Ս. Էջմիածին կը դատապարտէ Միքայէլ սրբազանի կալանքը անփոփոխ ձգելու որոշումը

Ս. Էջմիածին կը դատապարտէ Միքայէլ սրբազանի կալանքը անփոփոխ ձգելու որոշումը

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դատապարտեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի առնչութեամբ Վերաքննիչ քրէական դատարանի 30 յունիսի որոշումը, որով կալանքը կիրարկելու մասին սկզբնական դատական որոշումը կը մնայ ի զօրու:

«Միքայէլ արք. Աջապահեանը անազատութեան մէջ պահելը խօսքի ազատութեան սահմանափակման ուղղուած պատժողական գործողութիւն է եւ ուղղակի հետեւանք իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան խօսքի», պնդեց Մայր աթոռը` յորդորելով «դատական եւ դատախազական մարմիններուն անյապաղ ազատ արձակելու անհիմն կալանաւորուած Միքայէլ արք. Աջապահեանը»:

Share