Խմբագրական
Արդէն շատ յստակ է, որ մենք՝ իբրեւ ժողովուրդ, ազգային խորը մարտահրաւէրի ժամանակաշրջան մը կը նաւավարենք, ուր կը փորձութեան կ՚ենթարկուին հայ ազգին հոգին եւ հիմնասիւները, որոնք դարերու ընթացքին պահպանած են իր ժողովուրդը։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ սրացող քաղաքական տագնապը, որ կ’ընդգծուի հանրային խօսոյթի անհանգստացնող վատթարացումով եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ աննախադէպ գործողութիւններով, պարզ քաղաքական վէճ մը չէ։ Անիկա յարձակում մըն է մեր ազգային ինքնութեան էութեան վրայ։
Եկեղեցին, հազարամեակներ շարունակ, կրօնական հաստատութենէ աւելին եղած է. անիկա մեր դիմադրողականութեան հիմնաքարն է, մեր մշակոյթի օրրանը եւ մեր տոկունութեան խորհրդանիշը Ցեղասպանութեան եւ օտար տիրապետութիւններու ժամանակ։ Ականատէս ըլլալ հայկական պետական անվտանգութեան ուժերու կողմէ Սուրբ Էջմիածնի՝ մեր ազգին հոգեւոր սրտին, պաշարումին, ինչպէս թշնամու բերդ մը զորս պէտք է գրաւել, վէրք մըն է իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին։
Հայաստանի ներկայ կառավարութեան հռետորաբանութիւնը, որ կը յարձակի մեզի իրար կապող նուիրական հիմքերուն վրայ եւ մեր հաւատքի, պատմութեան եւ մշակոյթի միաւորող հաստատութիւնները կը վերածէ պատերազմի դաշտերու, կրնայ միայն ծառայել մեր հակառակորդներուն եւ թշնամիներուն։
Ներքին պայքարով տառապող Հայաստան մը, ուր կրօնական առաջնորդներ եւ քաղաքական բարեփոխումներու ջատագովներ կը ձերբակալուին կասկածելի հանգամանքներու տակ, վտանգաւոր կերպով խոցելի Հայաստան մըն է՝ անոնց համար որոնք կը փափաքին մեր ազգը տեսնել պառակտուած եւ մեր ինքնիշխանութիւնը վտանգուած։ Զանազան շրջանակներու լռութիւնը համաձայնութիւն չէ՛. անիկա յոգնած եւ վախցած ժողովուրդի մը լռութիւնն է եւ այս լռութիւնը հիմա պէ՛տք է կոտրել։
Ասիկա համազգային ներհայեցութեան պահ մըն է, բայց, աւելի՛ կարեւոր, գործողութեան եւ մեր հիմնարար արժէքներուն վերադարձի ժամանակն է։
Հայութեան իսկական ուժը գռեհկութեան եւ բաժանման մէջ չի գտնուիր, այլ՝ արժանապատուութեան, իմաստութեան եւ անսասան միասնականութեան մէջ, որ մեզ առաջնորդած է մեր ամենամութ օրերուն ընդմէջէն։
Նոր ղեկավարութիւն մը Հայաստանի մէջ, որ կը յարգէ մեր սրբազան հաստատութիւնները, կը պատուէ մեր պատմութիւնը եւ կը խթանէ ճշմարտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հանրային խօսոյթ մը, մեր ժողովուրդին պատուէրն է, բան մը որուն արժանի են բոլոր հայերը։
Մեր ազգային անվտանգութեան մեծագոյն պաշտպանութիւնը «հասարակութիւնն է՝ միացած նպատակի շուրջ, նոյնիսկ երբ իր կարծիքներով բազմազան է»։ Եղնինք ազգ մը, որ «ընդունակ է անհամաձայնութեան՝ առանց ինքնաոչնչացման, այնքան ուժեղ՝ որ կարողութիւն ունի միասին դէմ կանգնելու բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն մեզ տապալած տեսնել»։
Հայաստանի եւ հայ ազգին ապագան կախեալ է մեր ժառանգութիւնը, արժէքները եւ միասնականութիւնը պաշտպանելու մեր հաւաքական կամքէն։ Այս կոչին պատասխանենք այն նոյն ուժով եւ տոկունութեամբ, որ սերունդներ շարունակ բնորոշած է հայու ոգին։
- Յիշենք Մեր Ժառանգութիւնը .- Հայ Առաքելական Եկեղեցին միահիւսուած է մեր ազգային գիտակցութեան կառուցուածքին հետ։ Եկեղեցւոյ վրայ յարձակումը յարձակում է մեր ինքնութեան վրայ։ Պէտք է անոր պաշտպան կանգնինք։
- Պահանջենք Արժանապատուութիւն եւ Յարգանք .- Մեր ազգը արժանի չէ ներկայ քաղաքական խօսոյթին։ Մերժենք գռեհկութիւնը եւ պնդենք երկխօսութիւն մը, որ կը պատուէ մեր ժառանգութիւնը եւ մեր ապագան։
- Միանանք Ընդդէմ Բոլոր Թշնամիներուն .- Ժամանակն է, որ մեր հայրենիքին ու ազգին գոյատեւման ձգտող բոլոր հայերը միահամուռ կանգնին բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը սպառնան հայ ազգային անվտանգութեան շահերուն՝ մեր բնօրրան հայրենիքին ներսէն եւ դուրսէն։ Հայ ազգային շահերը բոլոր սահմաններէն անդին կ’անցնին։