«Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերը ամբողջովին պիտի գործեն առցանց դրութեամբ

«Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերը ամբողջովին պիտի գործեն առցանց դրութեամբ

Յայտարարութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, կը տեղեկացնեն, թէ «Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերը ամբողջովին պիտի գործեն առցանց դրութեամբ։

Մէկ դարէ աւելի, «Հայրենիք»-ն ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ն եղած են այն կամուրջը, Ա․Մ․Ն․-ի եւ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն մինչեւ հայրենիք։ Մեր թերթերուն էջերը արձագանգ դարձած են պայքարի մը, որ երբեք չէ նահանջած, ժողովուրդի մը, որ թէ՛ յաղթական եւ թէ՛ ցաւալի հանգրուաններուն, իր խօսքը ունի ըսելիք։

Այսօր, մենք չենք փակեր էջ մը, այլ կը բանանք անսահման դարպաս մը։ Մեր մամուլը կը թեւակոխէ նոր փուլ մը, ուր լուրը կը հասնի անյապաղ, ուր խօսքը ծնունդ կ՛առնէ զուգահեռ ընթերցողի շունչին հետ։

Առցանց դրութիւնը նահանջ չէ, այլ վերածնունդ։ Մեր ուղեգիծը կը մնայ անփոփոխ՝ վստահելի լրագրութիւն, ազգային շահերու պահպանում եւ անաչառ ծառայութիւն։ Նոր հարթակները առիթ պիտի ընծայեն, որպէսզի կատարուին լուրերու եւ տեղեկութիւններու արագ փոխանցումներ, զրոյցներ եւ ուսումնասիրութիւններ։

Թերթը այլեւս չ՛ըլլար սեղանի վրայ մոռցուած տպագիր էջ մը, այլ կենդանի հոսք՝ միշտ հասանելի եւ նոր աւիշով լեցուն։

Կը խոստանանք, որ առցանց «Հայրենիք»-ն ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ն պիտի յարատեւեն, կառչած մնալով իրենց արմատներուն։ Իրենց սուրբ նպատակն է մնալ մաքուր լրագրութեան պահապան, Հայ Դատի քարոզիչ ձայն եւ հայ համայնքներու համախմբման հլու կամակատար։ Նոր տեսլականով անոնք պիտի դառնան աւելի հասանելի եւ համահունչ։

Մեր ընթերցողներուն համար՝ թուղթը յաճախ եղած է առօրեայի անբաժան մասնիկ մը՝ սուրճի հետ ընթերցում կամ ամենայն հոգատարութեամբ ծալուած էջեր, ետեւի գրպանին մէջ զետեղուած։ Բայց այդ կապը պիտի չկորսուի։ Ան պիտի բարեփոխուի՝ դառնալով աւելի իւրայատուկ եւ ազդեցիկ։

Եկէ՛ք մեր մամուլի արժէքը չբաղդատենք անշարժ էջերով, այլ անոր շարունակական շունչով։

Այսպէս, նոր արշալոյս կը բացուի մեր մամուլին համար՝ այլեւս չսահմանուած քանակով կամ էջերով։ Ընդարձակ է մեր հորիզոնը։ «Հայրենիք»-ն ու «Արմինիըն Ուիքլի»-ն նաեւ կը խօսին ձայնով մը, որ կը հասնի շատ աւելի հեռու, կը լսուի շատ աւելի բարձր, եւ անշուշտ կը պատկանի բոլորին։

Մամուլը այսօր ո՛չ թէ կը մարի, այլ կը բոցավառի։ Ոչ թէ կը լռէ, այլ կը բազմաձայնուի։ Այս մէկը աւարտ մը չէ․ այլ թռիչք մըն է, առցանց հայ մամուլ մը՝ խոր արմատներով եւ լայն հորիզոնով։

Մենք բոլորս, միասին, կը դարձնենք այս էջը՝ թուղթին խշխշոցէն փոխադրուելով լուսաւոր պատուհան։ Նոր էջ մը կը բացուի՝ նոր լոյսով, նոր խոստումով, նոյն հաւատքով։

Հ․ Յ․ Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ 

Յունիս 26, 2025

Share