Փափուկ Ուժ, Դժուարահաս Թիրախներ
Հայու անհատական եւ հաւաքական գիտակցութեան դաւադիր թունաւորում մը տեղի կ՚ունենայ երկար տարիներէ ի վեր հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, տկարացնելու համար հայութեան դժուարահաս թիրախները։ Այսինքն, հայկական բնական ազգային շահերը եւ հայկական բնիկ ինքնութիւնը, տկարացնելու սիրտն ու միտքը այն աննկուն տղամարդոց եւ կանանց, որոնք ամէն օր կը զոհաբերեն իրենք զիրենք՝ ի սէր Հայաստանի եւ հայութեան։
Կիսաճշմարտութիւններու, նախաճշմարտութիւններու, եւ բացայայտ սուտերու ծանօթ համատեքստաւորումը նախագծուած իրականութեան մը մէջ, կը ձեւաւորուի (բոլոր գովազդներու դասական հիմքը)։ Շատեր այս նախագծուած իրականութեան, ինչպէս կը թուի, հանգիստ անձնատուր եղած են իրենց անձնական եւ հաւաքական կեանքի շատ մը մարզերուն մէջ, եւ այժմ այս մէկը ամբողջութեամբ կ՚արտացոլուի հայկական իրականութեան բովանդակ պատկերին լայնքով։
Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, մենք այսօր ականատես կ՚ըլլանք բնիկ հայկական ազգային շահերուն դէմ կեղծ պատումներու եւ համապատասխան պետական բռնաճնշումներու աճին, մասնաւորապէս հիմա, Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու մտայնութիւն ունեցող հայ քաղաքացիներու դէմ։
Այս տեսակի կեղծ թեզի տարածումը եւ շահարկումը եղած են եւ կը մնան փափուկ ուժի առանցքը, հոգեբանական գործողութիւններու, եւ շեղումի (լուրերու կամ պատումներու վրայ դրուած դիտաւորեալ կողմնակալութիւն), որոնք որոշ ատենէ ի վեր թիրախաւորած եւ այլանդակած են հայկական մշակութային գիտակցութիւնը։
Զանգուածային կենցաղի ձեւափոխման այս գործողութիւնները նպատակ ունեցած են ի վերջոյ ստիպելու հայերը, որ հիմնովին տարբեր կերպով մտածեն իրենց անձին, իրենց ազգին ու իրենց ինքնութեան մասին։ Այս քայլերը, միաժամանակ, հիմնական դեր խաղցած են հայ ժողովուրդին համար վերջերս տեղի ունեցած համազգային բազմաթիւ կորուստներուն մէջ։
Տեղեկութիւններն ու յայտարարութիւնները իրենց պարունակէն դուրս բերելը, լրագրութեան, լուրերու եւ վերլուծութիւններու մէջ անթիւ կարեւոր փաստերն ու ճշմարտութիւնները անտեսելը, ինչպէս նաեւ քանակական տուեալներէ, ականատեսներու վկայութիւններէ եւ յատուկ աղբիւրներու նշումներէ զերծ մնալը ամբողջութեամբ մաս կը կազմեն զարգացած գործընթացի մը՝ ռազմավարական մշակոյթի վերամշակման եւ զայն հակակշռելու իմաստով։
Վերաքննիչ պատմութիւն ստեղծելը, թէ՛ մօտիկ, թէ՛ հեռաւոր, բնիկ ժողովուրդները զրկելու եւ իրենց տարածքներէն ու պաշարներէն, պատմութենէն ու մշակոյթէն, կրօնէն ու հաւատքէն, կը կազմէ միջուկը այս անգութ գործընթացներուն։
Ասիկա այն թունաւոր խառնուրդն է, որ նպատակ ունի մեզ հեռու պահելու իրարու շղթայող կապերը տեսնելէ, մինչ մենք կործանման կ՚առաջնորդուինք։
Եւ երբ այս նշանագիտական փորձերը ու մտքի խեղաթիւրութիւնը կը կիրարկուին մարդկային իրաւունքներու, բարութեան եւ կարեկցանքի ընտրովի նախատիպային մատակարարներու ձայնով ու դիմագիծով — հայ թէ օտար —, մշակութային մարդասպաններու եւ պատում ստեղծողներու ամէնէն մահացուները դիւրութեամբ հետեւողներ կը գտնեն, աւեր սփռելով վերջիններուս հոգիներուն եւ ընկերային կառոյցին վրայ։
Թէեւ այս գործակալները յաճախ կը խօսին անշահախնդրութեան տեսական լեզուով, իրականութեան մէջ սակայն, անոնք քօղարկուած, բարեկամական թուացող դէմքերն են ֆաշիզմին՝ յառաջապահ ուժը, որ կը գործէ անզուսպ, անգութ, բռնի, օտար եւ/կամ տեղական պետական, տոհմային եւ կամ անհատական շահագործման եւ կործանման համար։
Անկախ անկէ, թէ այս տարրերը, անոնք ըլլան «գրաւիչ, սնամիտ մեկնաբան», «հայրական տեսքով համալսարանական», «լաւ հայ (կամ թուրք)», «անկեղծ ժողովրդավար քաղաքական գործիչ», թէ «ճշմարտախօս հետաքննող լրագրող» նախատիպեր, անոնցմէ իւրաքանչիւրը համապատասխանաբար, բեմադրուած, «հաւասարակշռուած», «հոգատար» եւ ա՜յնքան վաւերականօրէն «անաչառ» հռչակով, արդիւնքները նո՛յնն են։
Այս մահացու կեղծ-ժողովրդավարութեան միջնորդ-վաճառողները եւ ոչ այնքան քաղաքակիրթ քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները, որոնք յաճախ առաջնորդուած եւ ղեկավարուած են օտար հետախուզական ծառայութիւններու, կամ անոնց կցուած խումբերու ներկայացուցիչներով, գործակալներով (գիտակցաբար թէ ոչ), ամէն երկիր, ուր երբեւէ մտած են, աւերած ու քանդած են։ Տե՛ս ոչ միայն վերջերս արաբական «գարուն»ներէն սկսեալ տեղի ունեցած բազմաթիւ ողբերգական իրադարձութիւնները, այլ մինչեւ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի տարածքին ագահութեան եւ այլանդակ շահերու համար իրականացուած կործանման երկար ցանկ մը։
Նոյնիսկ եթէ հրահանգները ստացուին հարեւան ռազմատենչ պետութիւններէն, անոնց ենթակայ կառոյցներէն, կամ կը փոխանցուին ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID), Բրիտանական խորհուրդի, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններուն (NGOs) եւ նոյնիսկ անոնց ոչ-արեւմտեան գործընկերներու միջոցով (ինչպէս նաեւ անոնց բնիկ հայ գործակիցները), թիրախները, հետեւանքները եւ նպատակներ միեւնոյնն են։ Կը տեսնենք եւ կը լսենք թեզերուն արձագանգը մեծահամբաւ «Նիւ Եորք Թայմզ», NPR, BBC, CNN, Ազատութիւն ռատիոկայան եւ, անշուշտ, անոնց հայկական տեղական տարբերակներուն միջոցաւ։ Իսկ երբ կը զուգորդուին ընկերային ցանցերու զանգուածային տարածումով (օտար, հայկական եւ կասկածելի դրամամիջոցներով), հայ ազգային գիտակցութեան եւ, հետեւաբար, իրական աշխարհի եւ անիրական (virtual) միջավայրերու մէջ հայ ազգային շահերու համար ծրագրային գործողութիւններու հասցուած աղէտը անչափելի է։
Ասիկա պարզապէս նիզակին ծայրն է (ոչ թէ սառցաբեկորի), որ կը խոցէ սիրտը Հայաստանին եւ հայութեան մնացորդացին …
Երբ միտքը սպանես, մարմինը պիտի հետեւի…
Ամօթ է, որ մեր ազգին դէմ ուղղուած այս «նուրբ» եւ երբեմն ոչ այնքան «նուրբ» քարոզչութիւնը (եւ անոր կործանարար իրական հետեւանքները), որ վերէն կը հրամայուի եւ վարը կը գործադրուի, կը շարունակուի առանց նոյնիսկ մեր տառապած, սպաննուած եւ տակաւին ճանաչողական խարխափումի մէջ գտնուող ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ գիտակացական նշոյլի մը, մինչ անոնք անգամ մը եւս կ՚ողջունեն իրենց պատմութիւններու վերամշակումը, իրենց իրականութեան առասպելականացումը եւ իրենց սերունդներու ուղեղի լուացումը, մինչ իրենց եւ մեր աշխարհը կը փլուզուի ուրիշներու եւ մեր ձեռքով։
Ասիկա իրողութիւն է թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, ուր հայկական անուններ կրող օտար գործակալներ նաեւ գիտակցաբար կը քանդեն մեր համայնքներու կառոյցը եւ ապագայ սերունդներու ազգային ինքնութիւնն ու ազգային միասնութիւնը՝ նոյնիսկ ամենանուիրական անհատական եւ հաւաքական մշակութային, կազմակերպչական, եւ հիմա, նաե՛ւ կրօնական տարածքներու մէջ, ամենաճակատագրական պահերուն։
Փորձագէտ գործիչներու կողմէ այս դիտաւորեալ, ռազմավարական պատումի կառուցումը, Հայաստանի իշխանութիւններուն կազմակերպած աճող բռնաճնշումներու հետ միասին (իրական աշխարհի ընտրովի տարածքներու մէջ եւ ամբողջովին անիրական (virtual) ընկերային տարածքին մէջ), զուգահեռաբար կ՚աշխատին հարեւան եւ տարածաշրջանային ցեղասպան ուժերու հետ, ուղղակիօրէն ընդդէմ հայկական բնիկ ազգային շահերուն եւ մեր գոյատեւման։
Մեր թշնամիները, երբեմն ծպտուած որպէս դաշնակիցներ (եւ երբեմն ալ… որպէս հայեր) շատ բերրի ենթահող մշակած են սուտերու եւ յաջորդող իրական անարդարութիւններու համար, որոնք կ՚ազդարարեն իրենց այսպէս կոչուած խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան այդքան սպասուած գալուստը, իրականութեան մէջ, մեզի համար յաւելեալ մահ եւ կործանում է:
Ասոնք դժոխքի հիպրիտային սարսափներն են, դժուարահաս եւ փափուկ ուժի չար ամուսնութիւնը արիւնոտ պատումի կառուցման մէջ, իրական կեանքի «համադրումն» ու կոտորածը, եւ նշանագրերով ու ծածկագրերով կը փորձեն վերաձեւել մարդկութիւնը «անաչառ վաւերագրական»ի, գիշերային լուրերու եւ ընկերային ցանցերու հոսքի լեզուին մէջ։ Ասոնք բոլորն ալ զարդարուած են «բարգաւաճումի» ու «խաղաղութեան» սուտերով, բայց լեցուած են անհանդուրժողականութեամբ եւ արհամարհանքով այն ամէնուն հանդէպ, որ մերն է եւ բնիկ է. այսինքն մեր հաւատքը, մեր ինքնութիւնը, մեր պատիւը, մեր կեանքը։
Այս ժամանակակից բռնակալները, իրենց սպասաւորներով ու մեքենայութիւններով, ժողովրդագրութիւն փոխած եւ պարտադրուած ծառայութիւններ ստեղծած են, Instagram-ի պէս այնքան աղաւաղուած, որ իրենց զոհերը չեն կրնար նոյնիսկ ճանչնալ, որ փափուկ ուժի այդ դերակատարները, յաճախ քօղարկուած որպէս «լրագրողներ», «փորձագէտներ», «ազդեցիկ դէմքեր», «օգնութիւն մատակարարողներ» եւ «բարեսէր դէմքեր», պարզապէս գերեզմանափորերն են արդէն իսկ ինկածներու գերեզմանատուներուն մէջ։
Այս աշխարհի իսկական հրէշները (Գրենդելներն ու Կոլումները, the Grendels and Gollums) կը պատրաստուին, անգամ մը եւս, մեծութեամբ եւ լայնքով Նոր աշխարհակարգի մը, եւ այդ գործընթացի իրականացման համար զոհը դարձեալ Հայաստանն ու հայերս ենք, ի թիւս այլ բնիկ ժողովուրդներու։
Այս Նոր աշխարհակարգին պատրաստուելու բաղադրիչներէն է կերտել այն սերունդները, որոնք ոչ միայն պիտի չյիշեն իրենց անցեալը, այլեւ պիտի չճանչնան ապագան կերտող ներկան, ոչ ալ իրենց դերը անոր մէջ։ Այսպիսով պիտի ստեղծուին սերունդներ, որոնք մշակուած են այնպէս մը, որ այլեւս երբեք իրենք զիրենք պիտի չճանչնան։ Աւելի՛ն, իրենց հաւաքական, վճռորոշ ներկայի եւ իրենց վտանգուած ապագայի մասին որեւէ բան ընելու ուժն անգամ պիտի չզգան։
Ժամանակն է բացայայտելու խաբեբայութեան, կործանման եւ ինքնաճանաչումը խափանող այս ցանցը, որ մեզի պարտադրուած է ուրիշներու կողմէ (ներառեալ դաւաճան հայերու) եւ թոյլատրուած է մեր իսկ թմրած էութեամբ, որ կը կազմէ ներկայացուցչական եւ ծածկագրային մշակոյթի ձեւափոխութիւնը։ Սա կը նախորդէ փլուզումին այն բարքերու եւ արժէքային հիմքերուն, որոնք այլապէս հազարամեակներ շարունակ ամրացուցած են հայկական ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը հայրենիքէն ներս թէ դուրս։
Եւ առաջին քայլը, թօթափելու համար շահարկման եւ ճնշման լուծը, մոռնալն է այն սուտերն ու կեղծ ճշմարտութիւնները, որոնք մեզ պատուհասած են եւ տակաւին կը պատուհասեն, միաժամանակ՝ իրերը իրենց իսկական անուններով կոչելը, եւ մեր իսկական պատմութիւնը, արժէքները եւ այս աշխարհին մէջ մեր յատուկ տեղը սորվիլը (եւ երբեք չմոռնալը)՝ թէ մենք ո՞վ ենք եւ ի՞նչ կը ներկայացնենք մենք ու Հայկական լեռնաշխարհը։
Մի՛ թերագնահատէք ձեր թշնամիները… Անոնք երկար ատենէ ի վեր բացայայտ եւ նուրբ մեծ միջոցներ (մարդկային, ֆինանսական եւ մշակութային) ծախսած են մեզ կործանելու համար եւ միշտ մեր իսկ աչքին առջեւ։
Աւելի կարեւոր է, սակայն, որ երբե՛ք, երբե՛ք չթերագնահատէք դուք ձեզ եւ մեր ազգի աննկուն տարրը, որ ի հեճուկս բոլոր սարսափներուն, որ կրեց, եւ տակաւին պիտի կրէ, ոտքի ելլեն՝ մեծ թափով հարուածելու մեր թշնամիները՝ արտաքին եւ ներքին։
Լուռ պատրաստութիւնը մի շփոթէք անշարժ քունի հետ…
Ինը ամիս յղութիւնը ծնունդի գինն է, եւ մարդ միշտ պէտք է մէկ աշխարհ կազմաքանդէ՝ ուրիշի մը մէջ ծնելու համար…
Արա Մկրտիչեան/AKM
Շնորհակալութիւն այն անհատներուն, որոնք այս յօդուածը անգլերէն բնագիրէն հայերէնի թարգմանեցին եւ խմբագրեցին։
(Վերամշակուած 2022-ին հրատարակուած յօդուածէ մը եւ թարգմանուած անգլերէն բնագիրէն)
© Արա Մկրտիչեան