հրանդին կրթութեան հեղինակութիւնը կայ, հոն Պր Հրանդին մարդկային իմաստութիւնը կայ: Այո, միայն 24 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մըն է, ընթերցողին հոգին գրաւող ու յուզիչ, բայց նոյն ժամանակ ուրախութիւն պատճառող գրութիւն մըն է: Այդ էջերուն մէջ Պր Հրանդին սրտին բաբախումը կը լսէք, Պր Հրանդին աչքին լոյսը կը տենէք, Պր Հրանդին Հայ ըլլալու տանջանքը կը զգաք, այդ էջերուն մէջէն Պր Հրանդը, այո Պր Հրանդը՝ մա՛րդը պիտի ճանչնաք:
Շատ սիրելի Պր Հրանդ, ճիշդ է որ դուն այս աշխարհէն ֆիզիքապէս կը հեռանաս ու կը բաժնուիս մեզմէ, բայց քու յուշերովդ ու անուշ բնաւորութեամբդ անմոռանալի պիտի մնաս քու հարազատներուդ, բարեկամներուդ ու ընկերներուդ սրտերուն մէջ: Շնորհակալութիւն քու բոլոր ըրածներուդ համար, հայութեան, ազգին ու մասնաւորապէս Եկեղեցիին սիրոյն: Քու վաստակդ պիտի չկորսուի:
Քեզ մտիկ ընող ու քեզ միշտ յարգող`
Հրայր Շէրիքեան
