Դաշնակցական երիտասարդներու տպաւորութիւնները` ՀՅԴ 12-րդ համահայկական բանակումին մասին

Դաշնակցական երիտասարդներու տպաւորութիւնները` ՀՅԴ 12-րդ համահայկական բանակումին մասին

Ամրապնդեցինք ՀՅԴ-ի Գաղափարին Ծառայելու Մեր Հաստատակամութիւնը

ՀՅԴ համահայկական երիտասարդական եւ ուսանողական բանակումները պատմականօրէն հիմնաքարը հանդիսացած են դաշնակցական  երիտասարդութեան համախմբումին: Դաշնակցականին համար կազմակերպութեան չափ էական է նաեւ կազմակերպուածութիւնը եւ այս բանակումը, իր էութեամբ, արդէն իսկ կը նպաստէր աշխարհասփիւռ Դաշնակցութեան ընտանիքի երիտասարդութեան կազմակերպուածութեան:

Այս տարի եւս աւելի քան 350 դաշնակցական երիտասարդներ, աշխարհի զանազան անկիւններէն համախմբուած, ձայն բարձրացուցին մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած հարցերուն շուրջ` նպատակ ունենալով միաւորել ջանքերը ի սպաս հայրենիքին, ի շահ միացեալ պայքարին:

Բանակումի օրակարգը բեղուն էր, իմաստալից ու նպատակասլաց: Դժուար է բառերու մէջ ամփոփել ութ օրուան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտն ու գործադրուած ծրագիրները, սակայն կարելի է հաստատել, որ ամէն մէկ այցելութեան, ամէն մէկ քննարկումի եւ ամէն գիշեր խարոյկին շուրջ կը տիրէր նոյն ոգին` գաղափարին ծառայելու հաստատակամութիւնը:

Սարդարապատն ու Եռաբլուրը անբաժան մաս կազմեցին այս բանակումին: Ո՛չ միայն վայրեր, այլ խորհրդանիշներ` դաշնակցականի կեանքին մէջ: Խորհրդանիշներ` «Մահ կամ ազատութիւն» գաղափարին, որուն շուրջ կը ձեւաւորուի դաշնակցականի մը ամբողջ էութիւնը:

Էջմիածնի Մայր Աթոռ այցելութիւնը լուսարձակի տակ առաւ մեր երդումը` պաշտպանել ազգային ու հոգեւոր արժէքները: Իսկ Ծիծեռնակաբերդի եւ «Նեմեսիս»-ի արդարութեան յուշարձաններուն այցելութիւնները պատգամ էին` ե՛ւ բարեկամին, ե՛ւ թշնամիին: Այս էր պատգամը այս բանակումին, եւ այս է Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը, որ նոյնիսկ խնճոյքի սեղանին շուրջ կը յիշէ եւ կը փառաբանէ ազգի հերոսները` համեստօրէն ուխտելով շարունակել անոնց գործը: Այս տրամադրութիւնը տիրական էր խարոյկին շուրջ ամէն գիշեր, եւ այս ոգիով ընթացան բանակումի մեր բոլոր աշխատանքները:

Բանակումին «Պիտի՛ վերադառնանք» կարգախօսը իր մէջ կը կրէ բազմազան իմաստներ ու մեկնաբանութիւններ, սակայն անոնց էութիւնը կը մնայ մէկ` վերադարձ դէպի ակունք, դէպի հայրենի հողեր, դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան: Հոն, ուր կը սկսի մեր ժողովուրդին պատմութիւնը:

Ամբոխները չեն կրնար պատմութիւն փոխել, եւ մենք ամբոխ մը չենք: Մենք ենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը եւ կը գիտակցինք, որ ազգիս բարօրութիւնը կը սնանի զոհողութեան սեղանէն:

Այդ պատմութեան շարունակականութիւնը կը պահանջէ որակաւոր զոհողութիւն:

Այս բանակումը բացի գաղափարական իր բնոյթէն` եղաւ նաեւ կազմակերպական ու քաղաքական դպրոց: Նպատակը յստակ էր` բարձրացնել դաշնակցական երիտասարդութեան կարողութիւններն ու քաղաքականացման մակարդակը, որպէսզի անոնք աւելի կազմակերպուած կերպով նետուին աշխատանքի դաշտ:

Բանակումին աւարտը հրաժեշտէ աւելի` խոստում մըն էր գաղափարակից ընկերներու միջեւ` յաջողութիւն մաղթելով զիրար եւ բոլորիս աշխատանքին: Վստահ եմ, որ այս բանակումը նոր թափ պիտի տայ մեր աշխարհասփիւռ աշխատանքներուն: Ուստի ես ալ, իմ կարգիս, յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր բոլոր աշխատանքներուն, ընկերնե՛ր:

Մինչ յաջորդ հանդիպում:

ՄՈՎՍԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ

Share