Յ. Պալեան
Փարիզ
Ամէն բանի մասին կը գրուի եւ կը խօսուի, բեմերը, լրատուամիջոցները եւ ժողովները բազում են, խօսող-գրողներ ալ ալ բազում են: Դեռ ոչ ոք կազմեց ցուցակը մեր բազմանուն եւ բազմագոյն, հին, նոր եւ աճող բաժանումներուն, անոնք ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ թէ անկէ դուրս՝ Սփիւռքի: Կարծէք կոտորակումները բնական են, չեն անհանգստացներ, բարիք են: Թէեւ միշտ ցանկութիւն է «միութիւն»-ը, ո՛չ ոք անոր դէմ կը խօսի, բայց «Միութիւն»-ը կը հասկցուի ըստ բազմատեսակ եւ զիրար մերժող նախասիրութիւններու, որոնք բազմաթիւ են եւ յաճախ խիստ ենթակայական: Անոնք անկարելի կը դարձնեն հասարակ յայտարարի մը հանգելու փորձ եւ բարի կամեցողութիւն:
Կոտորուած եւ յար կոտորակուող ժողովուրդ ենք: Չենք վարանիր, ամէն առիթով, հպարտութեամբ պոռալու, որ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդն ենք, բայց չենք ըսեր թէ քանի՞ տեսակ քրիստոնեաներ ենք, ինչո՞ւ այդպէս ենք, Քրիստոսի պատգամած ո՞ր սիրոյ արտայայտութեան հետեւելով, ի՞նչ փնտռելով եւ ի՞նչ հաստատելու համար:
Փոքրիկ եւ փոքրացած ժողովուրդ ենք, նախնիներու կտակած բայց օտարուած հայրենիք ունինք, որմէ մնացած է հողակտոր մը, զոր ղեկավարելու փառասիրութիւն ունեցողներ բազմաթիւ են: Կուսակցութիւններ եւ այդպէս բաներ ունինք: Սփիւռք կոչուած հայ ազգի անորոշ սահմաններով, անորոշ թիւով եւ կոտորակներով անշրջագիծ հատուածը, իր կարգին, քանի՞ կուսակցութիւններ եւ այդպէս բաներ ունի: Բազմութիւն կայ առաջնորդելու եւ վերջին խօսք ունենալու յաւակնութիւններով: Հետեւանքը այն է, որ Հանրապետութեան մէջ, ամէն օր, ծագող լոյսին հետ կը յայտնուի նոր կուսակցութիւն մը, թերթի մը կամ անհատի մը շուրջ խմբուածներով, միշտ նոյն փառասիրութիւններով, ըլլալ պատգամաւոր, նախարար եւ այդպէս բաներ: Սփիւռքը ետ չի մնար, իր կուսակցութիւններով, նախագահներով, ատենապետներով, վարչականներով, որոնք անհամար ժողովներ կը գումարեն, յաջորդ օրը կը վերկսին, շարունակելու համար բազմապատիկ եւ կրկնուող մարգարէական կարծիքներու դատարկաբանութեան տօնը, մամուլով եւ անդուռ աշխարհատարած համացանցով անթիւ եւ անհամար տեսակէտներ կ’արտայայտուին, քննադատաութիւններու անվերաջանալի տողանցք կայ լսողները, եթէ կան, շուարւմի կը մատնուին:
Եթէ գիտնայինք թէ ո՞ւր կը սկսի անհեթեթի սահմանը եւ ո՞ւր կ’աւարտի, իրատես կ’ըլլայինք, նուազ կը պառակտուէինք, թէեւ անհեթեթը տեսնել եւ անոր մասին խօսիլ մեղանչում է ներսի եւ դուրսի նոմանգլատուրաներու դէմ, հանգամանաւորներու դէմ:
Առասպել չէ ինչ որ պիտի յիշեմ, տեսած եմ, չեմ հնարեր:
Եւրոպա, փոքրիկ երկրի մը ծովափնեայ փոքրիկ քաղաքի մը, նոյն անշուք շէնքին մէջ, տեսած եմ տարբեր կողմնորոշումներու պատկանող երկու իրապէս «դրկից» ակումբներ: Խաղաղական ովկիանոսէն անդին գտնուող քաղաքի մը հայերը, նոյն եկեղեցիի բակին մէջ, ունին «պատկից» երկու տարբեր հայկական դպրոցներ: Նիւ Եորքի մէջ, նոյն փողոցին մէկ ծայրը եւ միւս ծայրը, կան Հայաստանեայց եկեղեցիի երկու տարբեր առաջնորդարաններ, անոնց պատկերով, Լոս Անճելըս, նոյն փողոցի երկու ծայրերը կան երկու եկեղեցիներ, իւրաքանչիւրը կապուած մէկ կամ միւս առաջնորարանին, Պէյրութ, փողոցի մը աջ մայթին վրայ կար հայկական վարժարան մը, փողոցի միւս մայթին վրայ կառուցուեցաւ ուրիշ հայկական վարժարան մը, միշտ մեր աւանդութիւն դարձած բաժանման ըմբռնումներու տուրք տալով… Մի՛ հարցնէք թէ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս: Կացութիւնը ծանօթ է:
Սփիւռքի հայաշատ քաղաքի մը մէջ կը հրատարակուին երեք հայկական օրաթերթեր նաեւ՝ շաբաթերթեր, կարծէք հոն հայերը միլիոն են: Այս դասական պատկեր է:
Գումարուեցան նորանուն կազմակերպութիւններ, հայատառ թերթերու կողքին, յայտնուեցան օտարալեզու թերթեր, աւելցան արեւելահայերէն թերթեր, շատեր հիմա նաեւ «արդի հայերէն» են, հասկնալ՝ «աբեղեանական» ուղղագրութեամբ եւ տառադարձուած հազարաւոր «նորահայերէն» բառերով, որոնք ո՛չ հեռուէն ո՛չ մօտէն կապ ունին հայերէնի հետ, անոնցմով կը կարծուի տուրք տալ արդիականութեան: Այդ բառերը Մեսրոպի հայերէնին հետ առնչութիւն չունին: «Հազարաւոր»-ը ենթադրութիւն չէ, չափազանցութիւն կամ բանավէճային չէ: Եթէ անգլերէն կամ ֆրանսերէն չէք գիտեր, այս նորահայերէն բառերը չէք հասկնար:
Կը յիշեմ սրտցաւ հայ մեծ արուեստագէտ եւ մտաւորական Սօս Սարգսեանի ահաւոր սրտի խօսքը, զոր չլսեցինք, չենք լսեր, այն՝ որ «ՄԵՍՐՈՊ ԼԵԶՈՒՈՎ ՄԻԱՑՈՒՑ ԱԶԳԸ, ՄԵՆՔ ԼԵԶՈՒՈՎ ԲԱԺՆԵՑԻՆՔ»: Բաժանումները կը շարունակուին, ոմանք հայերէն, դատարկ հայրենասիրութիւն խաղալով կ’ըսեն, թէ «կ’ատապտապցուին: «Պատշաճիլ» բառը հին է եւ ժամանակավրէպ…:
Կը հոլովենք ազգ, մշակոյթ, հայրենիք, այդ բառերու իմաստը նօսրացնելով, կը գործենք եւ կ’ առաջնորդուինք այնպէս, որ կարծէք նոյն արմատներու, նոյն պատմութեան եւ նոյն ծննդոցի շարունակութիւն չենք :
Սօս Սարգսեանի տագնապեցնող դատումը շարունակութիւնն է թութակաբար յիշուող Խաչատուր Աբովեանի մարգարէաշունչ պատգամին, զոր միշտ պէտք է յիշել եւ յիշեցնել, քաղաքական եւ գաղափարական կարգախօս դարձնել, այդ պէտք է հասկնան, ներսի եւ դուրսի համացանցի եւ խօսափողի ախոյեանները: Հայելիին մէջ եւ մեր շուրջը նայելով, բաւարար չափով եւ իրապէս չենք լսեր, թէ ի՞նչ ըսած է Խաչատուր Աբովեան: Այդ խօսքը, եթէ որպէս կանոն արաձանագրուի պաստառներու վրայ եւ կախուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի, թերթերու խմբագրատուներու եւ ակումբներու սրահերուն մէջ, նաեւ՝ Ազգային Ժողովի եւ նախարարութիւններու, եկեղեցիներու, քայլ կը նետենք ՀԱՅ ԱԶԳ ըլլալու եւ մնալու ուղիին վրայ:
Խաչատուր Աբովեան «իզմով եւ իստ»-ով չի խօսիր: Ան իր խօսքը չի պաճուճեր, Մարգարէի իր խօսքը ԹՈՒՂԹ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ է :
Կ’ըսէ. «Ա՜խ, լեզուն, լեզուն. լեզուն որ չըլլի,մարդ ընչի՞ նման կ’ըլլի: Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն է ու հաւատը: Լեզուդ փոխի՛ր, հաւատդ ուրացի՛ր, էլ ընչո՞վ կարես ասիլ, թէ ո՞ր ազգիցն ես»:
Մեր բաժանումները, ներսը եւ դուրսը, թափով կը շարունակուին: Կը մտածե՞նք, որ բազմաթիւ լեզուներով խօսող հայերը, կորսնցնելով հայերէն բառի եւ գիրի հարազատութիւնը, վերջնական օտարման եւ անվերադարձի զառիթափին վրայ են, վաղ թէ ուշ, պիտի հեռանան ինքնութիւն կերտող եւ պահող նախնիներու բազմաբնոյթ հոգեմտաւոր ժառանգութիւն-յիշողութիւններէն, պիտի բաժնուին ազգապահ արժէքներէ եւ կառոյցներէ, ժառանգութիւն պիտի օտարեն, իրենք ալ պիտի օտարուին: Ոմանք պիտի փորձեն գիրք գրել, ինչպէս այդ կ’ընեն Ամերիկայի Ազդեկներու, Ինքաներու կամ Եգիպտոսի բուրգերու մասին:
Նահանջը կը շարունակուի համացանցի վրայ աճող եւ «արդիական» եւ «լատինատառ» հայերէնով: Երբ բառ եւ տառ հայերէն չեն, մեսրոպեան չեն, ո՞ւր պիտի ըլլայ Հայը, զայն ինքնութեան ո՞ր յատկանիշներով պիտի ճանչնանք:
Ամէն բանի մասին կը խօսինք, բայց չես գիտեր ո՞ր մսկոտութեան տուրք տալով, այս աւեր գործած եւ գործող ազգային նահանջին դէմ չենք պայքարիր բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ եւ յեղափոխական յանձնառութեամբ, որպէսզի չլուծուինք անմիտ բառերու հեղեղին մէջ:
Մեր զանազան բնոյթի բաժանումները եւ զանոնք սնուցող խօսք ու բառ, ո՞ւր պիտի հասցնեն զանազան նոր անուններով եւ պատկանելիութիւններով հայերը, անոնք ըլլան «իրական Հայաստան»-ի թէ Ֆրանսայի, Ամերիկայի, Ռուսիոյ հայեր, որոնց վրայ բարդուած են հայրենիք լքողները, որոնք կ’ըլլան նոր բելգիահայեր, նոր իրլանտահայեր, նոր գերմանահայեր, նոր նորվեկահայեր … հին եւ նոր կազմուող համայնքներու մէջ, Նոր Զելանտա կամ Շուէտ, ուր հասած են եւ կը հասնին սուրիահայեր, իրաքահայեր, արցախահայեր, պարսկահայեր… Հայերու տեսակներուն ցանկը կազմող պիտի գտնուի՞…, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՞ւր է ազգը, ո՞ւր են հայերը, ի՞նչ են: Յիսուն տարի վերջ, որ հեռու ժամանակ չէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ եւ ո՞ւր պիտի ըլլայ հայ ազգը, «դուք հոն, մենք հոս»ի զիրար մոռցողներ, սպասման սենեակներու մէջ կամ յաւերժի անկողմնացոյց արմատ կորսնցուցած ճամբորդներ:
Պետութիւն, կուսակցութիւններ, եւ բաւաբար բազմացող «կազմակերպութիւններ», իրապէս որպէս օրակարգ ունի՞ն «ՄԻԱՑՈՒՄ»-ը, որ չըլլայ խօսք, այլ ըլլայ բաժանումներու դէմ հաւաքական պայքարի քաղաքականութիւն:
Ֆրանսական հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցաւ կին մը, որ ներկայացաւ որպէս ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Ֆրանսայէն դուրս հաստատուած ֆրանսացիներու, արտերկրի ֆրանսացիներու, ընտրուած ներկայացուցիչ, որ նաեւ նախարար է: Հայկական պետութեան Ազգային ժողովին մէջ, կա՞յ նոյն օրինակով մէկ ընտրուած լիազօր պատգամաւոր: Ինչո՞ւ չկայ: Անոր բացակայութիւնը կը վկայէ՞ այն մասին, որ բաժնուած ըլլալ եւ մնալ ընդունած ենք, եւ ան պիտի տեւէ որպէս կանոն: Ի դէպ, պէտք է մտածել այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ Սփիւռքի որպէս ազգի անանջատելի մաս ճանաչման արձանագրութիւն չկայ:
Կը սիրենք առատաբան ժողով, համաժողով, խորհրդաժողով գումարել: Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին ՄԻԱՑՄԱՆ առաջադրանքով խորհրդաժողովի մը արժանի չէ՞ հայ ազգը, գոյութենական պահանջ չէ՞ բաժանումներու վերացումը, գերանցումը տարակարծութիւններու, մրցակցութիւններու եւ «հանգամանաւորական» ախտի: Ո՞վ պիտի պահանջէ, նախաձեռնէ, խմբէ:
Կը յայտնուի՞ այդ պատմական դերին ԿՈՉՈՒՄով նախախնամական Միութիւն-Միացում կրող անձը, որուն երախտապարտ պիտի ըլլայ ԱԶԳը, հաւատալով՝ որ ԱՊԱԳԱՅ ԿԱՅ :
Պարոյր Սեւակ ըսած էր. «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք…»: Չէր ըսած. ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ըլլալ եւ բազմանալ առանց միացման…
Ազգի պատմութեան ներկայ հանգրուանին, մեծին եւ պզտիկին անմիջական եւ անսեթեւեթ պարտքն բաժանումներու դէմ պայքարի իրա՛ւ համահայկական քաղաքականութիւնը, որպէսզի չանհետանանք:
Միշտ յիշե՛լ եւ կրկնել, որ վաղը միշտ ուշ է: Երբ ուշ է, որպէս ի՞նչ եւ ինչո՞ւ շատանալ երբ բաժնող, բաժնուած եւ միացնող պիտի չըլլան …
